Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Օմիքրոն Տարբերակը Վտանգաւո՞ր Փոքրիկներու Համար

Քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակը կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ փոքրիկներուն համար՝ շնչուղիներու առանձնայատկութիւններուն պատճառով։ Նման կարծիք  յայտնած է Նիւ Տելհիի բժշկական հիմնարկի բժիշկ Անիմեշ Արիան։

«Փոքրիկներու շնչուղիները աւելի փոքր են, քան մեծերու շնչուղիները, եւ այս նոր տարբերակը կ՛ազդէ հիմնականին մէջ վարակուած հիւանդներու վերին շնչուղիներուն վրայ»,- ըսած է մասնագէտը։

IANS-ի համաձայն՝ վարակի ախտանիշներն են կոկորդի ցաւը, թեթեւ տաքութիւնը եւ յոգնածութիւնը:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ