Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Անվտանգ Հեռաւորութիւնը Համակարգիչի «Մոնիթոր»Էն Մինչեւ Աչքերը

Տեսողութիւնը չվնասելու համար ակնաբոյժ Սերկէյ Խոմեաքով կը յանձնարարէ «էքրան»էն հեռու մնալ 50-60 սանթիմեթր։

Մասնագէտը կը յանձնարարէ «մոնիթոր»ը տեղադրել անմիջապէս անհատին դիմացը, մինչդեռ ատոր վերին եզրը պէտք է ըլլայ տեսադաշտի մակարդակին վրայ։ Ան յանձնարարած է պահել 50-60 սանթիմեթր, սակայն հեռաւորութիւնը կրնայ տարբերիլ՝ կախեալ ըլլալով սարքի անկիւնագիծէն։

«Եթէ դուք կ՛աշխատիք 25-30 սանթիմեթր «էքրան»ի անկիւնագիծով «նօթպուք»ի կամ «թապլէթ»ի հետ, ապա հեռաւորութիւնը կրնայ հաւասար ըլլալ «հարմոն»ի հեռաւորութեան. այս արմուկէն մինչեւ բութ մատնաչափ հեռաւորութիւնն է կամ միջինը 40-45 սանթիմեթր»,-ըսած է մասնագէտը։

Կարեւոր է նաեւ ուշադրութիւն դարձնել համակարգիչով աշխատելու համար տարածքի լուսաւորութեան մակարդակին։ Ըստ Խոմեաքովի՝ ամէնէն արդիւնաւէտ եւ հանգստաւէտ լոյսի աղբիւրները այն աղբիւրներն են, որոնք արտանետուող լոյսի «սփեքթրըմ»ին մէջ մօտ են բնական «սփեքթրըմ»ի լուսաւոր հոսքին։

Ինչ կը վերաբերի արուեստական ​​լոյսի աղբիւրներուն, ապա «ինտաքշըն» լամբերը կը բաւարարեն այդ չափանիշները, ինչպէս նաեւ շիկացած լամբերը եւ որոշ ժամանակակից լուսատիոտային լամբերը։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ