Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Պիստակը Oգտակար՝ Սրտանօթային Համակարգի Աշխատանքին

Պիստակը բարձր քալորի ունի, կը պարունակէ շատ ճարպեր։ Սակայն, չնայած ատոր, պէտք է ներառել սննդականոնին մէջ՝ նիւթափոխանակութիւնը արագացնելու համար, ըսած է սննդաբան Թաթիանա Ռազումովսքայա:

Պիստակի օգտագործումը կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգի աշխատանքը եւ կ՛արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը։ Սննդաբանին խօսքով՝ պիստակին հիմնական սննդանիւթերէն մէկը B7-ն է կամ «պայոտին»ը, որ կ՛օգնէ իւրացնելու սպիտակուցը եւ այրելու ճարպերը։

«Եթէ «պայոտին»ը բաւարար չէ, ապա կը վնասուին մազերը եւ մաշկը, տրամադրութիւնը կը դառնայ «տիփրեսիվ», եւ արեան մէջ կրնայ բարձրանալ «վատ» քոլեսթերոլը»,- ըսած է Ռազումովսքայան:

Անոր խօսքով՝ պիստակին մէջ գտնուող «քալսիում»ի եւ «մակնիզիում»ի մեծ քանակը կ՛օգնէ զօրացնելու անօթները եւ կանոնաւորելու սիրտին զարկը։ Մասնագէտը մեծերուն կը յանձնարարէ օրական օգտագործել մինչեւ 15 պիստակ, իսկ փոքրիկներուն՝ 7-էն ոչ աւելի։

Այնուամենայնիւ, պէտք չէ մոռնալ, որ պիստակը կրնայ «ալերժի» ստեղծել։ Բացի ատկէ, այս արտադրութեան «քալորիականութիւնը» բարձր է՝ 100 կրամ պիստակը կը պարունակէ մօտաւորապէս 550-560 «քիլոքալորի»։

Afhil.com
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ