Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուշեր՝ Անցեալէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հալէպ Գոլեճ (Aleppo College)

Հալէպի ամերիկեան երկրորդական այս վարժարանը ունէր նաեւ բարձրագոյն երկու դասարաններ՝ Freshman եւ Sophomore, որուն համար կը կոչուէր Junior College. Այս դպրոցը աւարտելէ ետք, ես ընդունուեցայ Պէյրութի Հայկազեան Գոլեճի Junior դասարանը եւ երկու տարիէն աւարտեցի, Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով։ Պէտք է նշեմ որ Գոլեճը ունէր երկու բաժին՝ աղջկանց եւ մանչերու, որոնք թէեւ կը գտնուէին նոյն հողատարածքին վրայ, սակայն փշաթելով բաժնուած էին իրարմէ ․․․

Վերադառնալով Հալէպ Գոլեճին, հոն կը յաճախէին մեծ թիւով հայեր եւ բաւական հայեր ալ մաս կը կազմէին ուսուցչական անձնակազմին։ Անոնցմէ կարելի է յիշել Անգլերէն լեզուի ուսուցիչ Մեսրոպ Տարագճեանը, ուսողութեան ուսուցիչ Ասատուր Պետեանը, Հայերէն լեզուի ուսուցիչ Վերապատուելի Յովհաննէս Գարճեանը, կրօնի ուսուցիչներ Վերապատուելի Ժան Խանճեանն ու Վերապատուելի Փիթըր Տողրամճին, որ յետագային ստանձնեց Գոլեճի տնօրէնի պաշտօնը։ Նոյնիսկ գոլեճի պաշտօնական բժիշկն ալ հայ էր, յանձինս Տօքթ. Վահրամ Պապիկեանը։

Հալէպ Գոլեճի իմ ուսանողական շրջանէս պիտի յիշեմ մի քանի դէպքեր, որոնք նկարագիրս կերտելու մէջ՝ մեծ դեր ունեցան։

Դէպք՝ Առաջին

Այս դէպքը պատահեցաւ 1957-58 տարեշրջանի սկիզբը։ Ես եօթներորդ դասարանի աշակերտ էի եւ այդ դասարանի հայ աշակերտներուն արտօնութիւն տրուեցաւ որ հայերէն լեզուի դասընթացքի հետեւին։ Մեր ուսուցիչն էր Վերապատուելի Յովհաննէս Գարճեանը, որ յետագային դարձաւ Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահը։

Ուրեմն երբ Պատուելի Գարճեանը (տես նկարը) մտաւ մեր դասարանը՝ ան ձեռքերը մեզի ցոյց տալով ըսաւ, «Տեսէք, մատներս ծուռ են եւ լեզուս ալ թոթով։ Հիմա ուզածնիդ չափ խնդացէք, որպէսզի ուրիշ անգամ չխնդաք երբեք։»

Քար լռութիւն տիրեց դասարանէն ներս եւ Պատուելին սկսաւ իր դասընթացքը։ Ի՞նչ սորվեցայ, գոնէ ես։ Այդ՝ թէ մարդ պէտք է ընդունի իր տկարութիւնները, որպէսզի ուրիշներ ալ ընդունին զինք՝ ինչպէս որ է․․․ Այդ միջադէպէն ետք, իմ կարճութիւնս երբեք հարց չեղաւ ինծի համար։

Պատմութեանս երկրորդ հանգրուանը կը պատահի 1960-61 տարեշրջանին, երբ ես 10-րդ դասարանի աշակերտ էի։ Այդ դասարանի մեր բաժնի պատասխանատու ուսուցիչն էր (Homeroom Teacher)  Ասատուր Պետեանը, ինչպէս նաեւ ան մեր ուսողութեան դասատուն էր։ Ան յետագային (1964-75) եղաւ Տնօրէնը՝ Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան։

Մեր դասարանը՝ ինչպէս նաեւ միւս բոլոր դասարանները, կը բաղկանային հայ, իսլամ եւ արաբ քրիստոնեայ աշակերտներէ։ Գոլեճը ունէր ուսանողական խորհուրդ մը, որ կը բաղկանար իւրաքանչիւր դասարանը ներկայացնող աշակերտէ մը։ Դասարանի աշակերտները կ՛ընտրէին իրենց ներկայացուցիչը, պատասխանատու ուսուցիչին հսկողութեան ներքեւ։

Այս հակիրճ ներածականէն ետք՝ մեր դասարանի պատմութենէն պիտի յիշեմ երկու դէպք, որ մեծապէս զարմացուցած է զիս որպէս այդ ժամանակաշրջանի պարզամիտ մէկ աշակերտը։ Յաջորդականութիւնը պահելու համար` այս դէպքերը պիտի ըլլան երկրորդը եւ երրորդը։

Դէպք՝ Երկրորդ

Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչի ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենար ռամկավարական սկզբունքներու հիման վրայ։ Այսպէս՝ նախ կը կազմուէր թեկնածուներու ցանկ մը եւ ապա տեղի կ՛ունենար ընտրութիւնը եւ առաւելագոյն ձայն ստացողը կ՛ընտրուէր։

Յաճախ կը պատահէր որ իսլամ աշակերտները կը նշանակէին իրենց թեկնածուն եւ արաբ քրիստոնեայ աշակերտները կը նշանակէին իրենց թեկնածուն։ Այս տուեալներով եթէ ընտրութիւնը կատարուէր, արաբ քրիստոնեան պիտի ընտրուէր որովհետեւ հայերը անոր պիտի տային իրենց ձայները։

Սակայն արաբ քրիստոնեայ թեկնածուն ձախողցնելու նպատակաւ, իսլամները կ՛առաջարկէին նաեւ հայու մը թեկնածութիւնը՝ որը դժբախտաբար կ՛ընդունէր եւ ընտրութիւնը կը շահէին որովհետեւ հայ եւ արաբ աշակերտներու ձայները բաժնուելով, իսլամ աշակերտը կ՛ստանար մեծամասնութեան ձայնը ․․․

Իսլամ աշակերտները կը հետեւէին «Բաժնեսցէ, զի Տիրեսցէ» քաղաքական գործելակերպին եւ ամէն տարի նոյնը կը պատահէր ու մենք երբեք չէինք կրնար սորվիլ՝ մեր սխալներէն!

Դէպք՝ Երրորդ

Այս մէկը կը վերաբերի մեր ուսուցիչ Ասատուր Պետեանին (տես նկարը)։ Այդ տարի, Համբարձման տօնի նախօրեակին, հայ աշակերտներէն խումբ մը գացինք իր մօտ եւ խնդրեցինք որ յաջորդ օրը դպրոց չերթայինք։ Ան սապէս պատասխանեց,

  • Եղածը ի՞նչ է որ, հրեայ մը երկինք բարձրացեր է։ Կ՛արժէ՞ անոր համար դպրոց չգալ ․․․

Բոլորս ափ ի բերան մնացինք եւ գլուխնիս կախած՝ լուռ ու մունջ հեռացանք!

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ