Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Դիմադրողականութիւնը Զօրացնելը Կարեւոր՝ Ցուրտ Եղանակին

Առողջ ապրելաձեւը տարուան ցուրտ եղանակին կրնայ նպաստել դիմադրողականութեան: Բայց ճիշդ ի՞նչ պէտք է ընել ատոր համար: Այս մասին իրենց կարծիքը յայտնած են ամերիկացի սննդաբանները։

«Հաւասարակշռուած սննդականոնը՝ չափաւորութեան եւ այլազանութեան շեշտադրումով, յաջողութեան բանալին է: Սննդականոնին մէջ պտուղներու, բանջարեղէնի, ամբողջահատիկներու, օգտակար ճարպերու, խոտաբոյսերու եւ համեմներու ներառումը օրկանիզմը կ՛ապահովէ սննդանիւթերով, որոնք անհրաժեշտ են բորբոքային զարգացման ընթացքին դէմ պայքարելու համար»,- ըսած է սննդաբան Քրիսթեն Քարլին:

Անոր խօսքով, կը յանձնարարուի սննդականոնին մէջ աւելի պտուղներ եւ բանջարեղէն աւելցնել, իսկ ուտելիքներ պատրաստելու ժամանակ աւելի կանաչեղէն, բնական համեմներ եւ հիւթեր (օրինակ՝ լեմոն) օգտագործել: Այս ուտելիքները կ՛ընդլայնեն «ֆայթօքիմիական» այն նիւթերու խտութիւնը, որոնք կ՛օգնեն պայքարելու բորբոքումներու դէմ եւ միեւնոյն ժամանակ կը բարելաւեն ուտելիքին համը՝ առանց մեծ քանակութեամբ աղ աւելցնելու։

Բժիշկ-սննդաբան Քիթ-Թոմաս Այոոպ կը յանձնարարէ կանոնաւոր ձեւով կանաչ թէյ խմել, որովհետեւ հարուստ է «հակաօքսիտանթ»ներով եւ «քաթեխին»ներով, որոնք կը ճնշեն մարմնի բջիջներ ներթափանցելու «կրիփ»ի եւ սուր շնչառական ժահրերու ունակութիւնը:

Մասնագէտը կը յանձնարարէ նաեւ փոքր մութ գոյնի տուրմ (բաղադրութեան մէջ պէտք է առնուազն 70% քաքաոյի հատիկներ ըլլան) ուտել, որ հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունի «ֆլավանոլ»ներու պարունակութեան շնորհիւ, որոնք դրական ձեւով կ՛ազդեն արիւնատար անօթներու պատերու առաձգականութեան վրայ եւ կը նպաստեն արեան շրջանառութեան բնականացման։

Ըստ սննդաբան Էմի Կորինին, յունական ընկոյզը նաեւ կ՛օգնէ բարձրացնելու դիմադրողականութիւնը: Ընկուզեղէնը հարուստ է ճարպերով, վիթամիններով եւ հանքանիւթերով եւ կը պաշտպանէ նեարդային համակարգը գերլարուածութենէն ու կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը։

Մասնագէտին խօսքով, դիմադրողականութիւնը բարձրացնող ուտելիքներու ցանկին մէջ կարելի է աւելցնել նաեւ սուրճը, որովհետեւ անիկա հարուստ է «հակաօքսիտանթ»ներով։ Սակայն մասնագէտը չի յանձնարարեր չափէն աւելի օգտագործել սուրճը։

Սննդաբան Անժելա Հոուլին իր կարգին նշած է, որ քրքումին վառ գոյն եւ համ տուող քրքումինը նոյնպէս յայտնի է օրկանիզմին վրայ իր հակաբորբոքային ազդեցութեամբ։ Մասնագէտը կը յանձնարարէ ուտելիքներ պատրաստելու համար իսկական հնդկական քրքում ձեռք ձգել եւ փնտռել այնպիսին, որուն մէջ կարելի եղած չափով քիչ լրացուցիչ բաղադրիչներ ըլլան:

Eat This, Not That! թերթի փորձագիտական խորհուրդի անդամ Լորէն Մանակեր իր կարգին յանձնարարած է օգտակար ուտելիքներու ցանկին մէջ նարինջի բնական հիւթ աւելցնել։ Անոր խօսքով՝ նախաճաշին մէկ գաւաթ թարմ նարինջի հիւթը կ՛օգնէ պայքարելու օրկանիզմին մէջ բորբոքային զարգացման գործընթացներու դէմ։

afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ