Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Միջերկրականեան Սննդականոնը՝ Covid-19-Ի Դէմ

Միջերկրականեան սննդականոնը կրնայ նուազեցնել ծանր COVID-19-ի զարգացման վտանգը։ Այս մէկը պարզած են Magna Græcia համալսարանի իտալացի գիտնականները։ Անոնց հետազօտութեան մասին կը հաղորդէ Medicina ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածը:

Հետազօտութեան հեղինակները ուսումնասիրած են միջերկրածովեան սննդականոնի հնարաւոր ազդեցութիւնը քորոնա ժահրային վարակի զարգացման վտանգի վրայ։ Յայտնի է, որ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու բնակիչներու կողմէ աւանդաբար օգտագործուող ուտելիքները կապուած են ընդհանուր մահացութեան, քաղցկեղի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու աւելի ցած վտանգի հետ։

Միջերկրածովեան սննդականոնը՝ շարք մը վիթամիններ, հանքանիւթեր, ճարպաթթուներ եւ «ֆայթոքեմիքըլ»ներ կ՛ընդգրկէ, որոնք հակաքորոնա ժահրային «աքթիվութիւն» ունին: Առողջ ուտելու սովորութիւնները կ՛ազդեն բորբոքումի եւ դիմադրողական համակարգին վրայ եւ կրնան պաշտպանիչ ազդեցութիւն ունենալ SARS-CoV-2 քորոնա ժահրին հետեւանքով ստեղծուած սուր շնչառական համախտանշանի դէմ:

Յիշեցնենք, որ միջերկրածովեան սննդականոնը բանջարեղէնի, պտուղներու, ընկոյզներու, ոլոռներու, լուբիաներու եւ ոսպերու, չզտուած ձիթապտուղի իւղ եւ մեծ քանակութեամբ ձուկ կը ներառէ: Նման սննդականոնը գրեթէ կը բացառէ յագեցուած ճարպեր պարունակող ուտելիքները, մասնաւորապէս՝ կաթնամթերքը, միսը եւ թռչնամիսը։ Միջերկրածովեան սննդականոնին մէջ յաճախ ընդգրկուած է նաեւ գինիի չափաւոր օգտագործումը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ