Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Ինչպէ՞ս Խուսափիլ Գինովութենէ Տօնական Օրերուն

Նոյնիսկ ամանորի տօներուն պէտք չէ չափազանցել ալքոլային խմիչքներ խմելը։ Իսկ գինովնալէ խուսափելու համար, սննդագէտ Իննա Քոնոնենքոն կը յանձնարարէ հետեւիլ քանի մը պարզ կանոններու:

Մասնագէտին խօսքով՝ ալքոլային խմիչքներ օգտագործելէն առաջ պէտք է ուտել: Անօթի եղած ժամանակ խմելը շատ վատ գաղափար է։

«Ճարպերով, ածխաջուրերով եւ սպիտակուցներով հարուստ ուտելիքը կը նուազեցնէ իւրացումը, եթէ կ՛օգտագործուի ալքոլէն առաջ կամ խմելու ընթացքին»,- ըսած է մասնագէտը:

Մասնագէտը նաեւ նշած է, որ աւելի լաւ է ալքոլին հետ սեւ թէյ խմել։ Կարելի է նաեւ սառ կամ ջուր աւելցնել գինիի կամ «շամփանիա»ի գաւաթին մէջ:

«Տօներուն, անշուշտ, կը մաղթեմ աւելի քիչ ալքոլ օգտագործել։ Ի դէպ, օրկանիզմին խաբելու համար, կարելի է մէկ գաւաթ գինիի կամ «շամփանիա»ի մէջ սառ կամ ջուր աւելցնել։ Ձեզի այնպէս կը թուի, որ շատ խմած էք, եւ գինովնալու ախտանշաններ աւելի քիչ կը յայտնուին»,- ըսած է Մասնագէտը:

Կարեւոր է յիշել նաեւ, որ անմիջապէս չգինովնալու համար պէտք է դանդաղ խմել։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ