Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Լեզուն Կրնայ Վկայել B12 Վիթամինի Պակասի Մասին

Օրկանիզմին մէջ վիթամին B12-ի պակասը կրնայ տարբեր հիւանդութիւններ յառաջացնել, որոնք կրնան տարբեր ձեւով դրսեւորուիլ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է սննդաբան, սննդային վարքագիծի խանգարումներու մասնագէտ Հելեն Ուեսթ։

Daily Express-ին համաձայն, մասնագէտին խօսքով, կայ մէկ նշան, որով կարելի է անմիջապէս հասկնալ, որ մարդ B12-ի պակաս ունի։ Կը պարզուի, որ լեզուն նման պարագաներուն կ՛ուռի, կը կարմրի եւ քիչ մը կը փայլի։ Բժիշկները այս երեւոյթը կը կոչեն «կլոսիթ»: Հիւանդին կրնայ նաեւ թուիլ, որ համի «ռիսեփթըր»ները անհետացած են:

Ուեսթ նաեւ նշած է, որ «կլոսիթ»ը կը յանգեցնէ խօսքի արատներու, ուտելու ժամանակ նոյնպէս մարդու մօտ փոփոխութիւններ կը նկատուին։ Ախտանիշը ի յայտ կու գայ ոչ թէ անմիջապէս, այլ քանի մը տարիներու ընթացքին։ Բացի B12 վիթամինի պակասէն, «կլոսիթ» կրնայ յառաջացնել կծու սնունդը, բերանի չորութիւնը կամ թթուային «ռիֆլաքս»ը:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ