Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատանայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Առաջին Մասնաճիւղը Պատմական Խմբանկարի մը Առիթով

1920

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հօրս Յուշերէն

Ինծի չիյնար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով խօսիլ եւ կամ ճշդում կատարել։ Սակայն երկու բարեպատեհ առիթներով կարողացայ հարիւրամեայ անծանօթ խմբանկար մը պատահմամբ տեսնելու եւ հաստատելու թուականն ու վայրը։ Մօտ քսան անդամներու խմբանկարը առաջին անգամ տեսայ լուսահոգի Արա Ահարոնեանի մէկ կարեւոր յօդուածին առնչութեամբ երբ կը գրէր մօտաւոր անցեալի Կուսակցական իր տարեց վաստակաւոր ընկերներու մասին այնքան հեղինակաւոր բովանդակութեամբ իր վերջին գիրքը՝ «Երախտաւորներու Ուղիներով»։ Հոն կը տեսնէի անծանօթ խմբանկարը, զարմացումով կը քննէի զայն ու դիմելով մեր սիրելի Արային եթէ կրնար թուականի եւ կամ անձի մը կամ անձերու անուններով հաստատել զայն։ Իր պատասխանը բաւարար չեղաւ, բայց պատիւ իրեն զայն հին արխիւներէն ազատած ըլլալուն համար։

Երկրորդ առիթը որ հնչեց յիշողութեանս մէջ հօրս Եղիա Արզումանեանի իր երեք տղոց գաղթականութեան օրերու տխուր պատմութիւնը կ՛ըլլար երբ կը պատմէր Էվէրէկէն Կիլիկիա իրենց բռնի գաղթը, մօրը եւ երկու քոյրերուն հետ 1915 Յուլիսին։ Խմբանկարը, բաւական յստակ դէմքերով, պահած եմ տեղ մը եւ այս պահուս դժբախտաբար չկրցայ գտնել զայն, չեմ յիշեր ո՛ւր պահած եմ։ Երբ կարեւոր բան մը կը պահես այդ ալ կը պատահի։ Պիտի գտնեմ օր մը, եւ սակայն կը յուսամ որ Կուսակցութեան վերաբերեալ վերջերս գրուած հատորներէն մէկուն մէջ շատ հաւանաբար հրատարակուած ըլլայ, ինչպէս Ահարոնեան ինք զետեղած է իր կարեւոր հատորներուն մէջ։ Վստահաբար նկարը կը ներկայացնէ Ատանայի ՌԱԿի առաջին մասնաճիւղը։

Հայրս կ՛ըսէր թէ Ատանայի մէջ ապահովութիւն կը տիրէր Միհրան Տամատեանի եւ Վեհափառ Տ.Տ. Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսի ներկայութեամբ, եւ ինք քսանամեայ տեղւոյն ՌԱԿի գլխաւորներէն վանեցի Լեւոն Աճեմեանի կողմէ կը հրաւիրուէր անդամագրուելու։ Անդամատետրն ալ մեզի ցոյց տալով որ այժմ ի պահ կը մնայ եղբօրս քով զոր թուականով ստորագրած է Լեւոն Աճեմեան։ Աճեմեան յետագային Գահիրէ փոխադրուելով մտաւորական դասին յայտնի դէմքերէն մին կը հանդիսանար։ Հայոց Պատմութիւն կ՚աւանդէր մեզի Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ երբ ինքս կ՚աշակերտէի։ 1947-ին Հայաստան ներգաղթեց ու հոն կանխահաս մահացաւ։

Հայրս կ՚ըսէր թէ կիլիկեցիք Ատանա կը վերադառնային եւ յոյս կար այնտեղ հաստատուելու մինչեւ իսկ դերձակի իր խանութը բանալով։ Տարի մը ետք սակայն գաղթ վերստին։

Խմբանկարը զիս պահ մը զարմացուց երբ հօրս յուշերը եւ իր անդամակ-ցութիւնը ՌԱԿին, երեքը մէկ, զիրար կը գտնէին, երբ ամենէն երիտասարդը նկարին առջեւ երկուքով գետին նստած, աջին հայրս է, եւ երրորդ շարքին ամենէն առաջինը ձախին՝ Լեւոն Աճեմեան։ Ամէն ինչ հաշուի առնելով ապահովաբար կարելի ըսել որ խմբանկարը Կուսակցութեան Ատանայի կամ Կիլիկիոյ հարիւրամեայ մասնաճիւղը կը ներկայացնէ։ Յոյս ունիմ որ օր մը անդամոց անունները կը բնորոշուին, ապահովաբար նկատի ունենալով երկուքը որոշապէս հաստատեալ՝ Լեւոն Աճեմեանն ու հայրս։

Կաթողիկոսն ու Սիսի Աթոռը

          Վեհափառ Տ.Տ.Սահակ Բ Խապայեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը միշտ կը      յուսար Սիս իր Աթոռը վերադառնալ, միջնորդութեան ամէն ճիգ ընելով Եւրոպական պետութեանց մօտ անձամբ պաշտօնական այցելութիւններով։ Մինչ այդ Հայրապետը Ատանան ապահով կը նկատէր որպէս առժամեայ Աթոռ իր երկու եպիսկոպոսներով Եղիշէ Կարոյեանի եւ Պետրոս Սարաճեանի։ Կար նաեւ Ֆրանսայի նեցուկը, իբր թէ վստահելի, երբ հայ Լեգէոնականներ միացան ֆրանսական բանակին, յատուկ ռազմավարական փորձեր կատարելէ ետք, կռուեցան ֆրանսական բանակի կողքին Արարայի մէջ (Պաղեստին,) տալով նոյնիսկ 23 նահատակ զինուորներ։ Ֆրանսան փորձեց հայոց վերադարձը Կիլիկիա, մի քանի հազարներով հայ զինուորականներ Մերսինէն մտան Կիլիկիա, եւ սակայն Ֆրանսայի հաշիւը տարբեր եղաւ, երբ Մուսթաֆա Քեմալ միջազգային ատեաններու զօրակցութեամբ տիրացաւ նաեւ Կիլիկիոյ։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Յարգելի Խմբագրութիւն Նոր Օրի
    Յիշեալ խմբանկարը ի վերջոյ ղրկուեցաւ ձեզի եւ կը յուսամ ստացած ըլլաք։ Հարկ է վերեւի գրութեան անպայման կցել զայն։ Կրկին կը ղրկեմ վստահ ըլլալու համար։
    Տէր Զաւէն Արզումանեան

Comments are closed.

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ