Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Արաքսը Իր Վրայ Կամուրջներ Չի Հանդուրժեր

Տեսակէտ

Դոկտ․ ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ․ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութեան հետ բանակցութիւններու աւարտին, Իսրայէլ կրցաւ իր երկրին մէջ ապրող Ողջակիզման (Հոլոքոսթ) արհաւիրքէն վերապրողներուն համար տարեկան 20 միլիոն շեքելի յաւելեալ վճարում ապահովել։ Իսրայէլի կառավարութիւնը իսկոյն վաւերացուցած է այս համաձայնագիրը։ Ողջակիզումէն վերապրած շուրջ 3700 հոգի, որոնք ներկայիս Իսրայէլի մէջ կ’ապրին եւ թոշակ կը ստանան Գերմանիոյ կառավարութենէն, իրաւասու են գանձելու վերոնշեալ յաւելեալ վճարումէն իրենց հասնող բաժինը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Իսրայէլի մէջ Գերմանիայէն թոշակ ստացող բոլոր անձինք այսուհետեւ իրաւասու պիտի ըլլան ընդունելու լրացուցիչ 100 եւրօ ամսական մը, այսինքն իրենց ցարդ ստացած թոշակին վրայ տարեկան 4500 շեքել հաշուող գումար մը եւս։ Ասկէ բացի, տարեկան 500.000 եւրոյի չափ յաւելեալ գումար մը պիտի տրամադրուի Ողջակիզումէն վերապրող այն անձերուն, որոնք տարատեսակ հիւանդութիւններու՝ տկարամտութեան, մոռացկոտութեան, այլասերման կամ գիտակցական կորուստի ախտերէ կը տառապին։ Գերմանիոյ նիւթական օժանդակութիւններն, այսպէս, կ’աւելնան 300 միլիոն շեքելի հասնող պետական այն պիւտճէին վրայ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը ներկայիս ապահոված է Ողջակիզումէն վերապրածներու բարեկեցութեան համար։ Ասոր զուգահեռ, պետութիւնը 1,5 միլիառ շեքելի գումար մըն ալ նախատեսած է տարեկան միջին եկամուտէ ցած հասոյթ ունեցող Իսրայէլի մէջ բնակող Ողջակիզումէն վերապրողներուն համար։ Իսրայէլի ընկերային հաւասարութեան եւ թոշակառուներու նախարար Մեյրաւ Քոհէն յայտարարած է՝ ըսելով. «Պիտի աշխատինք օր ու գիշեր, որ Իսրայէլի մէջ տարեցները ընդհանրապէս, իսկ Ողջակիզումէն վերապրածները մասնաւորապէս ապրին այն արժանապատիւ կեանքը, որուն իրենք, արդարեւ, արժանի են»։

Թէպէտ անկարելի չէ հետազօտել, բայց այս յօդուածի ծիրին մէջ նախատեսուած չէ հաստատել, թէ 1949-էն ի վեր Գերմանիա փոխհատուցման աստղաբաշխական ինչպիսի՞ հսկայական գումարներ վճարած է Իսրայէլի պետութեան՝ Ողջակիզումէն վերապրողներուն եւ հրէական զանազան կազմակերպութիւններու օժանդակելու համար։ Նիւթական այս եւ նման փոխհատուցումներ, ինչպէս վերը նշեցինք, ոչ-նուազ թափով տակաւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր՝ Երկրորդ Աշխարհամարտի եւ Ողջակիզումի աւարտէն աւելի քան 70 տարի ետք։ Անշուշտ նիւթական փոխհատուցումը, անկախ գումարի մեծութենէն, զոհերուն կորուստն ու վերապրողներուն ցաւը չի մեղմացներ, բայց ան կ’օգնէ շարունակելու կեանքը, վերահաստատելու պատմական արդարութիւնը, ստեղծելու նորը, իսկ Ողջակիզումէն վերապրածներուն ժառանգորդները առաւել եւս կը հաստատէ իրենց ազգային, կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան մէջ։

Եղո՜ւկ, այդպէս չեղաւ հայերուս պարագային։ Թուրքիոյ 1923-ին ստեղծուած Հանրապետութիւնը, որ իրաւայաջորդն է Օսմանեան Կայսրութեան, ցայօր ոչ միայն կը ժխտէ արեւմտահայութեան դէմ իր իրագործած Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, այլեւ պետական իր բոլոր միջոցներն ու լծակները բանեցնելով՝ ռազմավարական եւ տնտեսական իր հզօր ազդեցութիւնը կը խաղարկէ՝ խեղաթիւրելով պատմական իրողութիւնները, չարափոխելով պատմութիւնը՝ զոհը վերածելով յանցագործի, իսկ յանցագործը՝ միջազգային քարոզարշաւներու ենթարկուած զոհի մը։ Դեբորա Լիփշտաթ, զոր վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հակասեմականութեան դէմ պայքարի յանձնակատար նշանակած է, ըսած է. «Ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն է, քանի որ ան հնարաւորութիւն կու տայ պատմութիւնը այնպէս վերաշարադրելու, ուր զոհերը կը հրէշացուին, իսկ յանցագործները կ’արդարացուին»։

Ամենեւին ճիշդ պիտի չըլլար թերագնահատել անցնող աւելի քան հարիւր տարիներուն ընթացքին հայութեան ձեռքբերումները՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ պահանջատիրութեան մարտավարութիւնը մեկնարկելու իմաստով։ Հայ ժողովուրդին միասնական ջանքերով, առաւել եւս Հայ Դատի զանազան յանձնախումբերու անձնդիր աշխատանքով, 1965-էն ի վեր աւելի քան բազմաթիւ երկիրներ, պետական խորհրդարաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սակայն ասկէ առաջ ալ՝ 24 Մայիս 1915 թուականին, ֆրանս-բրիտանա-ռուսական համատեղ Հռչակագիր մը ճանչցած էր արեւմտահայութեան դէմ իրագործուող ցեղասպանութիւնը՝ համապատասխան սպառնալիք յղելով Երիտթուրք պետութեան պարագլուխներուն, մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան մեղադրանքով միջազգային ատեանի մը առջեւ անձամբ պատասխանատւութեան ենթարկելու զանոնք։ Սակայն այս բոլորը մնացին միայն դիւանագիտական, իրաւական, բարոյական եւ, ի վերջոյ, բարիդրացիական ոլորտներու մէջ՝ ունենալով ոչ մէկ գործնական ազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը իրականացնող երկրին յանցագործ պետութեան վրայ։ Բարակ սպեղանի մը մեր կոտտացող վէրքերո՞ւն, ա՞յս էր բոլորը։ Այս ամէնուն վրայ տակաւին արցախեան պատերազմին վերջին արհաւիրքը, մեր հազարաւոր նոր զոհերն ու հայրենի նոր հողատարածքներուն կորուստը՝ նոյն ցեղասպանին երկարացուած ձեռքերով։ Չէ՞ որ Ալիեւ եւ Էրտողան յաւակնեցան ելոյթներ ունենալու՝ թուրքն ու ազերին երկու պետութիւն, բայց մէ՛կ ժողովուրդ կարգախօսով։

1915 թուականի Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօրուան կրկնուղ ցեղասպանութիւնները, ո՞վ արդեօք նշանախեցի մը չափ փոխհատուցում ստացաւ։ Ո՞վ բուժեց հայուն բիւրաւոր վէրքերը, ո՞վ մեղմեց անոր կոտտացող ցաւերը։ Մանկութեանս օրերու յիշողութեան մտապատկերին մէջ տակաւին կը տողանցեն Հայոց սահմռկեցուցիչ Ցեղասպանութենէն վերապրած, Տէր Զօրի մահու անապատէն ճողոպրած ծերունազարդ այն բազմաթիւ խլեակները, որոնց ոչ միայն բազմանդամ ընտանիքը, ունեցուածքը, այլեւ մարդկային արժանավայել ապագայ մը ունենալու իրաւունքը կողոպտած էր ոճրագործին արիւնաթաթախ ձեռքը։ Պէյրութի հայկական մեր թաղերը անոնցմէ շատեր կ’ապրէին թիթեղաշէն, մէկ սենեակնոց անհիւրընկալ եւ կիսամութ բնակարաններու մէջ, նուազագոյն նպաստ մը ստանալով հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւններէն կամ հացի կտոր մը, այլապէս պնակ մը ճաշ՝ նոյնպէս նուազ բերեկեցիկ դրացիներէն։ Ահաւասիկ տարբերութիւնը ակներեւ է Ողջակիզում տեսած հրեային եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայուն միջեւ։ Մին կրցաւ ըլլալ հզօր պետութիւն մը՝ ստուգապէս պարտադրելով իր կամքը աշխարհին, միւսը, Ֆրիտիոֆ Նանսենի խօսքերով, մնաց խաբուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդ մը։ Բայց մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ հայուն համար Ցեղասպանութիւնը պատմական անցեալ մը չէ, այլ ան տակաւին սահմռկեցուցիչ ներկայ մըն է եւ կրնայ միշտ կրկնուիլ նաեւ ապագային։ Յոյս դնել աշխարհի արդարադատութեան, օտար ուժերու եւ այսպէս կոչուած «դաշնակից-բարեկամներու» պաշտպանութեան վրայ՝ հայոց պատմութեան մէջ կրկնուող ամենաերկար սո՛ւտն է։ Բաւ է ինքնախաբէութեամբ զբաղինք եւ ծոյլ զիջումներով փորձենք ծածկել մեր հաւաքական անկարողութիւնը։ Արդարեւ, Ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր նահատակ բանաստեղծներէն Սիամանթօն է, որ այնքան դիպուկ եւ իրաւացիօրէն ըսած է. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»։

Մեր մեծագոյն թերութիւններէն մին եղած է թերագնահատել ուրիշին ունեցածը եւ գերագնահատել մեր չունեցածը։ Հայ ժողովուրդին ուժը իր հաւաքականութեան մէջ է։ Ա՛յս եղած է պատգամը մեր մեծերուն՝ ոսկեղնիկ Եղիշէներուն եւ նայիրեան Չարենցներուն։ Անմիաբանութիւնը չարութեան ստինքէն սնանող դաւաճանութիւնն է ազգին ինքնութեան, անոր մշակոյթին եւ գոյութեան դէմ։ Այսօրուան մեր ներքաղաքական դաշտին պառակտուածութիւնը՝ զիրար հիւծող եւ թշնամի գորշ գայլերուն անյագ ու վտանգաւոր ախորժակը մեր դէմ գրգռող գործունէութեան մը տխրահռչակ ապացոյցներն են։ Մինչդեռ մեզի պարտադրուած այս պարտութենէն ետք, հակառակ բոլոր անկումներուն եւ մեր կրած անլուր ցաւին ու տառապանքին, պէտք էր աշխարհին ներկայանայինք հայօրէն, միաբան ու անտրոհելի կամքով բռունցքուած հպարտ ժողովուրդի մը օրինակելի կեցուածքով։ Մուրացածոյ եւ կորաքամակ գոյատեւելու համար ողորմութիւն ակնկալել գերհզօր պետութիւններու քաղաքական հաշիւներէն՝ վայել չէ հայու խրոխտ նկարագրին։ Պէտք չէ մոռնալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ուժի, ազատաբաղձութեան եւ ըմբոստութեան մեծագոյն խորհրդանիշերէն՝ Մայր Արաքսի հասցէին ուղղուած հռոմէացի նշանաւոր բանաստեղծ Վիրգիլիոսի (Ք.ա. 74–19) խօսքերը՝ «Et pontem indignatus Araxes» – «Եւ գետն Երասխ՝ կամուրջներ չհանդուրժող»։ Այո՛, դարերու հոլովոյթին մէջ հայը միշտ եղած է ազատաբաղձ՝ իր հայկազուն ցեղին հիմնադիր Հայկ նահապետին կենդանի օրինակով։ Մինչեւ ե՞րբ կարելի է ծնկաչոք ու հանդուրժուած ըլլալու կարգավիճակով մը գոյատեւել ռուսական «մուրճ»-ին եւ թրքական «սալ»-ին միջեւ։ Այսօր աւելի քան երբեք զգալի դարձած է համազգային քաղաքական լուրջ ծրագիր մը ունենալու պակասը։ Իրատեսութեան վրայ հիմնուած եւ ապագային միտուած քաղաքական գործուն ծրագիր մը, որ պիտի կանխարգիլէ նոր ցեղասպաննութիւններու հնարաւորութիւնը, պիտի ապահովէ հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութիւնը եւ նպաստէ համազգային միասնութեան ամրապնդման ու հայ ժողովուրդի խաղաղ կեանքի բարգաւաճումին՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ Ընդհանրապէս ազգին, բայց ի մասնաւորի հայրենիքն ու անոր պետականութիւնը պաշտպանելու գիտակցութեամբ ոգեզինուած փորձագէտ արդի սերունդին սեպուհ պարտականութիւններէն մին ըլլալու է լրացնել այս բացը, ստեղծել միջոցները՝ առաւելագոյն փոյթով մշակելու համար գոյութենական այս առաջադրանքը։ Հաւատալ ու վստահիլ է պէտք մեր ցեղային առաքինութիւններուն, առաւել եւս մեր ինքնանախաձեռնութեան, ինքնակազմակերպուելու կարողութեան, նաեւ ինքնօգնութեան դիմելու հնարքներուն։ Պէտք է ամրագրել, թէ ի՞նչ կ’ուզենք, եւ այն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ համազգային մեր նպատակներուն։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ