Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Հարիւրամեակը

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը մէկ դար եղած է պատնէշի վրայ, նեցուկ կանգնելով նախ մեր հայրենիքին՝ անոր լաւ եւ վատ օրերուն, ինչպէս նաեւ մեր հաւատքի կեդրոն Սուրբ Էջմիածինին եւ սփիւռքի տարածքին՝ անոր ենթակայ առաջնորդական աթոռներուն ու եկեղեցիներուն։   

Իր դրական կեցուածքին համար՝ ան յաճախ քննադատուած է նոյնիսկ քոյր կուսակցութիւններու կողմէ։ Միջին Արեւելքի մէջ մեր նուիրեալ կուսակցականները յաճախ ամբաստանուած են որպէս համայնավար եւ առ այդ հալածուած ու երբեմն ալ բանտարկուած, այդ երկիրներու նախապաշարուած կառավարութեանց կողմէ։

Որպէս համայնավար ամբաստանուածներու շարքին կարելի է յիշել իմ աներս՝ հանգուցեալ ընկեր Պօղոս Տագէսեանը, որ Պէյրութի մէջ ունէր դեղարաններուն մեծաքանակ դեղորայք հայթայթելու խանութ։ Լիբանանի պատկան իշխանութիւնները եկած են մինչեւ իր խանութը, զինք առաջնորդելու բանտ՝ սակայն ազդեցիկ միջամտութեամբ մը յետս կոչեր են իրենց առաքելութիւնը . . .

ՌԱԿ-ը հպարտ է իր ազգային, քաղաքական, եկեղեցական եւ մշակութային գործունէութեանց ծիրին մէջ տարած նուիրեալ աշխատանքով։  Հոս կարելի է յիշել երկու կարեւոր նախաձեռնութիւն, զորս ՌԱԿ-ը դարձուց հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ գաղութներուն համար։

Առաջին՝ ՌԱԿ-ի հեռատես եւ իմաստուն ղեկավարներն էին, որոնք լաւ յարաբերութիւն մշակած ըլլալով հայրենի պետականութեան հետ եւ անոնց վստահութիւնը շահած ըլլալով, կրցան հարիւրաւոր երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ եղած հայորդիներ ղրկել Երեւան՝  համալսարանական ձրի ուսում ստանալու համար։

Միջին Արեւելքի տարածքին համալսարանական ուսում ստանալը, մանաւանդ ուսումնական հռչակաւոր հաստատութեանց մէջ, բաւականին սուղ է։ Առաւել՝ մուտքի պայմաններն ալ շատ դժուար են հոն, քանի տրամադրելի տեղերէն շատ աւելի դիմումնագիրներ կը ստանան անոնք։

Այսօր սփիւռքը ողողուած է Հայաստանի համալսարաններէն շրջանաւարտ եղած եւ յաջողութիւն գտած բժիշկներով, երկրաչափերով  եւ հայերէն լեզու ու գրականութիւն դասաւանդող ուսուցիչներով։ Այս բոլորը ի պատիւ ՌԱԿ-ի արթուն ղեկավարութեան եւ ուսումնատենչ երիտասարդներուն օգնելու իրենց պատրաստակամութեան շնորհիւ։

Երկրորդ՝ ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը օգտագործելով իր մշակութային թեւը հանդիսացող Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, կրցաւ մշակութային գործունէութեանց կամուրջ մը հաստատել հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ։

Այսպէս, ԹՄՄ-ի կազմակերպութեամբ Հայաստանի երգի պարի համոյթը (անսամպլը) հիւրախաղերով այցելեց սփիւռքի հայահոծ օճախները, գոհացնելով մեր պապակը եւ հպարտութեամբ լեցնելով մեր սրտերը։

Ասոր յաջորդեց Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբի հաւաքականին այցելութիւնը եւ նաեւ Սունդուկեանի անուան պետական թատերախումբի այցելութիւնը։ Իսկ փոխադարձ այցելութեամբ՝ Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբը հիւրախաղերով գնաց Հայաստան եւ խանդավառեց հայրենի թատերասէր հասարակութիւնը։

Երբ իմացայ որ ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» շքեղ սրահին մէջ, սիրտս խանդավառութեամբ լեցուեցաւ։

Ինչո՞ւ, որովհետեւ յիշողութիւնս զիս ետ տարաւ մինչեւ 1985 թուականը, երբ նոյն սրահին մէջ՝ որ այն ժամանակ կը կոչուէր Աղաճանեան սրահ, կուսակցական երդումս տուի 60-ի մօտ այլ նորընծաներով։ Մեր կնքահայրն էր յարգուած հեղինակ, սիրուած խմբագիր եւ յայտնի հրապարակախօս Ընկեր Անդրանիկ Անդրէասեանը։

Նոր հարիւրամեակի մը սեմին, յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթեմ մեր սիրելի կուսակցութեան եւ անոր երիտասարդ ղեկավարութեան։ Վարձքերնիդ կատար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ