Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Համագործակցութեան Ղօղանջներ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Արցախի 2020-ի աշնանային 44 օրերու աղիտաբեր պատերազմը, վտանգաւոր կացութեան մատնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ստորագրուած զինադուլը կարծէք ժամանակաւոր է, որովհետեւ սահմանային լուրջ խախտումներ կը գործադրուին Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ, կատարելով գերեվարումներ, պատճառելով վիրաւորներ, խլելով զոհեր սահմանապահ հայոց բանակի միաւորներէն եւ հայաբնակչութենէն։ Եւ ամէն անգամ, խաղաղապահ ռուսական զօրքերու, ինչպէս նաեւ Մինսքի եռանդամ դիւանի միջամտութեամբ, վերահաստատուած է ժամանակաւոր դադար մը։

Տեղի տալով թուրք-ատրպէյճանական ճնշումին, Փութին դիւանագիտական նախաձեռնութիւնը առաւ, միջամտելով համաձայնութիւն մը պարտադրելու, Արցախեան 1988-1994 պատերազմին, Հայաստանի բանակին կողմէ գրաւուած ատրպէյճանական 5+2 հողատարածքները վերադարձնելու պայմանաւորութեամբ։

2020 Նոյեմբեր 10-ին կնքուած զինադուլին մէջ, սահմանային կարգ մը կէտեր անորոշ էին։ Բայց մանաւանդ համաձայնագրին 9-րդ կէտին մէջ կը նախատեսուէր «կողմերու համաձայնութեամբ ապահովել Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող թրանսփորթային հաղորդակցութիւններու կառուցումը»։

Նման պարտադրութիւն մը խոր մտահոգութիւն, բարդութիւններ ու գլխացաւ պիտի պատճառէին Հայաստանի իշխանութեանց, աննպաստ եւ յոյժ առաձգական իր բնոյթով։

Արդէն, սկիզբէն իվեր, Ատրպէյճան խնդրական դարձուցած է շատ մը սահմանագիծեր։ Գալով թրանսփորթային հաղորդակցութիւններու իրագործման, Նախիջեւանէն սկիզբ առնելիք ու Սիւնիքի վրայով Ատրպէյճանի արեւելեան  սահման անցնելիք մայրուղիին համար, կ՚առաջարկուէր արտասովոր լայնքով ազատուղիի մը կառուցումը, որ տեղ տեղ մօտենայ ազերի բանակին կողմէ գրաւեալ հողամասերուն, ուրկէ կարելիութիւն ստեղծուի անմիջական հակակշռի տակ պահել կառուցուելիք երթուղին։

Վերադառնալով այսուհետեւ առնուելիք քայլերուն, առաջնահերթ կը դառնայ Հայաստանի բնակչութեան եւ Ազգային Ժողովին միասնականութիւնը, որքան ալ նսեմացած ըլլայ ընդդիմադիր ճակատը։

Հայաստանի բոլոր կողմերը կամ հոսանքները ստիպողականութեան տակ կը գտնուին, իրերահասկացողութեան մթնոլորտ մը ստեղծել, հակադարձելու համար ազերիական ծայրայեղօրէն տիրապետական քաղաքականութեան, որ ներկայիս կը գտնուի թրքական դիւանագիտական առաջնորդութեան տակ, վայելելով միաժամանակ անոր զինուորական օժանդակութիւնը եւս։

Միջազգային գետնի վրայ, նկատի ունենալու է Ռուսական Դաշնութեան շրջանին մէջ եւ ընդհանրապէս հետզհետէ ընկրկող ազդեցութիւնը։ Կարելի՞ է երեւակայել, Ուքրանիոյ արեւելեան սահմաններու երկայնքին, Տոնպասի մէջ ստեղծուած վտանգաւոր կացութիւնը, որուն մեղմացումին համար Էրտողան կատարած է միջնորդութեան առաջարկ։

Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, ի՞նչ միջոցառումներ կ՚ակնկալուին Հայաստանի իշխանութիւններէն, ու ժողովուրդին անխտիր բոլոր  տարրերէն։

Մէկդի դնելու է տարակարծութիւնները, կամ՝ նուազագոյնին իջեցնելու է զանոնք։ Ապա լծուելու է դրական միջոցառումներու։ 2020 Յունիսի խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ վերջերս կայացած տեղական ընտրութիւնները, կրկնապէս հաստատեցին հայ քաղաքացիներու մեծամասնութեան ժողովրդավար դիրքորոշումը։ Մէկէ աւելի անգամներ, միանգամընդմիշտ, ժամանակավրէպ դարձած են այլեւս օլիկարգ ղեկավարներուն,  այլազան «կուսակցութիւններուն» աղմկայարումները, որքան ալ կաշառակերութիւն գործադրուի։ Հայրենիքի անկախութեան ու գոյատեւման սպառնացող ատրպէյճանական կամ թրքական վտանգը ծանրօրէն մտահոգիչ է։ Պահը օրհասական է։

Ամէն հայ ուր որ ալ գտնուի, արտասահմանի թէ Հայաստանի մէջ, իր օժանդակութիւնը պիտի բերէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Նման անշեղելի կեցուածքով միայն կարելի պիտի ըլլայ դիմակայել, բազմադարեան Հայաստանի գոյատեւման սպառնացող վտանգը։

Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) Հոկտեմբեր 17-ի, Նոյեմբեր 14-ի եւ Դեկտեմբեր 5-ի վերջին ընտրութեանց առիթով, քաղաքական մթնոլորտը մեղմացած է։ Ատենն է, եւ յոյժ փափաքելի, որ սփիւռքի մէջ եւս, կուսակցական երկու գլխաւոր խմբաւորումներու ղերավարութեանց ներքին անհեթեթ պառակտումները վերանան, ափիւռք-Հայաստան համահայկական ճակատը կազմելու եւ զօրացնելու համար։

Վերոյիշեալ հանդուրժողական ընդհանուր մթնոլորտը օրինակ ծառայելու է, զարգացնելու ու միաժամանակ աւելի զօրացնելու ժողովրդային միասնականութիւնը։ Դժուարին օրերը հետզհետէ բարելաւուելով, գործակցական ոգիով նուիրուելու է դրական գործունէութեանց՝ պետական բոլոր բնագաւառներէն ներս։

Իւրաքանչիւր քաղաքացի կրկնապատկելու է իր ծառայութիւնները պետութեան զօրացման ի խնդիր։ Գործակցութեան ու միասնականութեան ոգին սփիւռքի հայահոծ ոստասններուն մէջ եւս ծաւալելու է, յարատեւօրէն թիկունք կանգնելով ու սատարելով հայրենիքի յառաջդիմութեան եւ հզօրացման։

Փոխանակ օրն ի բուն դիտելով կարդալու ֆէյսպուքեան յերիւրածոյ լուրերը, եւ ապա պախարակելու եւ «անիծելու» համար ստեղծուած ժխտական կացութիւնը եւ երեւոյթները, յոռետեսութեան հանգրուանէն հեռանանք, ու դրական մթնոլորտ մը ստեղծենք։ Բոլորուինք հայրենիքի ժողովրդավարական իշխանութեանց շուրջ։ Մեծ տէրութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Ազգերու այլազան կազմակերպութիւնները եւս դրականօրէն դիրքաւորուած են Հայաստանի որդեգրած դրական աշխատանքներուն հանդէպ։

Կազմենք հաւաքական մէկ ճակատ ու գործենք։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ