Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգային Արժանապատուութիւն

«Ազգը չի կարող կործանուել այլ կերպ, բացի ինքնասպանութիւնից»

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Կան համընդհանուր որոշ բնորոշումներ, որոնց գոյութիւնը, կամ բացակայութիւնը կ’որոշէ ազգի դիմագիծը։

Անոնց մէջ ազգային արժանապատուութիւնը ամէնէն կարեւորներէն է,  որ մեր պարագային, պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններուն տարբեր ձեւով դրսեւորուած է:  

Անոր բացակայութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ ազգային դիմագիծի խեղաթիւրման։Անոր բացակայութիւնը ազգային դժբախտութիւններու հսկայ շարանի պատճառը կը դառնայ։

Ամէնէն մեծ արատը այս ամէն ինչի մէջ այն է, որ անձնական շահին կը ծառայեն շատ երեւոյթներ, ինչպէս՝  հայրենիքը, ազգային գաղափարախօսութիւնները, ինքնիշխանութիւնը եւ վերջ ի վերջոյ երկրի նիւթական եւ ոչ նիւթական աղբիւրները:  

Ազգային արժանապատուութիւնը անձով պայմանաւորուած յատկանիշ չէ, այն համընդհանուր հաւաքական որակ է, որ վերջին շրջանին շատ անհասկնալի ձեւով կը դրսեւորուի:

Ասոր պատճառները կրնան ըլլալ մեզի շատ բնորոշ օտարամոլութիւնը, եսասիրութիւնը, կարճ յիշողութիւնն ու եզրակացութիւններ չընելու արատաւոր սովորութիւնը։

Բայց եթէ անհատի կամ ընտանիքի պարագային այս երեւոյթը յատուկ վիճակ մըն է, կորուստներու որոշակի նեղ շրջանակով, ապա հայրենիքի հանդէպ այս երեւոյթը հոգեւոր բնոյթի աններելի յանցագործութիւն է։ Երկրի պարագային հետեւանքները կը կրեն ոչ թէ միայն մի քանի տասնեակ հազար մարդիկ, այլ՝ սերունդներ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ։

Ազգային արժանապատուութիւնը ներարկելի յատկանիշ է. այն կարելի է սերմանել այնպիսի խոր արմատներով, որ երբեք չես կրնար արմատախիլ ընել:

Մենք ինչո՞ւ օրէ օր աւելի կը հեռանանք մեր ազգային դիմագիծէն եւ ազգային ինքնորոշման կարեւորագոյն առանցքներէն:

Հայրենիքը սրբութիւն է, որուն պէտք ծառայէ իւրաքանչիւր մարդ, ո՛ւր, որ ալ բնակի ան եւ ոչ թէ հակառակը:  

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ