Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհակալութեան Օր

Աստուծոյ Շնորհքի Ներգործութեամբ

Նոյեմբեր 25, 2021

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պատուաբեր Տօնը    

Բացառիկ տօն մըն է այս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն յատուկ, պատուաբեր տօն մը յիրաւի, երբ աշխարհի ամենէն բազմազբաղ երկիրը օր մը կը յատկացնէ Գոհաբանելու զԱստուած եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Իր բոլոր բարիքներուն համար։ Պատիւ Ամերիկացի մօտաւոր անցեալի նախագահներուն իրենց բացառիկ նկատառումին համար։

Երկիրն ամբողջ կը դադրի աշխատելէ եւ կարծէք ի ծունր եկած իր բազմամիլիոն ժողովուրդով պահ մը իր հայեացքը դէպի վեր կ՛առաքէ ի մեծ տարբերութիւն իր առօրեայ դէպի վար արդար ու նաեւ մեղսալից  սովորականէն։  Այս պիտի ըլլայ իտէալ իմաստը տօնին եթէ մարդիկ հրաշքով մը իսկապէս վեր նային, աղօթք մը արտասանեն, եւ իրենց պարտքը համարեն գոհ ըլլալ եւ մանաւանդ շնորհակալ ըլլալ։ Սուրբ Գիրքի պատուէրն է այս որ գործի կը վերածուի։

Շնորհակալ Ըլլալ

Մեր մայրենի լեզուն ճկուն է եւ միշտ իմաստալից եթէ ջինջ պահենք զայն, անոր արմատները Սուրբ Գիրքի գրաբար թարգմանութեան վրայ հիմնուած տեսնելով, ու գործածելով մեր Թարգմանիչ ու Պատմիչ նախահայրերուն լեզուն որմէ ծագում առաւ մեր գիտցած աշխարհաբար հայերէնը։ Մեր ուղղամիտ հայերէն լեզուն անգլերէն «Thanksgiving»  բառին դիմաց թարգմանաբար «Գոհաբանութեան Օր» չըսէր, այլ «Շնորհակալութեան Օր», անոր մէջ Աստուածային Շնորհքը տեսնելով եւ բացայայտելով։

Իսկ ի՛նչ է «շնորհք»ը, այն որ կը ճանչցուի որպէս Աստուծոյ մարդոց ընծայած լաւագոյն պարգեւն ու լծակիցը։ Յիշենք միշտ երբ անձ մը «անշնորհք» կ՛որակուի պարզ այն պատճառով որ Աստուծոյ ընծան ու լծակիցը չունի ի՛ր իսկ վարմունքին եւ ազատ կամքին հետեւանքով, վերջինս  դարձեալ Աստուծմէ տրուած բոլորին հաւասարապէս։ Շնորհքը ածական մը չէ, այլ մարդու հոգեկան ու մտային առաքինութեանց կշիռն է, արդարութիւն, ճշմարտախօսութիւն, յարգալից վերաբերմունք՝ հեռու պատեհապաշտութենէ եւ ինքնագովութենէ։

Բնականաբար «շնորհակալութիւն» բառն ալ հարկ է պարզաբանել իր բայարմատով։ Հոն շնորհք բառէն զատ կայ անշուշտ նաեւ բայը որ արարքը կը գործադրէ։ «Կալ» վերջնամասնիկը պարզապէս «ընդունիլ» բային անցեալ ընդունելութիւնն է քերականօրէն բացատրելով։ Այսինքն երբ ես շնորհակալ եմ որեւէ բանի համար, գաւաթ մը ջուրի եւ կամ որեւէ օգնութեան համար, արտայայտած կ՛ըլլամ «Շնորհքի փոխանցումը» Աստուծմէ անո՛ր որ բարիք ըրաւ ու հասաւ իմ կարիքներուն, ու ես եղայ շնորհընկալը։ Յայտնապէս իմաստալից ու հոգեւոր արտայայտութիւն, շատ աւելի բարձր քան պարզ «պարտական մնալու» ըղձանքէն։

Շնորհակալութեան Օրը զոր այս բարի եւ բերկրառատ երկիրը կը տօնէ անձնական բարիքէ անդին Աստուածային Շնորհք կը թելադրէ ստեղծուած բոլոր բարիքներուն համար, արմտիք եւ բուսականութիւն, միաբան սիրով ապրիլ եւ երկիրը անարատ պահել, բոլորն ալ հայերէն լեզուով պտղաբեր կը դառնան Շնորհքի ուժով ու ներգործութեամբ։ Շատ մեծ ցանկութիւն մըն է այս վերջինը  յիրաւի՝ ակնկալելով երկիրը անարատ պահել մեղսալից այս կեանքին մէջ։ Մարդիկ  այն ատեն միայն երկիրը անարատ կը պահեն երբ իրենք ապրին անարատ կեանք, եւ ի ցոյց մարդկան միայն չտօնեն այս բացառիկ օրը որպէս սովորութիւն, զայն հանգստեան առիթի վերածելով նոյնիսկ։

Ընտանիքի Հարստութիւն

Մարդոց կեանքը փորձանքներով լեցուն է, մասնաւորաբար իրենց ձեռքով ու կամքով գոյացած։ Կան անշուշտ նաեւ բնութեան փորձանքները։ Առաջիններէն հեռու մնալու լաւագոյն կերպը ընտանիքի կազմութիւնն է ու անոր անխախտ ընթացքը որ լաւագոյնս կը յայտնուի Շնորհակալութեան Օրը։ Ընտանիքներ անպայման կը միանան մեծով ու պզտիկով։ Կը ճաշակեն գոհաբանելով զԱստուած իր շնորհքներուն առատ բաշխումին համար։ Մեր լեզուով ընտանեկան ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը զիրար կը լրացնեն «շնորհք»ի շաղկապով։ Եթէ այս կարելի ըլլայ գործադրել այն ատեն Շնորհակալութեան Օրը միայն պատմական անցեալին չի մնար, երբ առաջին պանդուխտները Ամերիկեան ափերը հասան։ Անոնց առաջին պարտքը եղաւ շնորհակալ ըլլալ առաջին իրենց ընթրիքով՝ նախնագոյն պայմաններու տակ։

Եթէ առաջին տարիներուն Անգլիայէն գաղթական ու փախստական խումբ մը մարդիկ Ամերիկեան ափերը եկան ու հաստատուեցան, այսօր Ամերիկայի բովանդակ ժողովուրդը կազմուած է բազմադիմի ազգութիւններէ եւ ժողովուրդներէ։ Բոլորն ալ, հայերը ընդգրկեալ, որքան երախտապարտ պիտի մնան նոյն ազգերու ընտանեկան կեանքին որ մի քանի դարեր ետք դարձաւ աշխարհի առաջատար երկիրը որուն  «աչք ամենեցուն ի նա հայէին»։ Առաջին գաղթականներու գոհաբանութիւնը իսկապէս Աստուծոյ Շնորհքով օծուած էր որ ուռճացաւ մարդոց շնորհալի եւ աշխատունակ արդիւնքներով։ Ահա «Շնորհակալութեան» եւ «Գոհաբանութեան» հասարակաց յայտարարը։

Շնորհընկալ Հայեր

Հայեր անցեալ 150 եւ աւելի տարիներէ ի վեր իրենց բնօրրանէն հետզհետէ եկան զարգանալու եւ ապահով կեանք վարելու Ամերիկայի մէջ։ Ունինք անոնց պարբերական գաղթի վաւերական ու մանրամասնեալ պատմութիւնը, գրուած եւ բազմիցս հրատարակուած։ Հալածանքներէ եւ ցեղասպանութենէ ազատած հայեր ապաստան գտան այս երկրին մէջ, հրաշալի կերպով վերակենդանացան առաջատար դիրքերու հասնելով։ Ահա վերջերս Նոպէլեան բարձրագոյն մրցանակին տիրացաւ երիտասարդ Տքթ. Արտեմ Փաթափութեան, առաջինն ըլլալով ամերիկահայութեան մէջ որպէս գիտնական բժիշկ։ Ուրիշներ եւս փայլեցան որոնք բոլորը միասին շնորհակալ եղան ընդմիշտ մեր այս երկրին ընծայած պատեհութիւններուն ու գնահատանքին համար։

Օրհնեալ ըլլան առաջին պանդուխտները որոնց հետեւեցան բազում գաղթականներ ու չմոռցան շնորհակալ ըլլալ այս երկրին որուն Աստուած իր շնորհաբեր հովանին տարածեց ընդմիշտ։ Յատկապէս շնորհընկալ եղաւ հայ ազգը պանծացնելով Ամերիկեան բարերար հովանաւորութիւնը։ Երջանիկ Շնորհակալութեան Օր, նախ այս մեծ երկրին, եւ ապա մերազն հայութեան։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ