Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս․ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Յիշատակութեան Տօնը Թեմէն Ներս Դպրական Ձեռնադրութիւն, Ուրարի Տւչութիւն Եւ Խաչքարի Օծում

 Կիրակի՝ 19 Դեկտեմբեր, 2021-ի առաւօտեան մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ նշուեց Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը՝ Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։

Օրուան պատարագիչն էր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան՝ առընթերականութեամբ Տ․ Գեւորգ Քհնյ․ Աբեանի եւ հիւրաբար թեմս գտնուող՝ Տ․ Աղան Աբղ․ Երնջակեանի։

Մայր Տաճարը լեփլեցուն էր բազում հաւատացեալներով, թեմական եւ ծխական անդամներով, ինչպէս նաեւ տարբեր ծուխերէն եկած ուխտաւորներով: Ս․ Պատարագին ներկայ էին նաեւ՝ Գերշ․ Տ․Վաչէ Արք․ Յովսէփեան, Գերշ․ Տ․ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեան, Արժ․ Տ․ Մանուկ Աւ․ Քհնյ․ Մարգարեան, Տ․ Գեւորգ Աւ․ Քհնյ․ Առաքելեան, Տ․ Մարտիրոս Աւ․ Քհնյ․ Չեւեան, Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեան եւ Տ․ Միքայէլ Քհնյ․ Կիւրեղեան։

«Հայր Մեր»-էն առաջ, Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս. Արքեպիսկոպոս կատարեց դպիրներու ձեռնադրութիւն եւ ուրարի տւչութիւն, խարտաւիլակութեամբ՝ Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի։

Եկեղեցւոյ մէջ ծառայող ընծայեալներ՝ Վարդան Արզումանեան եւ Կարօ Պոյաճեան Տէր հօր առաջնորդութեամբ ծնրադիր կերպով Սուրբ Խորան բարձրացան եւ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր ստացան դպրութեան առաջին չորս նուիրական աստիճանները՝ Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն եւ Ջահընկալութիւն։

Դպրական ձեռնադրութենէն ետք՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատելով բարեկրօն՝ Նարեկ դպ․ Մարկոսեանի, Վարդան դպ․ Արզումանեանի, Կարօ դպ․ Պոյաճեանի, Հայկ դպ․ Շահպազեանի, Վահագն դպ․ Շահպազեանի, Դաւիթ դպ․ Եսայեանի, Վահէ դպ․ Յակոբեանի, Ջաք Սարգիս դպ․ Ջանոյեանի, Յարութ դպ․ Մանցականեանի, Պետրոս դպ․ Քեսաբեանի եւ Սարգիս դպ․ Ալթունեանի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը, անոնց շնորհեց ուրար կրելու իրաւունք։

Սրբազան Հայրը ձեռնադրութեան եւ ուրարներու տւչութեան վերջաւորութեանը՝ Իր հայրական օրհնութիւնը,  բարեմաղթութիւնը եւ շնորհաւորանքը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած թիւով տասնմէկ ուրարակիր դպիրներուն նշելով, որ  այս նուիրական խորհուրդի միջոցաւ անոնք առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով  պէտք է ծառայեն մեր մայր եւ սուրբ եկեղեցուն ու ժողովուրդին:

Ձեռնադրութենէն անմիջապէս յետոյ, Գերաշնորհ Տ, Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեան Սրբալոյս Միւռոնաւ օծեց եւ սրբագործեց տուֆակերտ սքանչելի խաչքար մը՝ ձօնուած հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ երիցագոյն սարկաւագներէն՝ Բարեշնորհ Հրայր Սարկաւագ Տէօքմէջեանին եւ անոր ազնիւ կողակից՝ Տիկին Անուշ Տէօքմէջեանին։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ մեծագոյն դրուատանքով խօսեց Բարեշնորհ Հրայր Սարկաւագի մասին, ներկայացնելով անոր մատուցած շուրջ ութսուն տարիներու նուիրական եւ բացառիկ ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցուն, մատնանշելով նաեւ այն հանգամանքը, որ Հրայր Սարկաւագը իր եկեղեցանուէր կերպարով մեր բազմաթիւ եկեղեցականներու համար ներշնչանքի աղբիւր է հանդիսացած, իրենց եկեղեցական ըլլալու ճանապարհին։ Սրբազան Հայր նշեց, որ այս գեղեցիկ խաչքարը իր պատուաւոր տեղը պիտi գտնէ Մայր Տաճարի հարաւային պատին վրայ։

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը, Սուրբ խորան հրաւիրեց Ս․ Ներսէս Ընծայարանի հոգեւոր Տեսուչ՝ Արժ․ Տ․ Մարտիրոս Աւ․ Քհնյ․ Չեւեանը, ով ժամանած էր Արեւմտեան Թեմ, սարկաւագաց վերապատրաստման դասընթացքին իր դասախօսութիւններով հանդէս գալու համար։

Սրբազան Հայրը Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Տէր Մարտիրոսին, անոր  շնորհեց ականակուռ գեղեցիկ ձեռաց խաչ՝ ի գնահատանք երկարամեայ տեսչական եւ ուսումնակրթական գործունէութեան։

Հուսկ ամենայնի, Սրբազան հայրը ամփոփելով յընթացս Ս․ Պատարագի տեղի ունեցած նուիրական իրադարձութիւնները, օրուան աւետարանական բնաբանի համաձայն իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։

Յաւարտ Ս․ Պատարագի տեղի ունեցաւ նոր ձեռնադրեալներու ընդունելութիւն Առաջնորդարանին մէջ Սրբազան Հօր կողնէ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ