Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրապետական Մաղթանք Նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օծման 22-րդ Ամեակին

Կիրակի, 7 Նոյեմբեր, 2021-ին ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի բարձր տնօրինումով Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 22-րդ տարեդարձի առիթով: Առաջնորդ Սրբազան Հoր նախագահութեամբ՝ օրուան Պատարագը մատուցանեց հիւրաբար թեմս այցելած՝ Գերշ․ Տ. Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեանը:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ Հայրապետական մաղթանքի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որը ուղեկցուեցաւ առ Աստուած բարձրացուած հոգեթով աղօթքներով ու շարականներով։

Հայրապետական Մաղթանքէն յետոյ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն ըսելով․ «Սիրելի հաւատաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս, արդէն տարին բոլորած կ’ըլլանք այս շաբաթամիջոցին եւ մենք գիտենք, որ հազարաւոր մեր երիտասարդներու նահատակութեան ծառայութեան ճանապարհին ցաւ մը մնաց մեր ժողովուրդի հոգիներու եւ սրտի մէջ։ Աղօթող պիտի մնանք, որ Աստուած Ինքը փարատէ  այդ ցաւը եւ նոր արշալոյսի յոյսը եւ լոյսը հաստատէ ի հայրենիս, յԱրցախ եւ սփիւռս ապրող ժողովրդի մեր զաւակաց կեանքին մէջ։ Մենք կը հաւատանք, որ չնայած տանջանքը եւ ցաւը խորը արմատ են նետած մեր հոգիներու մէջ, սակայն, մեր նախնեաց քրիստոնէական սուրբ հաւատով կրնանք վեր յառնել ցաւէն, վերակերտել մեր Մայր երկիրը՝ Հայաստան եւ նաեւ յոյսի եւ լոյսի նոր ճանապարհ բանալ երիտասարդ մեր սերունդի առջեւ, որպէսզի մշտապէս իրենց կեանքը ապրին հայրենիքի տեսլականով։

Այսօր մենք  նաեւ կ’ողջունենք եւ ուրախ ենք, որ այս Սուրբ Խորանի վրայ Պատարագ կը մատուցանէ Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ եւ մեր սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս՝ Գերշ․ Տ․ Պարգեւ Արք․ Մատիրոսեանը, ով այս շրջանին  մեր թեմէն ներս կը գտնուի, որպէսզի Աստուծոյ կամօք ունենայ նաեւ բժշկական յատուկ խնամք՝ վերականգնելու համար իր առողջական բնականոն վիճակը։  Աղօթենք առ Բարին Աստուած, որ Տէրը զօրավիգ ըլլայ իրեն՝ հաստատուն պահելով իր քաջ ծառայութեան մէջ»։

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ամենայն Հայոց Արժանընտիր Գահակալ՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետի անցնող 22 տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգաշէն գործունէութեանը, նշելով որ․ «Ազգիս Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան  22-րդ տարեդարձի ուրախ առիթով, մեր աղօթքը կը վերառաքենք, որ Աստուած անսասան պահէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Հայոց Հայրապետութիւնը իր գահակալով եւ ողջ միաբանութեամբ։ Եւ մենք գիտենք, որ անցնող տարւոյ 44 օրեայ պատերազմի օրերուն ունեցանք նաեւ երիտասարդ հոգեւորականներ, ովքեր յանուն հայերնիքի ազատութեան եւ խաղաղութեան իրենց կեանքը  պատարագեցին, դառնալով պսակ մեր սուրբ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ»։

Իր խօսքի վերջաւորութեանը Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Գերշ․ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեանը, որպէսզի օրուան պատգամը փոխանցէ հաւատացեալներուն։

 Ս․ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Արցախեան 44 օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ