Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Քոյրերու Վարժարան

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2021-ին, Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները նշեցին հայ մշակոյթի օրը՝ ի մասնաւոր Թարգմանչաց տօնը: 

Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յայտագրի բացումը կատարեցին 8-րդ կարգի աշակերտները՝ «Հայր Մեր» աղօթքով, որուն յաջորդեց Հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանի աղօթքը եւ սրտի խօսքը, որուն մէջ գերապատիւ հայրը լուսարձակի տակ առաւ հայոց լեզուի կարեւորութիւնը որպէսզի գոյատեւենք, ինչպէս որ դարերէ ի վեր հայ լեզուն եղած է մեր գոյատեւման երաշխիքը: Ան նաեւ շեշտեց իրար հետ հայերէն խօսելու հրամայականը՝ մեր մայրենի լեզուն պահպանելու համար:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս հայերէնի դասատու տիկին Նորա Պուլտուքեան, որ ըսաւ. «Աշխարհի չորս ծագերուն բոլոր հայկական վարժարաններէն եւ կառոյցներէն ներս, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին այլազան հանդիսութիւններով կը տօնենք  Հայ Մշակոյթի ու Թարգմանչաց տօները պանծացնելու մեր Սուրբ Թարգմանիչներուն գրական վաստակը: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը իր աշխարհիկ կամ եկեղեցական տօնակատարութիւններով յարգանքի տուրք կը մատուցէ ու միշտ կը յիշէ մեր երախտաւորները, եւ մենք ալ մեր կարգին պիտի շարունակենք ճանչնալ մեր մշակոյթը ու սիրել մեր մայրենի լեզուն՝ քաջալերելով եւ գնահատելով անոր ներկայ սպասարկողները եւ հայապահպանման ու հայութիւնը ձուլումէ պահող անսասան ջահակիրները»:

Գեղարուեստական բաժնով բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները՝ «Մեր Լեզուն» ասմունքով, Բ. դասարանի աշակերտները՝ «Հայերէն» արտասանութեամբ եւ «Հայ Զինուոր» երգով: 8-րդ կարգէն երկու աշակերտուհի powerpoint-ով ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքը: Իսկ 5-րդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան թատերական ներկայացմամբ մը՝ օրուան խորհուրդով:

Օրուան պատգամը փոխանցելով վարժարանի փոխտնօրէնուհի տիկին Ռիթա Պոյաճեան ընդգծեց. «Մենք հայ գիրերուն շնորհիւ ունեցանք մեզի յատուկ մշակոյթ: Այս գիրերուն շնորհիւ մենք հայ մնացինք, որովհետեւ հակառակ անոր որ երկար տարիներ օտար երկիրներ իշխեցին Հայաստանին, մենք հայերէն խօսելով, հայկական մշակոյթ ունենալով ու հայերէն աղօթելով կրցանք պահել մեր ինքնութիւնը: Եթէ չունենայինք մեզի յատուկ լեզուն, ամէն օտար երկիրներու հետ պիտի օտարանայինք, այսինքն՝ պարսիկներուն ժամանակ պարսիկ պիտի դառնայինք, ասորեստանցիներուն ժամանակ՝ ասորեստանցի, հռոմէացիներուն ժամանակ՝ հռոմէացի, արաբներուն ժամանակ՝ արաբ, եւ օսմանցիներուն ու թուրքերուն ժամանակ՝ թուրք: Ուրեմն, փառք ու պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցին, որ ստեղծեց հայոց գիրերը, եւ փառք անոր աշակերտներուն, որոնք կատարեցին հայերէն թարգմանութիւնները»: Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Մենք այսօր Հայաստանէն դուրս ըլլալով պէտք է հայօրէն ապրինք, մենք պիտի խօսինք ՀԱՅԵՐԷՆ: Մենք, այո՛, պէտք է լաւ գիտնանք նաեւ օտար լեզուներ, անոնք շատ կարեւոր են, ԲԱ՛ՅՑ պէտք է նաեւ շատ լաւ գիտնանք հայերէնը՝ մեր մայրենին, որպէսզի ՉԸԼԼԱՅ ԹԷ օտարանանք»:

Յայտագրի շարունակութեամբ նախակրթարանի աշակերտները հանդէս եկան երգով, 4-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը եւ ասմունք մը, 3-րդ կարգի աշակերտները՝ «Ես մի հայ պատանի» երգը, իսկ 6-րդ դասարանցիները ասմունքեցին «Հայ Լեզուն»: Իսկ վերջին բաժնով, 7-րդ դասարանի աշակերտները բեմ բարձրացան ասմունքով եւ խմբային պարով:

Աւարտին, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Թէյէզ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն, մասնաւորապէս հայերէնի դասատուներուն եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց աշակերտները իրենց բացառիկ կատարողութեան համար:    

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ