Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձեռնադրութիւն Եւ Շնորհաբաշխութիւն Լոս Անճելըսի Ս․ Յակոբ Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Ի Նշանաւորումն Եկեղեցւոյ Հիմնադրման 80 Ամեակի

Կիրակի` 12 Դեկտեմբեր, 2021-ի առաւօտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց․ Եկեղեցի հանդիսապետելու եկեղեցւոյ հիմնադրման յոբելենական 80 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը։

     Օրը բացառիկ էր, եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին հարիւրաւոր հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք հոգեզմայլ եւ սրբազնասուրբ արարողութեանց:

     Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագին` ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանի տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներու  եւ հաւատացելոց հոծ  բազմութեան:  Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լցուած սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին` աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ սարկաւագութեան  ընծայեալներ Գարի Կարապետ Կիս․Սրկ․ Քէմքէմեանը եւ  Ռոպի Կիս․Սրկ․ Քէմքէմեանը ծնկաչոք խորան բարձրացան, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալէն ետք՝ անոնց տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Սարկաւագութեան պաշտօնը ստանալով նորոգ ձեռնադրեալները ուրարը փոխադրեցան իրենց ուսերուն: Բարեշնորհ սարկաւագները երկար տարիներ նուիրեալ եւ անխոնջ կերպով կը ծառայեն Հայց. Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցուն, իրենց ուսերու վրայ ամուր պահելով եկեղեցւոյ առաքելութեան քաղցր լուծը:

        Արարողութեան աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնը փոխանցեց նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագներուն` նշելով, որ  այս սրբազնասուրբ խորհրդի եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ դուք կարեւոր կոչումի  արժանացաք, որպէսզի առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայէք մեր Մայր եկեղեցուն ու ժողովուրդին:

     Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը` (Ղուկ. 14: 12-24) բնաբանի համաձայն` օրուան աւետարանական պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ կոչ  ըրաւ իւրաքանչիւրին նորոգելու իր կոչումը եւ յանձնառու ըլլալու եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեանը:

       Պատարագէն ետք, Գոգեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, յընթացս որի Ս. Ճէյմս Տիկնանց միութեան եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներ՝ տիկին Սիրարփի Սալմաստլեան, տիկին Անահիտ Տարւիշ Սուսանեան, Տիար Օհաննէս Սուսանեան եւ Տիկին Փաթրիսիա Ալիս Զաքեան-Սամարզ՝ ի գնահատանք երկարամեայ, անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայութեան՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանի կողմէ պարգեւատրուեցան  Diocesan Hye Spirit մրցանակով:

       Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երախտիքի ու գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Յարութիւն Քհնյ․ Թաչէճեանին՝ իր ակնառու հովուական ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ ծխական խորհուրդին եւ բոլոր օժանդակ յանձնախումբերուն՝ Լոս Անճելըսի համայնքին մէջ Քրիստոսի դեսպանները ըլալու համար։

     Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ  Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ