Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Ղեկավարութեան Հետ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021-ին երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Կլենտէյլի Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ ու սիրալիր հանդիպում մը ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանայինի Վարչութեան եւ Հ.Ա.Հ.Ա. Միութեան ղեկավարութեան հետ։

Հանդիպումին ներկայ էին Հ.Ա.Հ.Ա.Միութեան ժրաջան եւ համակրելի պատուելի՝ Հենրիկ Շահնազարեան, նախկին բազմավաստակ պատուելի՝ Պերճ Ճամպազեան եւ Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն՝ Լոս Անճելըսի ողջ հայութեան կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն մը՝ Տիար Զաւէն Խանճեան իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ Սոնա Խանճեանի հետ։ Նմանապէս այդ օր գտնուած էին Փասատինայի Հայ Կիլիկիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Աւագ պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան եւ Մոնթեպելլոյի եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Ճոզէֆ Կարապետեան։

Հ.Ա.Հ.Ա.Միութեան նորընտիր պատուելիի տեղապահ՝ Հենրիկ Շահնազարեան, քրիստոնէական խորազգաց զգացումներով ողջունեց մեր պատուիրակութեան անդամները եւ մաղթեց որ ինչպէս անցեալին, ապագային ալ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւնները շարունակուին  Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան ղեկավարութեան ՌԱԿ-ի շրջանակին հետ։

Փոխադարձաբար, ՌԱԿ-ի Շրջանայինի Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան շնորհաւորեց Հ.Ա.Հ.Ա.Միութեան ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակը, որ քանի մը օրեր առաջ նշուեցաւ Ֆրէզնոյի մէջ, նմանապէս Ընկ. Պալեան շնորհաւորեց Հ.Ա.Հ.Ա.Միութիւնը, որ գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ հրաւիրելու Արցախի պետական նախարար Տիար Արտակ Բեկլարեան, որ իր աննման եւ ոգեւորիչ ելոյթներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ Ընկ. Պալեան սրտագինս շնորհաւորեց պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան անոր պատուելիի տեղապահի պաշօնին համար, մաղթելով իրեն աստուածահաճոյ նոր ծառայութիւններ։

Ապա պատուելի Պերճ Ճամպազեան, վարիչ տնօրէն եւ պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց միութեան հոգեւոր, կրթական, երիտասարդական եւ եկեղեցական գործերուն մասին։

Սիրոյ եւ ապագային սերտ ու սիրալիր համագործակցութեան խոստումներով, վերջ գտաւ այս հոգեշահ հանդիպումը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ