Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաւաքական Դիմադրողականութիւնը Անզօր՝ Օմիքրոն Տարբերակին Դէմ

Հաւաքական դիմադրողականութիւնը (օրկանիզմի անընկալութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու նկատմամբ) կրնայ անկարող ըլլալ քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակին դէմ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է գիտաշխատող, «մոլեքիւլըր» կենսաբան, վիրուսաբան Մաքսիմ Սքուլաչով:

Նոր տարբերակի դէմ հաւաքական դիմադրողականութեան անկարողութեան մասին կը վկայէ այն երկիրներու փորձառութիւնը, ուր «օմիքրոն»ը արդէն իսկ աճ արձանագրած է, գրած է URA.RU-ն:

Մասնագէտին խօսքով, հաւաքական դիմադրողականութեան խնդիրը մարդոց՝ վարակուելէն պաշտպանելն է եւ ժահրին տարածումը կանգնեցնելը։ Բայց «օմիքրոն» տարբերակը շատ աւելի մեծ հաւանականութեամբ կը խախտէ դիմադրողականութեան պաշտպանութիւնը, քան քորոնա ժահրին միւս տեսակները։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ