Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թադէոս Եսայեան Բանաստեղծը

                                         ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի ահաւոր վայրէջքին եւ Արեւելահայերէնի տարտամ եւ պղտոր ապագային ի տես, արեւմտահայերէն նոր եւ որակաւոր գիրքի լոյս ընծայումը մեր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէ: Անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի Թէքէեան կեդրոնի մէջ այս շնորհահանդէսը իրականացնելն ալ ունի իր խոր-հուրդը (Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ Եսայեանի «Պարզ ու տաքուկ Բառերով» գիրքին շնորհանդէսը, ուր սոյն խօսքը արտասանեց այս տողերուն հեղինակը  – խմբ.):

Բանաստեղծը խօսք ստեղծողն է, նոր խօսք: Ստեղծագործել կը նշանակէ ներքին յոյզերու, մտահոգութիւններու, ապրումներու, գոհութեանց, իմացա-կան ճառագայթումներու խտացած արտացոլում:

Անգլիացի հռչակաւոր գրող Սոմըրսեթ Մոըմը ըսած է. «Բանաստեղծութիւնը թա՛գն է գեղեցիկ գրականութեան, անոր վախճանն ու նպատակը, մարդկային միտքի վեհագոյն ստեղծագործութիւնը, գեղեցկութեան եւ քնքշութեան գերագոյն արտայայտութիւնը»:

Աստուածային ներշնչումով է որ կը դառնան բանաստեղծ, եւ ոչ իմաստութեամբ, կամ…

Պրն. Թադէոս Եսայեան արդէն աւելի քան 60 տարիէ ի վեր կը ստեղծագործէ… կը գրէ, կը ջնջէ, կ’երազէ, կը ներշնչուի, կը յուզուի, եւ այլն: Այս գիրքը հեղինակի 6-րդ գիրքն է:

Այս գիրքէն եւ նախորդ գիրքերէն տարբեր բանաստեղծութիւններ զետեղուած են դիմատետրի վրայ եւ արժանացած ժողովուրդի սիրոյն եւ գնահատանքին:

Հեղինակի խօսքը վճիտ է ու մաքուր, ճիշդ այդպէս ալ իր նոր գիրքը, զոր վերնագրած է «Պարզ ու տաքուկ բառերով», ես կը նախընտրէի «Խոհք ու խռովք», կամ «Մրմունջ ու մռունչ»: Գիրքի մէջ բանաստեղծութիւնները կ’ընթանան ըստ ժամանակագրական կարգի, 2018-էն 2021 թթ.:

                   Իմ պարտէզիս ծաղիկներով՝ 
                   Յասմիկներով, վարդենիով,
                   Շուշան, մեխակ, մանիշակով,
                   Անուններով ծաղիկներուս
                   Պարտէզ ըրի ես կեանքը ձեր,
                   Սիրուն պարտէզ աղջիկներու...
                   Ո՜հ, սիրեցէք, համբուրեցէք
                   Ծաղկանման վարդաշուրթիկ
                   Աղջիկները ձեր պարտէզին: 

Պարզ, անսեթեւեթ, աւելորդ ածականներէ հեռու: Եսայեան իր նուրբ զգացական ուրոյն աշխարհը ունի, անոր քնարը ունի իւրայատուկ ոճ մը, որ ի՛րն է միայն:

Գարնանային տարեդարձ (նուէր բանահօրս՝ Զաւէն Սիւրմէլեանի յիշատակին) կը գրէ.

                     Թոյր-թոյր վարդի փէշերով, շող ու շաղով արծաթէ
                     Կարծես գարունը եկեր տարեդարձս կը տօնէ,
                     Կանաչ-կանաչ թփուտներ, գոյն-գոյն սիրուն վարդերով
                     Կարծես կարմիր են բերեր սիրածներուս շրթունքէն
                     Ու ճերմակով վարդերուն թաշկինակներ կը ճօճեն... 

Բանաստեղծը հարազատ է իր ներքին ձայնին, սիրտէ ի սիրտ քնարական զրոյցի:

Մաքուր արեւմտահայերն՝ սէր, լոյս, հայրենիք, մայր, բնութիւն: Եւ ահա Զապէլ Եսայեանի շունչով – Ազատութեան սէրս- Էջ 10:

            Բոլոր Մայրերուն նուիրուած քողտրիկ բան. է.

             Աշխարհն ամբողջ թաղարի մէջ ծաղիկով լիք տամ քեզի՝ քիչ է քեզի,
             Պսակ պսակ վարդ ու շահպրակ դնեմ գլխուդ արեւի՝ քիչ է քեզի
             Շալակ շալակ ուսիս վրայ բերեմ շողերն արեւի՝ քիչ է քեզի
             Կոկոն կոկոն կակաչուքներ փռեմ ճամբուդ որ բացուի՝ քիչ է քեզի: 

Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան բազմերանգ օղակներէն մին է Պրն. Թադէոս Եսայեանի քերթութիւնը: Հեղինակը աւանդապահ ճշմարիտ բանաստեղծն է, ան հեռու է անտեղի, յաճախ անհասկնալի նորարարութիւններէ: Վահէ Օշական, եւ Գէորգ Պըլըտեան օրինակ բերել:

            Նուէր բանահօր Շարլ Ազնաւուրին – Անոնք ինկան (2 տուն… էջ 26)

            Վ. Թէքէեան գրած է՝

                            Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
                            Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
                            Զինքը ո՜րքան սիրեցի...
                            Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ: 

Եւ ահա Թադէոս Եսայեան իր բանահօր Վահան Տէրեանի յիշատակին –Սիրտ իմ ներէ, կ’արտայայտուի այսպէս.  (էջ 27): Ուրիշ տեղ մը բանահօր Վահան Թէքէեանին -Սէրս բանաստեղծութիւնը, էջ 43

Դիւրին չէ նոր խօսք ստեղծելը, տաղանդ պիտի ունենաս… ժամանակին երբ 14-16 տարեկան էինք, ինչպէս ձեզմէ շատերը, փորձեր կատարած էինք գրելով մանաւանդ սիրոյ մասին…կ’ուրախանայինք վանկերը եւ տողերու վերջաւորութիւնները բռնեցնելով… անշուշտ մերը պատանեկան փորձեր էին, պարզ ոտանաւորներ: Այո, իսկական բանաստեղծութիւնը մէջդ պիտի արթնցնէ նոր կայծ, պիտի զգաս զայն, պիտի սիրես եւ կրկին կարդաս, դող պիտի տայ որպէսզի ամբողջութեամբ ըմբոշխնես:

Բանաստեղծը նայուածք պիտի ունենայ, մեր չտեսածը պիտի տեսնէ, կարեւորն ու գեղեցիկը մեզ մատուցէ, գեղարուեստական նրբութեամբ, պատ-կերներով գեղագիտական հայճոյք պատճառէ:

            ԵԹԷ – բանահօրս Քիփլինկի յիշատակին (էջ 86):

Կան Արցախի եւ Շուշիի նուիրուած այլ բանաստեղծութիւններ: Ժամանակի առումով բոլոր բանաստեղծութիւններուն չենք կրնար անդրադառնալ անշուշտ:

1960-2000-ական թ.ը Սփիւռքի բանաստեղծութեան համապատկերին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն աւանդապահները, գրելաձեւը, կառոյց, սէր, հայրենիք եւ հայու հոգին (հայապահպանում), գրեթէ նոյնն է բոլորի մօտ: Անոնցմէ կը յիշենք՝ Ժագ Յակոբեան, Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Ադդարեան, Պէպօ Սիմոնեան, Զարեհ Մելքոնեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Զարեհ Խրախունի, Եդուարդ Սիմքէշեան, Վահէ Վահեան, Գեղամ-Գեղակ, Թադէոս Եսայեան եւ այլք: Անշուշտ այլ են որակները, նիւթի եւ մատուցման ձեւերը:

Բանաստեղծ Կարապետ Սիտալը ունէր 11 հատոր բանաստեղծութիւն: Վահրամ Հաճեանը 20 հատոր բանաստեղծութիւն եւ արձակ, Աբրահամ Ալիքեան, եւ նման ուրիշներ… այսօր անոնց բանաստեղծութիւններու հատորները չկան, որպէսզի կարդացուին, ո՞վ կամ ովքե՞ր պիտի համակարգեն, ո՞վ պիտի կարենայ ի մի բերել ծաւալուն բազմահատորներ, որպէսզի նոր սերունդը -թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Սփիւռք- աւելի եւս տեղեակ ըլլան, թէ Սփիւռքի մէջ ովքեր ստեղծագործած են…եւ կարդա՛ն… եթէ կարդան

Սիրելի ներկաներ չերկարելու համար կարճ կապեմ:

Սիրելի Պրն. Եսայեան, վարձքդ կատար, վաստակդ արդար, քաջառողջութիւն, որպէսզի ստեղծագործես ի փառս հայ գիրի, բանաստեղծութեան եւ գիրքի պահպանման, զարգացման եւ յարատեւման: Կրկին կը շնորհաւորեմ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ