Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Համազգային Միասնականութեան Ի Խնդիր. Յայտարարութիւն

Մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը դէմ յանդիման կը գտնուին արտակարգ կերպով ճգնաժամային ժամանակաշրջանի մը, որ մեզի համար կրնայ ըլլալ խստօրէն բախտորոշ։ Ծայր աստիճան ճնշող այս իրավիճակին ներքոյ, հրամայականօրէն անհրաժեշտ է գոյաւորել համազգային լիակատար միասնականութիւն, յանգիլ կարենալու համար հնարաւոր լաւագոյն արդիւնքներուն։

Այս իսկ նախանձախնդրութեամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան յատուկ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեանի, պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30-ին:

Քննարկման առարկայ դարձան ներկայիս մեզ յուզող հիմնահարցերը՝ Արցախի կարգավիճակի յստակացման անհրաժեշտութիւնը, սահմանազատման եւ սահմանագծման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, ճանապարհներու եւ անոնց վերահսկողութեան առնչուող հանգամանքները։ Յիշեալ բոլոր հարցերուն կապակցութեամբ Պարոն Վարչապետը տուաւ իր բացատրութիւնները։

Ընդգծուեցաւ, մանաւանդ, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու առաւել եւս ամրապնդման անյետաձգելիութիւնը։

Պարոն Վարչապետը շեշտեց կարեւորութիւնը այսօրինակ հանդիպումներու եւ քննարկումներու, յատկապէս նկատի ունենալով ՌԱԿ-ի ո՛չ միայն հարիւրամեայ ազգօգուտ գործունէութիւնը, այլ նաեւ՝ դերը սփիւռքի ներկայ իրադրութեան մէջ։

Ղեկավար մեր ընկերները հաւաստիացուցին թէ, մասնաւորաբար վճռորոշ այս ժամանակամիջոցին, ՌԱԿ-ը կը վերահաստատէ իր անսակարկ աջակցութիւնը հայրենի մեր  ժողովուրդին եւ պետականութեան, որպէսզի յաջողութեամբ յաղթահարուին մեր ազգին առջեւ ծառացած այլեւայլ բոլոր խոչընդոտներն ու  բարդութիւնները։     

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՄԼՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆ
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ