Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մատեան Ողբերգութեան» Նոր Թարգամանութիւնը

 Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2021ի երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան Թեմի Արմէն Համբար դահլիճին մէջ, տեղի պիտի ունենայ շուրջ տասնմէկ դարեր առաջ ապրած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Վարդապետին «Մատեան Ողբերգութեան» Արեւմտահայերէնի նոր թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուեցաւ վերջերս: Թարգմանական այս նոր իրագործումը իրականացած է Հոգշհ. Տաճատ Ծայր. Վարդապետ Եարտըմեանին անխոնջ աշխատանքով: Անշուշտ, հրապարակի վրայ գոյութիւն ունին Աշխարհաբար քանի մը թարգմանութիւններ, սակայն այս նոր թարգմանութիւնը, որ պատրաստուած է անցնող տասնամեակներու ընթացքին, ունի բանաստեղծական նոր ոճ, նոր շունչ,  նոր թարմութիւն եւ աւելի դիւրահասկնալի մերձեցում՝ մարդոց ներաշխարհէն ներս թափանցելու եւ ներգործելու համար: Այս իմաստով, համաձայն Հայր Սուրբին, միշտ կարիքը կը զգացուի նոր եւ շարունակական թարմ ընթերցումներու: Արեւմտեան Թեմի Սրբազան Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարեհաճօրէն հովանաւորած է այս նոր թարգմանութեան հրատարակութիւնը, վստահ ըլլալով, որ չկայ աւելի կարեւոր նպատակ, քան «Նարեկ»ը եւ անոր անզուգական հեղինակը աւելի մօտեցնել ընթերցողներուն:

«Մատեան Ողբերգութեան» այս նոր թարգամանութիւնը պիտի ներկայացնէ ինքը՝ թարգմանիչը:

Ձեռնարկին մուտքը ազատ է:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ