Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նարեկ»՝ Մատեան Լոյսի Եւ Սրբութեան»

Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ քհնյ. Արամեանի՝ ««Նարեկ»՝ Մատեան Լոյսի Եւ Սրբութեան» խորագիրով բանախօսութիւնը, որուն եկած էին ունկնդիր ըլլալու բազմաթիւ հաւատաւոր եւ ընթերցասէր  հայորդիներ:

Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց առաջնորդարանի աշխատակից Նորայր Պօղոսեան, որ բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, ամփոփ կերպով ներկայացուց հեղինակը եւ անոր կողմէ կատարուած մեծածաւալ թարգմանական աշխատանքը:

Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ օրուան բանախօս Մեսրոպ քհնյ. Արամեանին, որ նախապէս իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով առաջնորդին՝ այսպիսի ընդունելութեան եւ շնորհահանդէսի կազմակերպման համար, հանգամանօրէն ներկայացուց Նարեկացիի աղօթամատեանի իր թարգմանութեան ընթացքը, որ տեւած է շուրջ երեսուն եւ աւելի տարիներ:

Տէր հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ յաղթահարուած այն դժուարութիւններուն՝ յատկապէս լեզուական որոշ կառոյցներու հասկանալի դարձնելու առումով, որոնք ի յայտ էին եկած թարգմանութեան ընթացքին:  Ըստ անոր ձեւակերպման՝ Նարեկացի աղօթամատեանը «ողբերգութիւն չէ, այլ սրբանալու ուրախարար  ճանապարհ մըն է, անիկա հայելի մըն է, որ կատարեալ կերպով մեզ ցոյց կու տայ մեր անձերը՝ ամբողջովին անկեղծ, Աստուծոյ առջեւ կանգնելէն կամ աղօթելէն առաջ»:

Ապա տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարցում-պատասխանի պահ մը, յընթացս որուն հարցեր ուղղեցան տէր հօր՝ ի մասնաւորի Նարեկացիի աղօթամատեանի բուժիչ յատկութիւններոն մասին, որ դարեր ի վեր ուղեկից եղած է մեր ժողովուրդին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որ կը պատմէր տէր հօր կատարած ուխտագնացութեան մասին՝ դէպի Արեւմտեան Հայաստանի Վասպուրական նահանգի այն ժայռափոր քարայրը, որ երկար տարիներ ճգնատեղի եղած է տիեզերահռչակ սուրբին համար:

Երեկոյին հաճելի եւ հոգեզմայլ պահ մը պարգեւեց Սրբոց Ղեւոնդենաց առաջնորդանիստ Մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումը՝ Րաֆֆի սրկ. Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ:

Հուսկ բանքով հանդէս եկաւ ռաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ երեկոն որակեց՝ իբրեւ հոգեւոր խոկման եւ աղօթքի երեկոյ մը, նշելով. «Տէր Մեսրոպի հոգու թռիչքով Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանը՝ տիտղոսագրուած արեւելահայերէն նոր թարգմանութեամբ՝ հրաւէր մըն է բոլորիս, որպէսզի Նարեկացիի հետ մենք եւս բարձրանանք Թափօր լեռը պայծառակերպուելու համար: Այսօր երախտապարտ ենք, որ մեր հոգեւոր գանձարանը կը ճոխացուի մնայուն արժէքով մը, ինչը իւրաքանչիւր ընթերցողի հոգին կը թրծէ Աստուծոյ ներկայութեամբ»: Սրբազանը վերյիշեց նաեւ դեռեւս քառասուն տարիներ առաջ իր կատարած ուխտագնացութիւնը՝ դէպի Նարեկավանք եւ տիեզերահռչակ սուրբի ժայռափոր ճգնատեղին:

Իր խօսքի վերջաւորութեան, սրբազանը ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց նաեւ այս եւ նմանօրինակ գործերու կարեւորութիւնը՝ դրուատելով եւ օրհնելով թարգմանիչ հեղինակին ու անոր իրականացուցած բացառիկ աշխատանքը:

Այնուհետեւ ձեռնարկին աւարտին, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ