Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Ասացուածքներ Թրքերէնէ Թարգմանուած Գիրքի Շնորհանդէս

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հայ ազգը, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք, կորսնցնելով երկիր ու պետութիւն, ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան: Հայ ժողովուրդը կորսնցուց ո՛չ միայն պետութիւն ու երկիր, այլ նաեւ յարաբերաբար մշակոյթ եւ լեզու: Հայկական մշակոյթը մօտաւորապէս 600 տարիներ շարունակ գտնուելով թրքական տիրապետութեան տակ, պարտադրաբար ընկալած է նաեւ այդ քոչւոր ցեղերուն մշակոյթը, սովորութիւնները եւ լեզուն: Հակառակ անոր որ ներկայ Թուրքիոյ բնակչութեան միայն 20 տոկոսը թուրք է, ըստ պատմական աղբիւրներուն, սակայն Թուրքիան կարողացած է բռնի կերպով իշխել եւ թրքացնել բնակչութեան մեծամասնութիւնը կամ՝ թրքախօս դարձնել զանոնք, մանաւա՛նդ Կիլիկիոյ շրջանի բնակչութեան մէջ, ինչպէս՝ հայերը, ասորիները, յոյները, քիւրտերը, արաբները եւայլն:

Ահաւասիկ 126 էջերու մէջ ամփոփուած սոյն գրքոյկը, որուն հեղինակն է նոյն վարժարանին եւ ուսուցիչներուն հունձքէն հասակ առած իմ գրչեղբայր Գէորգ Քէօշկերեանը, կը ներկայացնէ Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին գործածուած ասացուածքներու տրցակ մը, որոնք մինչեւ մեր նախկին սերունդի անդամներուն կողմանէ (ըլլալով թրքախօս), գործածութեան մէջ էին:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան  վարչութեան կազմակերպութեամբ պատրաստուած երեկոյ մըն էր վերոյիշեալ գիրքին շնորհանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 12 Դեկտեմբերի 2021-ի երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Ալթատինա, Գալիֆորնիա:

Ներկաներու բազմութեան նպատակը կարելի չէր գուշակել թէ՝ հետաքրքրութիւնը հեղինակին կամ՝ ասացուածքներուն էր ուղղուած: Երկու պարագաներուն եւս, սրահը յարատեւ զուարթ մթնոլորտի մէջ էր, մին՝ հեղինակին, (եթէ ծանօթ էք իրեն) իսկ միւսը՝ գիրքի պարունակութեան համար:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց ԹՄՄ-ի վարչական Սիրան Օգնայեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ապա ներկայացնելով օրուան բանախօսները: Օգնայեան ապա հրաւիրեց 4 պարման-պարմանուհիներ, որոնք Փասատինայի Պլէր երկրորդական վարժարան կը յաճախեն, արտասանելու համար բոլորովին անակնկալ եւ առաջին անգամ ըլլալով, հայկական արտասանութիւններ…Համշէնական բարբառով: Ներկաները հրճուանքի եւ յուզումի մթնոլորտի մէջ թողեցին այդ երիտասարդները՝ Լուլու Էքիզեան, Սօֆի Եուսէֆեան, Էլեն Վարդանեան եւ Տարօն Եագուպեան:

Յաջորդ բանախօսն էր տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան, ՀԲԸՄ-ի Գրիգոր Սաթամեան թատերախումբի վարչութեան ատենապետ, որ ընթերցումներ կատարեց Գէորգ Քէօշկերեանի գիրքէն:

Գրիգոր Սաթամեան կատարեց գիրքին ներկայացումը: Անկասկած կրնանք ըսել թէ աշխարհի հայերուն մէջ քաջածանօթ անուն մըն է Գրիգոր Սաթամեանը իր բազմավաստակ մշակութային եւ թատերական գործունէութեամբ: Ան վկայուած է Անգլիոյ Bristol Old Vic թատերական դպրոցէն եւ տարած բազմաբեղուն գործունէութիւն Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ զանազան երկիրներու մէջ ուր հայկական գաղութներ գոյութիւն ունին: Ան իր թատերական նուիրեալ գործունէութեան կողքին դասաւանդած եւ հիմնած է թատերախումբեր Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Լոս Անճելըսի, Պուէնոս Այրէսի, Ֆիլատէլֆիայի եւ այլ զանազան քաղաքներու մէջ:

Գրիգոր Սաթամեան ոչ միայն կարդացած էր գիրքը, որ կը ներկայaցուէր հասարակութեան, այլ նաեւ եղած է գիրքի հեղինակին աշխատակիցը: Ան՝ հմուտ ըլլալով գիրքի ասացուածքներու աղբիւրներուն, որոնք ինչպէս նշեցինք վերեւը, ներկայացուց գիրքին հրատարակման դրդապատճառը, որ կը միտէր պահպանել հայկական ժառանգական ասացուածքներու հարստութիւն մը, որը ժամանակի ընթացքին անհետ պիտի կորսուէր նոր սերունդին մէջ, անոր ոչ հետաքրքիր կամ հետեւողականութեան պատճառով: Սաթամեան խնամքով պատրաստած էր ասացուածքներուն տարբեր  դասերու տրցակներ որոնց համար բեմ հրաւիրեց գիրքի հեղինակը, թրքերէնով ներկայացնելու եւ ապա թարգմանելու համար զանոնք: Երեւակայեցէք գիրքի մը ներկայացումը որուն պարունակութիւնը ինքնին խինդի առիթ է, իսկ ներկայացումը, Սաթամեանին յատուկ երգիծական կերպարով , առաւել եւս գիրքի հեղինակին՝ Գէորգ Քէօշկերեանին կողմէ կը կատարուին:

Տարբեր մշակութային եւ գրական ձեռնարկներէ այլ զանազանուած, շատ հաճելի եւ բոլորովին  ազատ ու նոր կերպարով ներկայացուած գիրքի շնորհանդէս մըն էր, ուր ներկաները ըմբոշխնեցին իւրաքանչիւր ասացուածք ու ներկայացում:

Հանդիսութեան աւարտին, կատարուեցաւ նաեւ գիրքին գինեձօնը, ապա ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան:

Ընթերցողին կը մաղթեմ հաճելի ընթերցում գիրքին եւ շնորհակալութիւն ԹՄՄ-ի վարչութեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ