Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին՝ «Զում»ի եւ «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ տեղի պիտի ունենայ առցանց քննարկում մը Շաբաթ, 22 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ (Լոս Անճելըսի ժամով), որ նուիրուած է Արցախի ապագայի հեռանկարներու քննարկման:
Քննարկումը պիտի առաջնորդեն քաղաքագէտներ Էրիք Յակոբեան, դոկտ. Աննա Օհանեան եւ դոկտ. Ներսէս Քոփալեան։ Քննարկումը պիտի համադրէ Անի Շահպազեան։
Քննարկումին մասնակցելու համար այցելել «Զում»ի կայքը (Meeting ID: 538 832 2794 Password: 381750) կամ «Ֆէյսպուք»ի՝ Facebook.com/arpainstitute կայքէջը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 453-0618 թիւին կամ info@ARPAInstitute.org հասցէին: