Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Թապիպեանները 70,000 Տոլար Եւս Կը Նուիրեն Ծովինար Գիւղի Բարգաւաճման Ջանքերուն

Քալիֆորնիայէն տոքթ.Նշան Թապիպեանի եւ անոր զաւակին՝ տոքթ. Յակոբ Թապիպեանի ու կնոջ՝ տոքթ․ Անիլկա Թապիպեանի կողմէ կատարուած 70,000 տոլարի նուիրատուութեամբ սկսան գործել Հայաստանի Գեղարքունիք մարզի Ծովինար գիւղին մէջ փոքրածաւալ գործարարութեան զօրակցող, ինչպէս նաեւ արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ մարզումներու երկու նախաձեռնութիւններ։

Տոքթորներ Յակոբ եւ Անիլկա Թապիպեաններ

Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Թապիպեաններու 35,000 տոլարի նուիրատուութեամբ  նորոգուած էր Ծովինար գիւղին մէջ գործող Քրիստոնէական դաստիարակութեան դպրոցը, ուր աւելի քան 100 աշակերտներ դասաւանդումներու կը հետեւին։

Նախորդ ծրագիրին նման, այս երկու նոր նախաձեռնութիւնները կ՛իրականան  տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Գէորգ Բարսէղեանի հետ համագործակցութեամբ։

Գիւղի վարժարանը արդէն իսկ ստացած է նաեւ 10 նոր համակարգիչներ եւ այլ սարքեր, վերոնշեալ նախաձեռնութիւններէն երկրորդին համար։

Փոքրածաւալ գործարարութեան զարկ տալու նպատակով, գիղին տրամադրուած են մեծաքանակ արտադրութեան համար գործածելի չորս կարի մեքենաներ եւ պտուղներ չորցնելու յատուկ երկու գործիքներ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ