Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս «Սանտուիչ»ները Նուազ Վնասակար Դարձնել

Կազմուածքի պահպանման համար պայման չէ ամբողջութեամբ հրաժարիլ «սանտուիչ»ներէն, յայտնած է սննդաբան-սրտաբան Ասիյաթ Խաչիրովա:

«Սանտուիչ»ները աւելի նուազ վնասակար կարելի է դարձնել: Ամբողջական սնունդը պէտք է ներառէ սննդանիւթերու բոլոր խումբերը՝ չլուծուող բջիջանիւթեր, սպիտակուցներ, ճարպեր եւ ածխաջուրեր։ Կարելի է պատրաստել «սանտուիչ» մը, որ կը պարունակէ բոլոր անհրաժեշտ «մաքրօէլեմընթ»ները, որմէ ետք աւելորդ կշիռք չէք ունենար», ըսած է մասնագէտը։

Ածխաջուրերը, ինչպէս նշած է մասնագէտը, կարելի է ստանալ հացէն, մինչդեռ փափաքելի է ամբողջական հացահատիկի ալիւրէն պատրաստուած ուտելիքներ ընտրել։ Եփած միսը, ձուկը, պանիրը կամ խավիարը կրնան սպիտակուցի աղբիւր ըլլալ «սանտուիչ»ի մէջ: Ան չի յանձնարարեր երշիկ ուտել, որովհետեւ երշիկը եւ երշիկեղէնը վերամշակուած արտադրութիւն են։

«Առողջ սնուելու «սթանտարտ»ներուն համաձայն՝ այս ուտելիքները պէտք է կազմեն ձեր սննդականոնին ոչ աւելի, քան մէկ առ հարիւրը: Յաճախ երշիկեղէնով «սանտուիչ»ներ օգտագործելով՝ դուք ձեզ աւելորդ քիլոկրամներ եւ նիւթափոխանակութեան խանգարումներու մեծ վտանգ կ՛առաջացնէք»,- ըսած է մասնագէտը։

Աւանդաբար, կարագը ճարպի աղբիւր կը նկատուի «սանտուիչ»ի մէջ, սակայն անիկա կարելի է փոխարինել աւելի քիչ ճարպային այլընտրանքով՝ կաթնաշոռի եւ ավոքատոյի կտորներու ձեւով: Սննդաբանը կը յանձնարարէ նաեւ հացը թրջել ձիթապտուղի իւղով։

«Սանտուիչ»ը աւելի օգտակար դարձնելու եւ մանրաթելով յագեցնելու համար, մասնագէտը կը յանձնարարէ  բանջարեղէն՝ հազարի տերեւներ, վարունգի կամ լոլիկի կտորներ, դդում, սմբուկ կամ պուլկարական պղպեղ աւելցնել ատոր մէջ։ Սննդաբանին խօսքով` իր բաղադրագիրով պատրաստուած «սանտուիչ»ը, չափաւոր օգտագործման պարագային, չի վնասեր կազմուածքին եւ ուժ կու տայ:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ