Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Համահայկական Գաղափարախօսութեան (ՀՀԳ) Գործադրութեան Աժյմէականութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Ճարտարագէտ
Պատուոյ անդամ ՌԱԿ Կեդր. Վարչութեան

Համահայկական գաղափարախօսութեան նպատակն է անհրաժեշտ հիմերը դնել հայ ազգի յետագայ զարգացման գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել համայն հայութեան զարգացման ու բարգաւաճման վրայ։ Ստեղծել նաեւ հոգեւոր ամուր կապեր սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, միաւորելով բոլոր հայ կազմակերպութիւնները մէկ հովանիի տակ։ Նկատի առնելով այս ծրագրին խիստ կարեւորութիւնը, ՌԱԿ-ի Հայ Դատի Խորհուրդը պատրաստեց եւ հրատարակեց գրքոյկ մը ՀՀԳ-ի մասին 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով։ Այս գրքոյկի պարունակութիւնը պիտի օգտագործուի նաեւ իբրեւ ուղեցոյց Հայաստանը այս դժուարին կացութենէն դուրս բերելու միջոցներու առաջարկներով։

Անդրադառնալով այն կարեւոր իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան 2015-2020-ի միջեւ, հետեւեալ պատկերը կը տեսնանք։ Առաջինը 2016-ի չորս օրուայ պատերազմն էր, ուր ատրպէյճանական բանակը յարձակողականի անցաւ հայկական դիրքերու վրայ եւ հայկական բանակը կրցաւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը։ Այս յարձակումը այն տպաւորութիւնը կու տար թէ Ատրպէյճան կը փորձէր գիտնալ հայկական բանակի մարտունակութիւնը եւ դիմադրական ուժը։ Երկրորդը, ժողովրդական մեծ շարժումն էր, որ տեղի ունեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուան տակ, ստեղծելով մեծ ոգեւորութիւն Հայաստանի ժողովուրդին մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայ գաղութներէն ներս։ Իսկ երրորդը 2020-ի 44 օրուայ պատերազմն էր, որուն մասին արտայարտուեցանք «Նոր Օր»ի անգլիատառ բաժնին մէջ։

Պատերազմը կանգ առաւ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով, բայց փոխարինուեցաւ ժողովրդական ցոյցերով եւ անկայուն քաղաքական երեւոյթներով Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ներս, մինչ Ալիեւ հրապարակային ելոյթներով Սեւանայ լիճը եւ Երեւանը իբրեւ Ատրպէյճանի հողամաս կը յայտարարէր, իսկ Մեղրիի եւ Սիւնիքի միջացքներու ծրագիրներու իրականացման համար մարտահրաւէրներ կ՚ուղղէր Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) կառավարութեան՝ միեւնոյն ատեն Ատրպէյճանի բանակը ներխուժումներ կը կազմակերպէր Հայաստանի սահմաններէն ներս։

Դժբախտաբար Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան անկարող եւ տկար վիճակին պատճառով այսպիսի ոտնձգութիւններ դեռ կը շարունակուին։ Ռազմափորձեր տեղի ունեցան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ նոր պատերազմի մը կը պատրաստուին Հայաստանի դէմ։ Եթէ այս գործողութիւնները եւ ճնշումները շարունակուին առանց հակադարձութեան ՀՀ-ի կողմէ, մեր հայրենիքի գոյութիւնը հարցականի տակ կը մնայ։ Նկատի առնելով այս շատ վտագաւոր կացութիւնը, անմիջական եւ վճռական քայլեր առնելու պէտքը կայ այս վիճակէն դուրս գալու համար։

Ուրեմն կ՚ուզենք առաջարկել, որ այս պայթուցիկ եւ սպառնական վիճակին առաջքը առնելու մտադրութեամբ անմիջապէս կազմուի Հայաստանի փրկութեան բարձր մակարդակի մարմին մը՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձառու եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէ, որ անմիջական քայլեր առնեն՝ հնարաւորութիւն տալու համար ՀՀ-ին միջոցներ եւ քայլեր ձեռք առնելու տուեալ կացութեան մէջ: Նմանապէս, օգտուելով սփիւռքի հայութեան կարողականութիւններէն, առիթ տալ ՀՀԳ-ին գործադրութեան դնել իր ծրագիրները:

Ստորեւ ՀՀԳ-ի ութը հիմնարար առաջարկներու ցանկը։

1.- Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հետ կատարուած առաջարկներ

* Վերակազմել հայկական բանակը հետեւելով Իսրայէլի եւ Զուիցերիոյ օրինակներուն եւ օգտագործելով արտասահմանի հայ զինուորականներու փորձառութիւնները։

* Պարտադիր զինուորական ծառայութիւն 18-20 տարեկան տղաներու եւ աղջիկներու համար, ինչպէս նաեւ քաջալերել արտասահմանի հայ երիտասարդները, որ ծառայեն հայկական բանակին մէջ։

* Զինուորական կցորդներ ղրկել Հայաստանի արտասահմանեան դեսպանատուներ։

* Հայրենասիրական կրթութիւն եւ զինուորական պատրաստութեան ծրագիրներ դպրոցներու մէջ։

* Վերջին արտադրանք ելեքտրոնային զէնքերու եւ սարքաւորումներու արտադրութեանց գործարաններ Հայաստանի մէջ։

* Զօրացնել սահմանային գիւղերու պաշտպանութիւնը։

  1. Հայկական պետականութեան ամրապնդման օրէնքներ հիմնուած ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ

* Ամէն գնով պաշտպանել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

* Հետապնդել թրքական գրաւման տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ:

* Շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայոց իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պահանջել փոխ-հատուցում Հայոց կրած նիւթական կորուստներուն համար։

* Հիմնականօրէն արմատախիլ ընել համատարած կաշառակերութիւնը եւ փտախտը։

3. Դրացի եւ ուրիշ բարեկամական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդում

* ՀՀԳ նպատակներուն մաս կը կազմէ ստեղծել խաղաղ եւ անվտանգ միջավայր Հայաստանէն ներս եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ բարեկամ երկիրներու հետ, որոնց կարգին Իրանի, Վրաստանի, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Արաբական աշխարհի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։ Դժբախտաբար նման յարաբերութիւններ ներկայիս կարելի չէ ունենալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, որոնք կը շարունակեն թշնամական եւ զաւթողական դիրք բռնել Հայաստանի հանդէպ։ Աւելին, վերջիններս իրենց զաւակներուն ատելութիւն կը քարոզեն հայերու հանդէպ, թունաւորելով անոնց հոգիները։ Եթէ աւելցնենք պաշտօնական անձնաւորութիւններու բացայայտ արտայայտութիւնները բնաջնջելու Հայաստանի հայութիւնը, կրնանք եզրակացնել թէ ծայրայեղ եւ ոճրագործ դրացի ազգութիւններու հետ հաշուի պէտք է նստինք եւ համապատասխան բիրտ ուժի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն որդեգրենք եւ գործօն կերպով միջազցային ատեաններու ուշադրութեան յանձնենք։

4. Հայրենադարձութեան ծրագիրներ

ՀՀԳ ջատագովն է այս շատ կարեւոր եւ այժմէական հայրենադարձութեան ծրագիրներու գործադրութեանց, մանաւանդ երբ նկատի առնենք շարունակական արտագաղթը, որ կը տկարացնէ Հայաստանի ապահովութիւնը։ Անմիջական անհրաժեշտութիւնը կայ այս արիւնահոսութիւնը կասեցնելու եւ մեծ ծաւալով հայրենադարձութեան աշխատանքներուն ձեռնարկելու։

5. ՀՀԳ կրթութեան ծրագիր

ՀՀԳ կարեւոր առաքելութիւններէն մէկն է ապագայ սերունդին առողջ ու նպատակասլաց կրթութեան հիմը դնել, շեշտելով հայրենասիրութեան, քաղաքացիական պատասխանատուութեանց, ժողովրդավարական օրէնքներու գերակայութեանց եւ ծառայելու հայրենի բանակին մէջ։

ՀՀԳ կը ջատագովէ ազգային եւ հաւաքական նոր (ի՞նչ նոր միջոցներ-Մ.Գ.) միջոցներու ստեղծման, որպէսզի գիտութեան միջոցները օգտագործելով Հայաստանի ռազմական արդիւնաբերութիւնը այնպիսի բարձր մակարդակի մը հասցուի, որ կարենայ յաղթահարել թշնամի պետութեանց նիւթական եւ մարդկային թուաքանակի առաւելութիւնները։

6. ՀՀԳ որդեգրած ազգային արժէքներու խթանումը եւ պահպանումը

Ազգային արժէքներու խթանումը եւ պահպանումը անբաժան օղակը կը կազմէ ՀՀԳ ծրագիրներուն՝ ընդգրկելով աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային արժէքները։ Նկատի ունենալով որ հայկական քաղաքակրթութիւնը կ՚երկարի 5000 տարի, որ դարերու ընթացքին ամբողջացած է, հարստացած է եւ արդիականացած է ընդգրկումովը դրական բարքերու եւ սովորութիւններու։ ՀՀԳ կը ջատագովէ պահպանումը մեր հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ կը զգուշացնէ մեր նոր սերունդը հեռու մնայ օտար վնասակար սովորութիւններէ եւ ազդեցութիւններէ։

7. Ազգային ինքնութեան սահմանում

Նկատի առնելով աշխարհասփիւռ հայութեան վիճակը, ՀՀԳ-ն հետեւեալ մօտեցումը որդեգրած է որոշելու անձի մը հայ ըլլալու հանգամանքը. հետեւեալ խմբակներու պատկանողները կը նկատուին հայ.

*  Հայ քրիստոնէական երեք յարանուանութիւններու անդամները.

*  Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի ծնունդով հայերը եւ անոնց զաւակներն ու  թոռները

*  Հայկական «եան» մականունով անձերը (ի բացառեալ հնդեւրոպական -ean, -ian, -yan,  -gnan պատկանելիութիւն ցոյց տուող մականունները եւ «ծածուկ» օտարազգիները – ???)

*  Իսլամացած հայերը

*  Համշէնահայերը, տերսիմահայերը

*  Օտար մականուններով անձերը, որոնք ինքզինքնին հայ կը նկատեն:

ՀՀԳ ջատագովն է հայկական ինքնութեան պահպանումի բոլոր ջանքերուն սփիւռքի մէջ։

8. Սփիւռքի եւ ՀՀԳ կեցուածքները Հայաստանի վերջին զարգացումներուն առթիւ

1. 44-օրեայ պատերազմը եւ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը անընդունելի են, քանի որ  պարտադրուած են բիրտ ուժի միջոցաւ։ Կողմերը պէտք է վերադառնան Սեպտեմբեր 27-ի դիրքերուն եւ հարցերը լուծեն բանակցութիւններու միջոցաւ։

2. Հայաստանը եւ սփիւռքը դիւանագիտական միջոցներով պէտք է աշխարհի պետութիւններուն ներկայացնեն Արցախի հայկական հողամաս ըլլալու փաստերը։

3. Շուտափոյթ կերպով հայկական բանակը պէտք է վերակազմուի եւ արդիականացուի։

4. Ազերի բանակը Հայաստանի հողերէն հեռացուի։

5. Մեղրիի եւ Սիւնիքի միջացքներու ծրագիրները անընդունելի են եւ կը նկատուին Հայաստանի շահերուն դէմ։ Հայաստանը պատրաստ պէտք է ըլլայ, եթէ թշնամին դիմէ բիրտ ուժի գործածութեան։

6. Նկատի առնելով որ Քրեմլինը 44 օրուայ պատերազմին իր մեղսակցութիւնը բերած է Հայաստանի պարտութեան, դարձած է անվստահելի դաշնակից մը Հայաստանի շահերէն եւ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն։ Հայրենիքը պէտք է համարձակութիւն ունենայ նոր դաշնակից եւ բարեկամ ազգերու հետ զինուորական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ մշակելու։ ՀՀ-ն պէտք է Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի ծրագրին մաս կազմէ Հնդկաստասնի, Պարսկաստանի եւ Վրաստանի հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ