Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձեռնադրութիւն Եւ Շնորհաբաշխութիւն Ֆրեզնոյի Ս․ Պօղոս Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, Նոյեմբեր 14, 2021-ի առաւօտէն սկսած Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. Մայր Եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին հարիւրաւոր հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք հոգեզմայլ եւ սրբազնասուրբ արարողութեանց:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագին` ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոսի տեղի ունեցաւ դպրական եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւններ, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներու  եւ հաւատացելոց հոծ  բազմութեան:  Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լցուած դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին` աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճաններ  շնորհուեցան եկեղեցւոյ Ս․ խորանի սպասաւորողներ` Գեղարդ Պետրոսին ու Նազար Իսկէնեանին:

Այնուհետեւ սարկաւագութեան  ընծայեալ Տիգրան Կիս․ Սրկ․ Իսկէնեանը՝ ծնկաչոք խորան բարձրացաւ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալէն ետք՝ անոր տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Սարկաւագութեան պաշտօնը ստանալով նորոգ ձեռնադրեալը ուրարը փոխադրեց իր ուսին: Բարեշնորհ Տիգրան Սարկաւագը երկար տարիներ նուիրեալ եւ անխոնջ կերպով կը ծառայէ Հայց. Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցուն, իր ուսերու վրայ ամուր պահելով եկեղեցւոյ առաքելութեան քաղցր լուծը:

Յընթացս Ս. Պատարագի, Սուրբ խորանին կը սպասաւորէին` Վարուժան Սրկ․ Ալթըպարմաքեան, Սթիւ Սրկ. Ատամս, Պարլօ Սրկ․ Տէր-Մկրտիչեան, Յակոբ Սրկ․ Իսկէնեան եւ այլք։

Արարողութեան աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ սարկաւագին` նշելով, որ  այս սրբազնասուրբ խորհրդի եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ կարեւոր կոչումի մը արժանացան անոնք, որ է առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայել եկեղեցուն եւ մեր ժողովուրդին:

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը` (Ղուկ. 9: 44-50) բնաբանի համաձայն` օրուան աւետարանական պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ կոչ  ըրաւ իւրաքանչիւրին նորոգելու իր կոչումը եւ յանձնառու ըլլալու եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեանը:

Պատարագի աւարտին բոլոր ներկաները թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ կից սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Յընթացս ճաշկերոյթի՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան ի գնահատանք երկարամեայ, անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայութեան «Archbishop’s Award» պատուոյ շքանշանով պատուեց՝ Բարեշնորհ Պարլօ Սրկ․ Տէր-Մկրտիչեանը եւ Բարեշնորհ Սթիւ Սրկ․ Ատամսը: Մեծարանքի միջոցառումէն ետք օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ  Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ