Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօներուն Նուիրուած Սիմֆոնիկ Համերգ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

   Կիրակի՝ 19  Դեկտեմբերի 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի՝ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն նուիրուած սիմֆոնիկ համերգ, մասնակցութեամբ «Շնորհալի» երգչախումբի եւ ղեկավարութեամբ՝ Բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ․ Միքայէլեանի:

     Այդ օրը Մայր Տաճարը լեփլեցուն էր հարիւրաւոր հանդիսականներով, պաշտօնական հիւրերով, արուեստագէտներով, թեմական եւ ծխական անդամներով, ինչպէս նաեւ թեմի բարերարներով։

     Համերգը սկիզբ առաւ՝ Արժ․ Տէր Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեանի աղօթքով եւ բացման խօսքով, որմէ յետոյ ներկանները մեծ հիացականութեամբ ունկնդիր դարձան հոգեթով մեղեդիներով եւ երաժշտական աննման ելեւէջներով հարուստ կատարումներուն։ Համերգի ընթացքին հնչեցին ինչպէս ազգային, հոգեւոր, այնպէս ալ համաշխարհային նշանաւոր երաժիշտներու գործեր։

      Համերգի վերջաւորութեան, օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեան, ով իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն այս գեղեցիկ իրադարձութեանը մասնակից եւ ունկնդիր ըլլալու համար։    

      Սրբազան Հայրն իր խօսքին մէջ, նշեց որ այս գեղեցիկ երաժշտական համերգով ազդարարիչ մեկնարկը տրուեցաւ Սուրբ Ծննդեան նախատօնական շրջանին, քանզի աստուածաշնորհ այս երաժշտութիւնը, երգերը նաեւ մեր քրիստոնէական սիրոյ, մեր միասնականութեան, վերապրումի եւ վերազարթնումի անխօս թարգմանը կը հանդիսանան։  Ապա Սրբազան Հայր իր խօսքին վերջաւորութեանը առաջարկեց, որպէսզի յոտնկայս  բուռն ծափողջոյններու արժանացնեն այս երեկոյթին բեմի վրայ մէկտեղուած բոլոր արուեստագէտները, քանզի անոնց կատարումներով այս բացառիկ համերգը անմոռանալի ու անջնջելի հետք ձգեց բոլորի սրտերուն մէջ։

      Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ  Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

      Համերգը կենդանի ըլլալով սփռուեցաւ համացանցի վրայ, հասանելի դառնալով ամէնքի համար։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ