Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Տխուր Իրականութեան Մը Պատմականը

Թարգմանեց` ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հաւանաբար որեւէ կարեւորութեան նկատառում չունենայ այս յօդուածը շատերու մօտ, սակայն նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ Նոյեմբեր ամսուան տեղի ունենալիք պետական կարգ մը գրասենեակներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ընտրութիւնները, առաւել եւս, պետութեան ո՛չ հլու հնազանդ հետեւորդ գրաւոր լրատուական աղբիւրներու ու հեռուստատեսիլի կայաններու ներկայ իշխանութեան դէմ բարձրականչ ընդվզումի կոչերը, որոնք մեծ շրջանակներու մէջ նման են եռացող՝ կափարիչը փակ կաթսայի մը, որը որեւէ վայրկեանի մէջ ենթակայ է պայթումի, նման երկրին այժմու ներքին քաղաքական պիրկ կացութեան, արժանի է նկատի առնել եւ ըստ այնմ պատրաստուիլ ներքեւի յօդուածին քարոզչական միտքը կարդալէ ետք:

Ժողովրդային նշանաւոր առած մը կ՝ըսէ՝ «ժամանակը գետի մը նման է: Հոսող ջուրին կրկին չես կրնար դպչիլ, որովհետեւ նոյն ջուրը այլեւս պիտի չվերադառնայ»:

Ներքեւի խօսքերը զղջման, ցասումի, ափսոսանքի, յանցանքի կամ կոչի արտայայտութիւններ կրնան ըլլալ, առանց որեւէ մեկնաբանութեան, այդ թողելով ընթերցողին հայեցողութեան:

Սոյն ուղերձը ներկայացուած էր Ֆրէնքլին Կրահամին (First Baptisit Church-ի գլխաւոր առաջնորդին) կողմէ, Ֆլորիտա նահանգի Ճէքսօնվիլ քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:

«Ամերիկեան երազը» աւարտած է: Ներկայ իշխանութեան պաշտօնէութիւնը իր առաջին իսկ ժամանակաշրջանին, արու սպիտակ քրիստոնեայ ժողովուրդի հրիտակի դագաղին վերջին գամը գամեց: Անոնց, որոնք գտան, երկրախուզեցին, ռահվիրայ եղան, ճամբայ հարթեցին, հաստատուեցան, զարգացուցին ու բարգաւաճեցին աշխարհի մեծագոյն հանրապետութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ:

Սեւամորթներ, լատիններ, իգական սեռի իրաւունքներու ջատագովներ, միասեռականներ, պետական պաշտօնեաներ, աշխատաւորներու միութիւններ, մթնոլորտի բարեփոխման ջատագով ծայրայեղականներ, մամուլ, Հոլիվուտի (ֆիլմերու) արտադրութիւններ, «պաշտօնական տարազներով» երիտասարդներ, յաւիտեան «կարիքաւորներ», ժամանակագրուած անգործներ որոնք չեն փափաքիր աշխատիլ, անօրէններ եւ «ընկերակից ճամբորդներ», այսօր կործանած են Նօրմըն Ռաքուէլի Ամերիկան:

Դուք, ձեր քուէներով պիտի չկարենաք այլեւս գերազանցել վերոյիշեալ մարդիկ: Մեր  իրաւունքները որոնք արտօնեցինք մեզմէ խլելու, պիտի վերականգնուին միայն անհատական ընդդիմական եւ անգոսնական ջանքերով, որոնք անհնազանդութեան եւ հակահետեւողական  արարքներ պիտի դառնան: Այդ իրաւունքներու վերականգնումը պիտի իրագործուի միայն մոլեռանդ հաւատացեալներու կողմէ եւ ո՛չ չափաւոր կամ ամչկոտ, կամ դժուար հասանելի հանրապետականներով որոնք միայն անուամբ են հանրապետական: Այդ իրաւունքներով միայն պիտի կարենանք ուղղել այս նաւը եւ վերահաստատել այս երկիրը իր նախկին կարգավիճակին:

Ինձ նման  մարդիկ բոլորովին անպատեհ են ներկայ քաղաքական դաշտին մէջ եւ ես շատ հաւանաբար այլեւս բնաւ պիտի չկարենամ օրինապէս արտայայտուիլ կամ մտահոգուիլ վերոյիշեալ խմբակցութիւններու եւ միութիւններու դէմ որոնք մեր մշակոյթը, ժառանգութիւնն ու սովորութիւնները յանձնած են կորուստի առանց մէկ փամփուշտ կրակելու:

Ամերիկեան սահմանադրութիւնը փոխարինուած է «Սաուլ Ալինսքի»-ի  «արմատականներու օրէնք»-ով եւ Շիքակոյի խաբեբայ փաստաբան Տէյվիտ Էքսըլռոտի եւ միջազգային ընկերվարական Ճորճ Սօրօսի միատեղ գործակցութեամբ կը խաղցնեն ասր (պէժ) պաճուճապատուածը (puppet) մեզ տանելով «Աշխարհի Նոր Հրամայականի» երկրորդ արարին:

Թատերգութեան վարագոյրը իջած է արդէն եւ վնասազերծումը արդէն ուշ, իսկ պատմականը աւարտած:

Մեր յաջորդ սերունդը պիտի վտանգէ իր կեանքը, ունեցուածքն ու հաւատքը վերականգնելու համար այն հանրապետութիւնը որը  կամաց կամաց կոտրտեց այս երկչոտ սերունդը, «սպիտակի յանցանքին եւ քաղաքականօրէն ճշգրտութեան» պատրուակներով»:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ