Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Կրնա՞նք Հաշտուիլ Թուրքին Հետ

ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

Երկրորդ աշխարհամարտի արդիւնքներու վերջնական հաստատումէն ետք 1940-ականներու վերջին, եւ Թուրքիայէն Խորհրդային Միութեան տարածքային պահանջներու յետս կոչուելէն ետք 1953-ին, մինչեւ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակը՝ 1965 թուականը, թուրքերը այնքան ալ հետաքրքրուած չէին հայոց հակաթրքական զգացումներով: Ընդհակառակը, Պաղ Պատերազմի հիմքով ՀՅԴ-ի հետ թուրքերու մերձեցումը եւ 1960-ականներուն Միջին Արեւելքէն դէպի Ամերիկա-Գանատա ու Աւստրալիա հայոց արտագաղթը թուրքերուն հանգստութիւն պարգեւած էր: Հայոց ապրիլքսանչորսեան սգահանդէսները անոնց հանգիստը բնաւ չէին խռովեր: Թուրքերն սկսան անհանգստանալ, երբ 1965-ին, մանաւանդ ապրիլին, հայեր սկսան հնչեցնել ՀՈՂԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ խնդիրը: Զանոնք սարսափի մատնեց, յատկապէս, Երեւանի մէջ 24 ապրիլ 1965-ի ժողովրդային ցոյցի ընթացքին բարձրացուած «Մեր հողերը, մեր հողերը» նշանաբանը:

Թրքական մտահոգութիւնները այնուհետ արտայայտուեցան իւրաքանչիւր խորհրդային-թրքական բարձրամակարդակ հանդիպմներու ընթացքին: Օրինակ, 1966-ի Դեկտեմբերին, ԽՍՀՄ-ի վարչապետ Ալեքսէյ Քոսիկինի՝ բազմանդամ պատուիրակութեամբ Թուրքիա 8-օրեայ պաշտօնական այցի ընթացքին, Թուրքիոյ օրուան վարչապետ Սիւլեյման Տէմիրէլը պատուիրակութեան պատուին երկիցս տուած ճաշկերոյթներու ընթացքին արտասանած իր խօսքերուն մէջ անդրադարձած է իր պետութեան նկատմամբ երեւութապէս սովետական, խորքին մէջ միայն հայկական հողային պահանջներուն: 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի (խորհրդարան) ընդունելութիւններու դահլիճին մէջ կայացած ճաշկերոյթի իր խօսքին մէջ, իր գոհունակութիւնը յայտնելով, որ «Թուրքիայի եւ Սովետական Միութեան յարաբերութիւնները վերջին տարիներս զարգանում են դրական ուղիով», ան կ’աւելցնէ. «Թուրքիայի Հանրապետութեան ամենաանկեղծ ցանկութիւնն է, որ Աթաթուրքի ու Լենինի կողմից ամուր հիմքի վրայ դրուած այդ յարաբերութիւնները զարգանան ազգային անկախութեան, տերիտորիալ ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ միմեանց ներքին գործերին չմիջամտելու սկզբունքների շրջանակներում» (ԽՍՀՄ-ի ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան «Ա. Ն. Կոսիգինը Թուրքիայում» լրատուութիւնը, «Սովետական Հայաստան» օրաթերթ, Երեւան, 22 Դեկտեմբեր 1966, էջ 3 (հոս եւ յետոյ ընդգծումները իմս են, Գէորգ): 27 Դեկտեմբերին, այս անգամ Սթամպուլի մէջ տուած ճաշկերոյթի ընթացքին, որուն ներկայ եղած են թուրք հինգ նախարարներ, որոնց շարքին՝ արտաքին գործոց նախարար Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլը, Տէմիրէլ կ’ըսէ. «Մենք համաձայնութեան եկանք Թուրքիայի եւ Սովետական Միութեան յարաբերութիւններում յարգանք ցուցաբերելու, ազգային անկախութեան, իրաւահաւասարութեան, տերիտորիալ ամբողջականութեան եւ ներքին գործերին չմիջամտելու սկզբունքների շուրջը» (ԹԱՍՍ, «Ընդունելություն Ա. Ն. Կոսիգինի պատվին» լրատուութիւնը, «Սովետական Հայաստան», 28 Դեկտեմբեր 1966, էջ 4): Ուշագրաւ է, սակայն, այն փաստը, որ այցի աւարտին լոյս տեսած համատեղ փաստաթուղթին մեջ, Տէմիրէլի ԵՐԿՈՒ ԱՆԳԱՄ նշած չորս սկզբունքներէն զեղչուած է իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու սկզբունքը (ԹԱՍՍ, «Սովետա-թուրքական կոմյունիկե», «Սովետական Հայաստան», 28 Դեկտեմբեր 1966, էջ 4):

1920-էն ի վեր, թրքական պետութեան մղձաւանջը եղաւ, եղած է ու պիտի մնայ ոչ թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ Հայ Դատի ԲՈՒՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ կազմող հողային հատուցումը: Այդ կը վկայեն հայ-թրքական հակամարտութեան այսպէս կոչուած «կարգաւորման» առ այսօր բացայայտուած երեք հանդիպում-բանակցութիւններու մասին մեզի ծանօթ տեղեկութիւններն ու անոնց վերլուծումը: Թուարկենք այդ հանդիպումները.

  1. Հայկական միջավայրին մէջ այսօր գրեթէ ամբողջովին անյայտ է առաջին հանդիպման փաստը: 16 Նոյեմբեր 1977-ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ կայացաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար վերոյիշեալ Չաղլայանկիլի եւ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի երկուական ներկայացուցիչներու ԳԱՂՏՆԻ հանդիպումը: Եթէ հանդիպման մասնակիցներէն ՍԴՀԿ-էն Աւետիս Տեմիրճեանը եւ ՌԱԿ-էն Հայկ Նագգաշեանը այս մասին հանդէս եկած են համապատասխանաբար «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն մէջ, իսկ Նագգաշեանը նաեւ իր «Բերքահաւաք» ժողովածուին մէջ (Երեւան, 2001), ՀՅԴ-էն առ այսօր որեւէ ձայն-ծպտուն չէ ելած, մինչդեռ ան այսօր կը պահանջէ բացայայտել ՀՀ-ի իշխանութեանց՝ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու հետ յայտնի թէ գաղտնի բանակցութիւններու բոլոր մանրամասնութիւնները… Այսօր, այդ հանդիպումէն աւելի քան 44 տարի ետք, երեք աւանդականները ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆ հայ հասարակութեանը ներկայացնել անոր ամբողջական բովանդակութիւնը՝ մանրամասնութիւններով հանդերձ, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենանք աւելի յստակ հասկնալու թուրքերուն «փորացաւը»:

Տեմիրճեանի եւ Նագգաշեանի հրապարակումներուն հիման վրայ ներկայացնենք հանդիպման քանի մը մանրամասնութիւններ: Սկիզբը Չաղլայանկիլ կը յայտնէ, թէ ինք քրտական ծագումով թուրք է, եւ ակնյայտօրէն հաճոյանալու համար հայ բանագնացներուն, կ’ըսէ, թէ իր մականուան մէջ ԵԱՆ բաղադրիչին գոյութիւնը ենթադրել կու տայ, որ իր նախահայրերուն մէջ եղած են նաեւ հայեր: Ապա ներկաներէն կը պահանջէ դադրեցնել տարբեր երկիրներու մէջ թուրք դիւանագէտներու սպանութիւնները եւ այլ հակաթրքական գործողութիւնները: Հայ բանագնացները կը պատասխանեն, որ իրենք չեն գիտեր, թէ ովքե՞ր են այդ գործողութիւնները կատարողները, հետեւաբար չեն կրնար ազդել անոնց վրայ: Այնուհետեւ, Չաղլայանկիլ կը հարցնէ, թէ հայեր ի՞նչ կը պահանջեն Թուրքիայէն: Մերինները կը յայտնեն, թէ թուրքերը պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, հատուցումներ կատարեն եւ ընդունին Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրով ու Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով Հայաստանի սահմանները: Ասոր վրայ, թուրք նախարարը կ’ըսէ. «Կրնայ ըլլալ, որ Թուրքիա օր մը ճանչնայ ձեր ըսած ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ մտածէ մահացածներուն համար դրամական հատուցում կատարելու մասին (յուշագրողներէն մէկը կը յայտնէ, թէ Չաղլայանկիլ առաջարկած է հայոց տալ վճարագիրին [չէք] գումարը իրե՛նք՝ հայերը որոշելու հնարաւորութիւնը), սակայն աջ ձեռքի ցուցամատը թափահարելով, սպառնական ձայնով ըսած է՝ ՍԱԿԱՅՆ ՉԵՐԵՒԱԿԱՅԷ՛Ք ԱՆԳԱՄ, ԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԵՐՈՒԴ ԵՐԲԵՒԷ ՄԷԿ ԹԻԶ ՀՈՂ ԿԸ ԶԻՋԻ»: Մէկ խօսքով, ան յստակացուցած է հայ-թրքական հակամարտութեան «լուծման» թրքական ԳԼԽԱՒՈՐ պայման-բանաձեւը՝ ՀՈՂԻ ԴԻՄԱՑ՝ ՓՈՂ: Այդ բանաձեւը ի զօրու է առ այսօր եւ կը սահմանէ այն առաւելագոյնը, որ Թուրքիա կրնայ զիջիլ, եթէ, անշուշտ, տրամադրութիւն ունի զիջելու, մանաւանդ հայոց 2020-ի աշնանային ծանր պարտութենէն ետք:

  1. «Հայ-թուրքական հաշտեցման յանձնաժողով», «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» եւ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններ.- Երկար կանգ չեմ առներ ասոնց վրայ, քանի որ ընդամէնը 13-21 տարուայ պատմութիւն ունին եւ մանրամասնութիւնները բոլոր հետաքրքրուողներուն բաւականաչափ յայտնի են:

2001-ին Ժնեւի մէջ յայտարարուեցաւ «Հայ-թուրքական հաշտեցման յանձնաժողով»ի ծնունդը։ Անոր մաս կը կազմէին նախկին դիւանագէտներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ: Ան կը վայելէր սիոնական շրջանակներու մօտիկ հայկական կազմակերպութիւններու բացայայտ, նաեւ ՀՀ-ի քոչարյանական իշխանութեանց չյայտարարուած զօրակցութիւնը: Նոյն տարուան 9 Յուլիսին Յանձնաժողովը հրապարակեց իր գործունէութեան հիմնական սկզբունքները:

Այս յանձնաժողովն ալ, Սերժիկ Սարգսեանի տարփողած «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ն ալ, Ցիւրիխեան արձանագրութիւններն ալ սկիզբէն իսկ մեռելածին էին, քանի որ հայ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դէմ էր այդ քայլերուն: Ուշագրաւը սակայն այն է, որ հայ-թրքական բանակցութիւնները կը ծնին կամ կը կայանան Զուիցերիոյ մէջ՝ Ժընեւ կամ Ցիւրիխ քաղաքներուն մէջ, որոնք միջազգային ֆինանսական կարեւոր կեդրոններէն են: Այս փաստը ամբողջովին կը տեղաւորուի վերոյիշեալ ՀՈՂԻ ԴԻՄԱՑ՝ ՓՈՂ բանաձեւի տրամաբանութեան մէջ՝ անշուշտ սիոնական շրջանակներու միջնորդական առաքելութեամբ (այս մասին եւս քիչ բան յայտնի է, սակայն կան փաստեր, որ այս շրջանակները փորձած են ու կը փորձեն Հոլոքոսթի արդիւնաբերութեան կողքին ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնաբերութիւն, Holocaust Industry, Armenian Genocide Industry):

  1. Բանակցութեանց ներկայ փուլը՝ թուրք աղուէս դիւանագէտ Սերտար Գըլըճի եւ դիւանագիտական գիտելիք ու փորձ չունեցող Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ.- Եթէ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններէն առաջ, Ս. Սարգսեանը աշխարհի հայաշատ գաղութները շրջեցաւ՝ հայութեան կարծիքը իբր թէ հարցնելու եւ հաշուի առնելու կեղծաւոր քայլով, ապա մերօրեայ բանակցութեանց պարագային, նոյնիսկ այդ ձեւականութիւնը չեղաւ, ինչը յղի է ազգային պառակտման խորացման վտանգով, մանաւանդ, որ սփիւռքի մէջ մեծ կշիռ ունեցող ՀՅԴ-ն այս հարցը արդէն սկսած է շահագործել իշխանութեան վերստին հասնելու նպատակներով: Առանց սփիւռքի նեցուկին, ՀՀ-ի իշխանութեանց՝ թուրքերու հետ լեզու գտնելու ամէն քայլ դատապարտուած է ի վերջոյ ձախողութեան: Թուրքերն ալ գիտեն այս, սակայն անոնք մտնելով բանակցութեանց խաղին մէջ, արդէն ի սկզբանէ ապահոված են յաղթաթուղթ մը՝ Հայոց ազգային պառակտման խորացումը, այսինքն՝ ՀՀ-ի դիրքերուն ա՛լ աւելի թուլացումը, որով շատ աւելի զիջումներ կարելի է կորզել վերջինէս, մանաւանդ եթէ անոր խոստացուին տնտեսական ինչ-ինչ խայծեր: Իսկ ՀՀ-ի մէջ չեն պակսիր արժանապատուութիւնը իրենց քսակին չափով գնահատող «կռզոներն» ու «լֆիկները»…

Ի տարբերութիւն հայութեան, միջազգային ու տարածաշրջանային խաղացող-պետութիւնները կ’ողջունեն վերջին օրերուն սկսուած բանակցութիւնները: Նոյնիսկ հակոտնեայ շահեր ունեցող ԱՄՆ-ն ու Իրանը համակարծիք են այս կապակցութեամբ, անշուշտ՝ իւրաքանչիւրը իր պետական շահերէն մեկնելով:

Չափազանց դժուար է, եթէ ոչ անհնարին, համաշխարհային այս ճնշման ու մեր ծանր պարտութեան պայմաններուն մէջ հրաժարիլ մեզի ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ այս բանակցութիւններէն:

Մեր կարծիքով, հարկաւոր է մեր այս տկար կացութեան մէջ, դիւանագիտական հմուտ քայլերով անընդհատ ձգձգել այս բանակցութիւնները՝ մինչեւ տեսնենք, թէ ո՛ւր կրնան հասնիլ աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումները աշխարհի ու յատկապէս տարածաշրջանին մէջ՝ Ուքրանիա, Վրաստան, Սուրիա եւ այլուր: Ներկայ պայմաններուն մէջ հայկական կողմը հայկական կողմը ուրիշ ելք չունի բացի զիջումներու համաձայնելէ, որոնք անխուսափելիօրէն, ժխտական ճակատագրական հետեւանքներ պիտի ունենան մեզի համար: Բացառուած չէ, որ ռուս-թրքական ներկայի կիսասիրաբանութիւն-կիսահակադրութիւնը վերափոխուի երկուքին միջեւ բացայայտ եւ համընդհանուր հակամարտութեան՝ հայ-թրքական բանակցութիւններուն վրայ անոնց ձգելիք ուղղակի հետեւանքներով, ընդհուպ մինչեւ այդ բանակցութեանց սառեցումը կամ դադրեցումը:

Իսկ եթէ ՀՀ-Թուրքիա բանակցութիւնները յանգին համաձայնագիրի ստորագրման, ուր էական-ճակատագրական զիջումներ պարտադրուած ըլլան հայութեան, հարկաւոր է այսօրուընէ պատրաստուիլ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ պատմութեան աղբանոցը նետելու այդ համաձայնութիւնը եւ զայն հաւանական ստորագրող հայ իշխանաւորները: Ասոր նախադէպը մենք տեսանք քառասնամեակ մը առաջ: 1982-ի ամռան Լիբանան ներխուժած եւ երկրին երկու երրորդը գրաւած Իսրայէլը Լիբանանին պարտադրեց 17 Մայիս 1983-ի պարտուողական համաձայնագիրը, սակայն լիբանանցի ժողովուրդին մեծ մասը մերժելով մերժեց զայն եւ անձնասպանական գործողութիւններով ու դիմադրական այլ ձեւերով պատառոտեց այդ համաձայնագիրը, որու մասին այսօր կը յիշեն միայն պատմաբաններն ու քաղաքականութեամբ զբաղուողները միայն:

Պատրա՞ստ ենք յանուն մեր հողի, պատուի եւ ապագայի՝ անգամ մը եւս մեռնելու՝ արժանապատիւ ապրելու համար: Ահա ա՛յս է այսօր բուն հարցը հայութեան համար: Բարեբախտաբար, ՀՀ-ի մէջ այսօր կը պատրաստուին այդ պայքարին նուիրուող հայորդիներ, որոնք կը թրծուին իրենց կեանքին իսկ գինով ամէն պարտուողական ծրագիր տապալելու գաղափարով՝ ռազմական եւ բժշկական համապատասխան գիտելիքներ ստանալով, մարզումներով ու գաղափարական դաստիարակութեամբ:

Իսկ այս ուղղութեամբ սփիւռքը, բացի խորհուրդներ տալէ, ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ի՞նչ կ’ընէ: Այս հարցումին պատասխանը չունինք եւ հորիզոնին վրայ իսկ բան չենք տեսներ…

Այս խմբագրականին վերնագիրը կը կրկնէ հասարակական գործիչ Զարեւանդի (Զաւէն Նալպանտեան, 1890-1973) 1926-ին լոյս տեսած գրքոյկին խորագիրը: Գրքոյկի առաջին հրատարակութենէն գրեթէ դար մը անցած է, եւ հարցումին պատասխանը յստակ է՝ չե՛նք հաշտուած թուրքին հետ: Ինչո՞ւ: Պատասխանը դարձեալ յստակ է՝ որովհետեւ մեզ եթէ ոչ իբրեւ ազգ, այլ առնուազն իբրեւ հայկական ազգային պետութիւն վերացնելու ռազմավարական նպատակ ունեցող թուրքին հետ հաշտուելու ո՛չ մէկ ընդհանուր եզր ունինք: Կը մնայ, որ այս տարրական ճշմարտութեան գիտակցին ՀՀ-ի այսօրուան ու վաղուան իշխանութիւնները: Այլընտրանքը, ինչպէս ըսինք, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆ Է:

Խմբագրական «Գեղարդ»-ի
Keghart.org
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ