Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Տպաւորիչ միջոցառումով նշուեցաւ Տոքթ. Արշակ Գազանճեանի «Մեր դիտանկիւնէն» գիրքի շնորհանդէսը

«Մասիս» շաբաթաթերթի պատմութեան մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2021-ին, Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի վերանորոգուած սրահին մէջ: Նախաձեռնութեան նպատակն էր պատշաճ շնորհանդէսով մը  ընթերցասէր հասարակութեան ներկայացնել վաստակաշատ խմբագիր` Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի նոր գիրքը` «Մեր դիտանկիւնէն ազգային մտորումներ ու կեցուածքներ» հատորը:

Հակառակ համավարակի նախազգուշական պայմաններուն` հոծ հասարակութիւն մը փութացած էր: Ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ.. Համբիկ Սարաֆեան,  Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբճեան, Արժ. Տ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան, Հայ Աւետարանական համայնքէն` Վեր. Ճօ Մաթոսեան, Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, Վեր. Տիգրան Շանլեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան  գործադիր տնօրէն` Տէր եւ Տիկ. Զաւէն եւ Սոնա Խանճեան, ՌԱԿ Շրջանային  Վարչութեան ատենապետ Տոքթ.. Ռաֆֆի Պալեան, ինչպէս նաեւ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Վազգէն  Խոտանեան եւ քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ ու «Մասիս»ի բարեկամներ:

ՍԴՀԿ Մամլոյ Դիւանի եւ կազմակերպիչ մարմնի անունով ընկ. Գաբրիէլ Մոլոյեան, հակիրճ խօսքով ներկաները ողջունելէ ետք, բեմ հրաւիրեց «Մասիսի» խմբագիրներէն եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատեանպետ` Յարութ Տէր Դաւիթեանը, որպէսզի ընթացք տայ յայտագրին: Ան որպէս հանդիսավար իր զարմանքը ու գնահատանքը յայտնեց որ «Մեր դիտանկիւնէն» գիրքի հեղինակը ըլլալով բժիշկ ու անոր խմբագիրը ըլլալով իրաւաբան` նուիրական գործ մը կատարած են հրատարակելով սոյն կոթողային գործը:

«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր` ընկ. Գրիգոր Խոտանեան ողջոյնի խօսքով հանդէս գալով, բարձր գնահատեց Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի տասնեակ տարիներու արդիւնաշատ գործունէութիւնը թէ՛ որպէս խմբագիր, թէ՛ որպէս գրող եւ թէ՛ հասարակական գործիչ: Իսկ որպէս թերթի խմբագիր` ան իր «Մեր անկիւնէն» խմբագրականներով կրցաւ հարազատ թարգմանը հանդիսանալ մեր կազմակերպութեան վարած առողջ քաղաքականութեան, մասնաւորաբար` հայութիւնը յուզող հիմնական հարցերու առնչութեամբ:

Ողջոյնի  սրտաբուխ ջերմ խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ սփիւռքահայ բազմավաստակ գրող եւ վերջերս նոպելեան մրցանակի արժանացած գիտնական Արտեմ Փաթափութեանի հայրը` Սարգիս Փաթափութեան (Վահագն): Իսկ գաղութիս ծանօթ արուեստագիտուհի, տաղանդաւոր ասմունքող Թագուհի Արզումանեան, ընտրանի հատուածներ կարդաց «Մեր դիտանկիւնէն» հատորէն, ներկաները մօտէն հաղորդակից դարձնելով Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի մտորումներուն:

Օրուան գխաւոր բանախօսն էր ծանօթ իրաւաբան եւ հասարակական գործիչ` Ռուբէն Աւշարեան: Ան յատկապէս նշեց «Մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է ինծի համար կանգնիլ այս ամպիոնի ետին եւ լոսանճելոսահայ գաղութի ընտրանիին ներկայացնել նորատիպ գիրք մը, որ կը բովանդակէ բազմավաստակ ազգային-հասարակական հրապարակագրի եւ մասնաւորաբար հաւասակշռուած ղեկավարի մը, յանձինս Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի ստորագրած վերջին 100 յօդուածները, որոնք` երկարատեւ տարիներու ընթացքին լոյս տեսած են «Մասիս» շաբաթաթերթի «Մեր անկիւնէն» խորագրին տակ:

Անդրադառնալէ ետք Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի կենսագրական գիծերուն` Ռուբէն Աւշարեան հանգամանօրէն ներկայացուց Արշակ Գազանճեանի բազմաբնոյթ եւ բազմերանգ յօդուածները, որոնց մէջ ընդգրկուած են ազգային եւ հայրենական, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական եւ արցախեան գոյապայքարի տարբեր երեսները:

«Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի մտահոգութիւններուն եւ գրութիւններուն մէջ անպակաս մնացած են նաեւ Միջին Արեւելքի քաղաքա-տնտեսական խնդիրները: Ան մասնաւոր կեդրոնացումի արժանացուցած է լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սուրիական տագնապը, անմիջական եւ շեշտակի կերպով ահազանգի ենթարկելով սուրիահայ գաղութի տնտեսական եւ ապահովական իրավիճակը»:

«Հարուստ եւ այժմէական նիւթերու կողքին, Տոքթ.. Գազանճեան որպէս խմբագիր, մասնաւոր կարեւորութիւն տուած է բնութագրելու Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ազգային, քաղաքական եւ ազգային պահանջատիրական դիրքորոշումներուն: «Մասիս» շաբաթաթերթով ան շարունակած է հետեւողականօրէն ու աններող կեցուածք որդեգրել բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք` հատուածական եւ կամ անձնական շահերով կ’առաջնորդուէին, սփիւռքեան եւ կամ հայրենական կառուցողական պայմաններու ներքեւ»:

«Հեղինակը`գնահանտանքի խօսքեր ունի կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներ Աւետիս Տէմիրճեանի, Ժիրայր Նայիրիի եւ Պէպօ Սիմոնեանի հանդէպ, ըստ արժանւոյն բնութագրելով անոնց գործերը: Իսկ անոնց մահը դառն ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ»:

Ռուբէն Աւշարեան իր ելոյթի աւարտին ըսաւ. «Հպարտութեամբ կը կրկնեմ «Մեր դիտանկիւնէն.- ազգաիյն մտորումներ եւ կեցուածքներ» հատորի նպատակը` գաղափարակից ընկերոջ մը` յանդուգն եւ հաւասարակշռուած ղեկավարի մը եւ չափաւորական խմբագրի մը, նուիրական ծառայութիւնը` մեր ապագայի սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելն է: Պատիւս արժանաւորաց»:

Օրուան «մեծարեալ»ը Տոքթ.. Արշակ Գազանճեան իր շնորհակալութիւնները յայտնելէ ետք, սոյն միջացառումը նախաձեռնողներուն եւ յայտագրի մաս կազմողներուն յարեց.- «Իմ ամբողջ քաղաքական տրամաբանութիւնը` միասնութիւնն է եւ համագործակցութիւնը: Դուք ձեր ներկայութեամբ մեզ ոգեւորցիք եւ առաւելապէս լիցքաւորեցիք»:

Փակման խօսքը կատարեց թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ան իւրայատուկ պերճաօսութեամբ, դրուատեց Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանի բարեմասնութիւնները, ապա ընդգծեց. «Դուք մեզ ոգեւորցիք հայրենական տեսիլքով: Որպէս հայ եկեղեցւոյ զաւակ կը խոնարհինք ձեր մեծութեան առջեւ: Այս գիրքը` լիարժէք կերպով ներկայացուց ձեր հայելին: Ան ձեր կեանքի ճանապարհորդութիւնն է: Ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարին եւ կը խոնարհինք ձեր վաստակին առջեւ»:

Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, պատրաստուած ՀՄՄ-ի Տիկնանց Վարչութեան կողմէ: Ստեղծուած էր ընկերա-բարեկամական սիրալիր ջերմ մթնոլորտ մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցան շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ ուղղուած Տոքթ.. Արշակ Գազանճեանին: Տեղւոյն վրայ մակագրուեցան տասնեակ մը հատորներ հեղինակին ստորագրութեամբ:

Ներկաները սրահէն բաժնուեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Մեծարանքի երեկոյի նմանող բարձրորակ միջոցառում մըն էր, որուն համար կը շնորհաւրոենք կազմակերպիչները:

Մ.
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ