Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճորճ Մանտոսեանի Անմար Յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, ցուրտ հողին յանձնեցինք Ճորճ Մանտոսեանի անշնչացած մարմինը։

Ճորճ Մանտոսեան աւելի քան յիսուն տարի փայլած է Մեծն Լոս Անճելըսի երկնակամարին վրայ, որպէս շողշողուն աստղ մը, իր ազգային հասարակական անսակարկ գործունէութեամբ։

Մանտոսեանի ազգային-հասարակական կեանքի առաջին քայլը դրսեւորուեցաւ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի կառուցումով, որու համահայկական Յանձնախումբին նուիրեալ անդամն էր ան։

Մանտոսեանի ազգային-հասարակական կեանքի երկրորդ նախաձեռնութիւնն էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հիմնադրութիւնը։ Ան 34 տարիներ շարունակ մնաց անոր ղեկին վրայ, մինչեւ որ վարժարանը փակուեցաւ՝ չդիմանալով նիւթական դժուարութիւններու, երբ այդ աղբիւրները բոլորովին ցամքեցան։

Մանտոսեանի ազգային-հասարակական կեանքի երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի շինութիւնը, որու խնամակալ մարմնի ղեկը վստահուեցաւ իրեն եւ ան ձեռնհասօրէն վարեց զայն՝ մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, առողջապահական պատճառներով։

Ճորճ Մանտոսեան մղիչ ուժը հանդիսացաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի հիմնադրութեան։ Բազում են անոր ղեկավար մարմիններու մէջ ազգային շունչով տոգորուած ներդրումը, ըլլայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ, ըլլայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ։

Մանտոսեան ջերմ սիրով եւ նուիրումով լեցուած էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ան ծառայած է թէ որպէս դպրապետ եւ թէ ալ որպէս սարկաւագ։

Ուրեմն պատահական չէ որ Մանտոսեան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանին, առ ի գնահատանք իր բազմերանգ ծառայութիւններուն՝ ագին եւ եկեղեցիին։

Ես մօտէն ճանչցած եմ զինք եւ գործակցած իր հետ, թէ որպէս Արշակ Տիգրանեան վարժարանի կրթական յանձնախումբի անդամ եւ թէ ալ որպէս Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի խնամակալ մարմնի անդամ։ Ան եղած է համեստ, լուրջ եւ գիտակից իր գործին ու գործին յառաջացուցած հրամայականին։

Հոս կ՛ուզեմ մէջբերում մը կատարել Յովհաննէս Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» Նախերգանքէն, որ ճշգրտօրէն կը բնութագրէ Ճորճ Մանտոսեանի նկարագիրն ու ազգային-հասարակական գործունէութեան հարուստ վաստակը։

          Մահը մերն է, մենք մահինը,

          Մարդու գործն է միշտ անմահ։

          Երնե՜կ նըրան, որ իր գործով

          Կ՛ապրի անվերջ, անդադար։

Վստահ եմ որ Ճորճ Մանտոսեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ ոչ թէ միայն իր հարազատներուն մօտ, այլեւ իր գործակիցներուն եւ զինք բոլոր ճանչցողներուն սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Թող օտար հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Ճորճ, եւ Աստուած հոգիդ լուսաւորէ ու երկնից արքայութեան արժանացնէ քեզ։ Յիշատակն արդարոց՝ օրհնութեամբ եղիցի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ