Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքահայ Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ Վարժարան Նոր Տարուայ Եւ Ս. Ծննդեան 43-րդ Հանդէսը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Երնէկ թէ այս Նոր Տարին

Վերջ տայ հայի ցաւերին

Չարը կորչէր ու բարին

Բոյն դնէր մեր սրտերին»

Գամառ Գաթիպա

Վերջին երկու տարիներուն պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ, վարժարանի դասերը հեռակայ կապով zoom-ով կ՚ըլլային եւ երկու տարի Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօները, դպրոցէն ներս եւ ծնողներու ներկայութեամբ չեն եղած։ Այլ zoom-ով ձեռնարկները կ՚ըլլային։

Այս տարի սահմանափակումները մասամբ մեղմացած ըլլալով, մեր դպրոցի դասերը, դպրոցէն ներս աշակերտներուն ներկայութեամբ կ՚ընթանան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021-ին առաւօտեան ժամը 10։00-ին միայն աշակերտներու (առանց ծնողներու) ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ վարժարանի Նոր Տարուայ եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ եւ սքանչելի ծննդեան առիթով, հոյակապ հանդէս։

Վարժարանի աննման տնօրէնութիւնը, շնորհաշատ ուսուցչուհիները միայն քանի մը շաբաթներու ընթացքին պատրաստած էին այս փառաւոր հանդէսը։ Այդ օր, հանդիսութեան սրահը եւ բոլոր դասարանները շատ գեղեցիկ ձեւով զարդարուած էին տօնական օրերու պատշաճ նկարներով եւ զարդերով։

Առաւօտեան ժամը 10։00-ին վարժարանի 88 աշակերտ-աշակերտուհիները դասարան առ դասարան հանդիսասրահ մտան տօնական օրերու խմբերգներու կշռոյթներու վրայ։

Ապա աշակերտութիւնը դասարան առ դասարան ելոյթ ունեցան։ Երեւակայեցէք վարժարանի 88 աշակերտ-աշակերտուհիները, բոլորը անհատապէս եւ խմբային բազմաթիւ արտասանութիւններ կատարեցին, թնդացնելով սրահը, իրենց մանկական գեղեցիկ կատարումներով։ Դժբախտաբար, ձեռնարկին ներկայ չէին ծնողները, որպէսզի իրենց աչքով տեսէին իրենց սիրունատես փոքրիկներուն ելոյթները։

Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Անահիտ Խաչատուրեան, թէ հանդէսը վարողն էր եւ թէ ամէն ինչին հասնող եւ վազող անձն էր, որպէսզի հանդիսութիւնը կատարեալ ըլլայ եւ իրապէս ալ այդպէս եղաւ, անթերի եւ հոյակապ ելոյթներ ունեցան մեր ձագուկները։

Ինչպէս ըսինք, աշակերտները նուազագոյն 88 երգ եւ արտասանութիւն կատարեցին այդ օր։ Եւ մենք հիացած էինք թէ ուրկէ՞ գտած են այդ բոլոր արտասանութիւնները եւ խօսքերը։ Մեր երիտասարդ ուսուցչուհիները օրեր շարունակ փնտռտուքներ ըրած են Google-ով այդ երգերը եւ արտասանութիւնները գտնելու համար։ Այդ օր Իրաքահայերու Ընտանեկան Շաբաթօրեայ Վարժարանի դպրոցաշէնքը, մեր փոքրիկներու կատարումներով փոքրիկ Հայաստան մըն էր։

Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Անահիտ Խաչատուրեան իր կողքին ունեցող ուսուցչուհիներ Սուսանա Դաւթեան, Տիկ. Տաթեւ Կարապետեան, Տիկ. Նելլի Մետոյեան, Տիկ. Լուսինէ Պայպուրթեան եւ Տիկ. Թագուհի Կարապետեան իրենց հերթապահներով մեղուաջան աշխատանք տարած էին, որոնց համար սրտանց կը շնորհաւորենք անոնց, մաղթելով որ նման երիտասարդ տիկիններու ներկայութիւնը անպակաս ըլլայ հայ ընտանիքներէն, մեր ազգէն ու հայրենիքէն։

Վերջաւորութեան հասաւ Ձմեռ Պապիկը (Կաղանդ Պապան) ծանրաբեռնուած իր նուէրներով, երգով, պարով շախով ու շուխով հանդիսասրահ մտաւ աշակերտութեան լիաթոք բացագանչութիւններով եւ երգերով դիմաւորուեցաւ։ Աշակերտութիւնը Ձմեռ Պապիկին հետ հայկական պարեղանակներու եւ երգերու կշռոյթներուն վրայ պարելով, մեծ խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս, որմէ ետք փոքրիկները դասարան առ դասարան Ձմեռ Պապիկին մօտենալով իրենց նուէրները ստացան իրմէ։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ։ Բոլոր փոքրիկները անմոռանալի ժամեր ունենալէ ետք, մեկնեցան երեք շաբաթ ետք դպրոց դառնալու համար, հանդիսութենէն ետք տնօրէնութիւնը եւ բոլոր ուսուցչուհիները հաւաքուեցան միասին ճաշելու համար, որ պատրաստուած էր տնօրէնութեան եւ ուսուցչուհիներուն կողմէ։ Մօտ մէկ ժամ ուսուցչուհիները բաժակաճառերով, արտասանութիւններով ու շատ գեղեցիկ երգերու կատարումով, միասնաբար տօնեցին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը։

Մեր սրտագին աղօթքն ու մաղթանքն է, որ գալ տարին, համայն աշխարհի ժողովուրդներուն, բայց մանաւանդ՝ մեր թանկագին մայր հայրենիքին Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ, երջանիկ եւ ուրախ օրեր աշխարհատարած մեր ժողովուրդին, Հայաստանի պետական այրերուն իմաստութիւն տայ, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ուրախ եւ երջանիկ օրեր պարգեւելու համար։

Մեր դպրոցի բոլոր նուիրեալներուն ուժ եւ կորով շարունակելու ազգակերտման այս սուրբ գործը։ Մեր դպրոցի վարչական անդամներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, իրենց ընտանիքներուն անամպ երկնքի եւ կանաչ ճանապարհ։

«Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ

Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի»

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ