Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճորճ Մանտոսեան

Ճորճ Մանտոսեան՝ մեր սիրելի ամուսինը, հայրը, մեծ-հայրը, եղբայրը, հօրեղբայրն ու հարազատը խաղաղութեամբ ի տէր յանգաւ Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին՝ իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած հարազատներով։

Ճորճ Մանտոսեան կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ կեանքէն ներս՝ սկսելով ծննդավայր Երուսաղէմէն, որպէս Հայ Երիտասարդաց Միութեան գայլիկապետ եւ մարզիկ։ ԱՄՆ փոխադրուելէ ետք եղած է ԱՄՆ-ի եւԳանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար, կարեւոր դեր խաղալով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն ներս։ Ան եղած է հիմնադիրներէն մէկը Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի եւ Մոնթեպելլոյի Ցեղասանութեան  Յուշարձանի՛հիմնադիրներու յանձնախումբի։ Որպէս արհեստավարժ ճարտարագէտ իր զգալի կնիքը դրած է Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանի կարգ մը կառոյցներու վրայ։

Ճորճ Մանտոսեան ծնած էր 24 Փետրուար 1934-ին Երուսաղէմի մէջ։ Անդրանիկ եւ Հայկանոյշ Մանտոսեան ընտանիքի չորս զաւակներուն երրորդն էր ինք (Գրիգոր, Ալիս եւ Ֆիմի)։ Ան ետին կը թողու իր այրին Յասմիկ Մանտոսեանը, որդին՝ Օհան Ալեքս Մանտոսեանը եւ իրենց զաւակները՝ Գաբրիէլ ե Պրեննա, դուստրը՝ Թալին Պետրոսեանը եւ փեսան՝ Արթուր Պետրոսեանն ու իրենց զաւակները՝ Ալիս եւ Կրէյս, քոյրը՝ Ալիս Մելքոնեանը, հարսը՝ Հիլտա եւ Տոքթ. Ուալիտ Ղուրապի եւ ընտանիք, փեսան՝ Տոքթ. Արմէն եւ Ազնիւ Կէօնճեան եւ ընտանիք, քրոջ դուստրը՝ Արտա եւ Արա Արթինեան եւ ընտանիք, քրոջ որդին՝ Արա եւ Թերի Մելքոնեան եւ որդի, նախկին կողակիցը՝ մայրը Օհան եւ Թալին, Գարոլ Մանտոսեան, խնամին՝ Զինա Պետրոսեան եւ համայն Մանտոսեան, Մելքոնեան, Պետրոսեան, Արթինեան, Հաճեան, Մալէք, Նազարեան, Գազանճեան ընտանիքներ, հարազատներ եւ ընկերներ։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնն ու թաղումը տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9–ին, կ.ե. ժամը 2:30 -ին, Հոլիվուտ Հիլզ-ի Old Church-ի մէջ։

Հաճեցէք փոխան ծաղկեպսակի ձեր նուիրատուութիւնները կատարել Armenian Missionary Association of America (AMAA)-ի երախաներու եւ որբերու խնամքի ծրագրին եւ AMAA-ի Լիբանանի Կրթական Օգնութեան, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի վարչութիւններուն։

AMAA-ի նուիրատուութիւնները կրնաք ղրկել հետեւեալ հասցէին.-

AMAA, Century Rosd,

Paramus,

NJ 07652

http://weblink.donorperfect.com/gmandossianmemorial

ԹՄՄ-ին համար հաճեցէք ղրկել՝

755 Mount Auburn Str., Watertown,

MA 02472

Memo: In Memoriam George Mandossian

https://givebutter.com/fR73pE . 

Յիշատակը յարգողներէն կը խնդրուի ներկայ գտնուիլ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ