Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Կայուն Անկայունութիւն

Երբ առաջին անգամ մեր ոտքը ճօճուող տախտակամածի վրայ կը դնենք, սկիզբը այն զգացողութիւնը կ’ունենանք, թէ ինչքան անկայուն է գետինը՝ մեր ոտքերուն տակ։ Հաւասարակշռութեան ա հետեւելով կը քալենք, նոյնիսկ երբեմն բռնուելով՝ զօրաւոր ճօճքի ժամանակ ։ Եթէ երկար մնանք  այդպիսի պայմաններու մէջ, աստիճանաբար կը վարժուինք անկայուն, ճօճուող ու ծածանուող յատակին. չենք նկատեր, թէ այդպիսի պայմաններու մէջ մեր հաւասարակշռութիւնը  ինչպէ՛ս կը պահենք:  Այս բոլորը շատ լաւ կ’ըլլար, եթէ իր մէջ ահագին մեծ վտանգ մը չպարփակէր: Երբ կ’ընտելանաս այն վիճակին, որ ոտքերուդ տակ գտնուող յատակը իբր ամուր ու կայուն է, այլեւս չես նկատեր, թէ իրականութեան հետ կապը ե՛րբ  կորսնցուցած ես: Ճօճքը արդէն չի խանգարեր, յատակն այլեւս չի ծածանուիր, անկայունը այլեւս սովորական կը թուի։

Երբ  երկար ատեն երկիրը համեմատաբար կայուն եւ հանդարտ կեանք մը ապրի եւ աստիճանական զարգացում արձանագրէ, ապա առաջին անկայուն երեւոյթն իսկ կրնայ մեծ ցնցում առաջացնել։ Յարմարաւետութեան օղակէն դուրս կը նետէ մեզ, կը ստիպէ զգալ, թէ հողը ոտքերու տակէն կը սահի։ Մենք ցնցումներու պատրաստ չենք ըլլար, եւ նոր իրավիճակի հետ համակերպուիլը՝ երկար ժամանակ կը խլէ: Բայց ամէնէն վտանգաւորն այն է, որ այս ցնցումներով լի իրավիճակին մէջ մանր ու աննկատ թուացող ցնցումները շարունակ զիրար կը յաջորդեն, ու մենք զանոնք չենք նկատեր, որովհետեւ վարժուած ենք եւ գիտենք  չէ ինչպէ՛ս պէտք է պահպանենք մեր հաւասարակշռութիւնը՝ ճօճուող տախտակամածի վրայ: 

Երկար ժամանակ տեւող անկայուն վիճակը, որ միտում ունի վերածուելու մշտականի, կը դառնայ կայուն անկայունութիւն, եւ մենք աստիճան առ աստիճան կը կորսնցնենք կապը իրականութեան հետ,  նոյնիսկ չենք անդրադառնար, որ արդէն ամբողջովին իրականութենէն հեռու ենք։

Եթէ չսթափուինք եւ կիսաթմբիր ու ամէն ինչին համարուող վիճակէն դուրս չի գանք , ամբողջովին պիտի կորսնցնենք կապը իրականութեան հետ ու կայուն անկայունութիւնը մեզի համար պիտի դառնայ սովորական առօրեայ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ