Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Տուեալներ Քորոնա Ժահրով Կրկնակի Վարակման Մասին

Հիւանդութենէն կամ պատուաստումէն ետք քորոնա ժահրով դարձեալ վարակուելու կարելիութիւնը շատ մեծ չէ, բայց տակաւին կանուխ է ուրախանալու համար։ Այս մասին ըսուած է հետազօտութեան մը մէջ, որու արդիւնքները հրապարակուած են New England Journal of Medicine ամսագիրին մէջ։

Քաթարէն գիտնականներ հետազօտած են քորոնա ժահրով վարակման դէպքերը 353 000 մարդոց ծիրին մէջ, երկրի տարածքին երկու ալիքներու ընթացքին՝ 2020ի Մարտէն մինչեւ Յունիս եւ 2021ի Յունուարէն մինչեւ Մայիս։ Համավարակաբաններու տուեալներով՝ այսօր Քաթարի բնակչութեան մօտաւորապէս 40%-ը հակամարմիններ ունի։

Պարզելու համար, թէ քանի՞ անձ երկու անգամ հիւանդացած է, մասնագէտները վերլուծած են բոլոր հիւանդներու PCR քննութիւններու արդիւնքները եւ յայտնաբերած՝ 1304 կրկնակի վարակման դէպք, վարակներու միջեւ միջին ընդմիջումը կազմելով մօտաւորապէս 9 ամիս: Դէպքերու մեծ մասը եղած է թեթեւ, այդ շարքին՝ այն հիւանդներուն մօտ, որոնք առաջին անգամ ծանր տարած են հիւանդութիւնը։ Մահուան դէպքեր չեն եղած։

Գիտնականները կը նշեն, որ կրկնակի վարակուելու պարագային, հիւանդանոցային բուժումի կամ մահուան հաւանականութիւնը 90%-ով աւելի քիչ է, քան առաջին անգամ վարակուելու պարագային։

Այնուամենայնիւ, գիտնականները կոչ ուղղած են զգոյշ ըլլալու այս արդիւնքները մեկնաբանելու մէջ, առաջին կարգին այն պատճառով, որ կրկնակի դէպքերու գնահատումը կատարուած է նախքան երկրին մէջ «տելթա» տարբերակի լայն տարածումը: Բացի ատկէ, հետազօտութիւնը կատարուած է Քաթարի բնակիչներու ծիրին մէջ, եւ փաստ չէ, որ առողջապահութեան զարգացման այլ մակարդակ ունեցող բնակչութեան մօտ նոյն պատկերը ստացուի։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ