Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գլխատուած Թռչո՞ւն

Բնութեան մէջ գոյութիւն ունի զարմանալի երեւոյթ մը։ Երբ հաւի գլուխը կտրեն, դեռ երկար ժամանակ,  առանց գլուխի, աջ ու ձախ կրնայ վազվզել։

Զարմանալի է, որ  բնութեան ոյժն այդքան զօրաւոր կրնայ ըլլալ։

Մարդոց մէջ ալ արատ մը գոյութիւն ունի: Երբ ծայրայեղ անառողջ վիճակը իբրեւ սովորական երեւոյթ ընդունուի՝ արատ մըն է ։ Երբ  դանդաղօրէն եւ պարբերաբար կը մասնատուի,  կ’ընդհատուի, կ’ոտնահարուի եւ կը խաթարուի հոգեբանական տարբեր երեւոյթներ, բացատրելով ու հաստատելով, որ այդ մէկը բնութեան ճիշդ երեւոյթն է, մարդիկ տուեալ իրավիճակին յարմարուելու  կը սկսին եւ զայն որպէս  բնական իրավիճակ կ’ընդունին։

Երբ որեւէ երկրի մէջ  քաղաքական, պատերազմական  իրավիճակները կտրուկ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին, մարդոց մէջ ցնցում կ’առաջանայ: Հոգեբանական ցնցում եւ հոգեբանական տարբեր զգացողութիւններ կ’առաջանան:  Երբ երկրի քաղաքական եւ անվտանգային երեւոյթները դանդաղօրէն կը փոխուին, կաթիլ առ կաթիլ, համոզելով, որ այդ վիճակը միակ եւ իրական ճիշդ տարբերակն է ,  եւ որ այդ վիճակը բնականոն ընթացք է եւ  ճիշդ այդպիսին պէտք է ըլլայ,  գլխատուած հաւի պէս կամայ թէ ակամայ աջ ու ձախ կը վազվզենք՝ կարծելով որ ողջ ենք ու կը շարունակենք ապրիլ՝ նախկին օրերուն պէս. այնինչ իրականութիւնը այդ չէ։

Ո՞ւր է հատման այն կէտը, ուրկէ պիտի գիտակցինք, որ գլխատուած թռչունի պէս կը շարունակենք կարծել, թէ  կ’ապրինք, բայց իրականութեան  մէջ բանականութեան վերջին նշոյլները կը կորսնցնենք։

Դարերով կախեալ ապրած ժողովուրդի համար անկախ հայրենիք ունենալը կենսական անհրաժեշտութիւն, առաջնահերթութիւն եւ գոյութեան երաշխիքն է։ Ճիշդ չէ  անփոյթ ու ի միջի այլոց  վերաբերուիլ անկախութեանը։ Ճիշդ չէ  կարծել, որ անկախութիւնը բան մըն է, որ մեր ուզած ատենը կրնանք խանութէն գնել, նուէր ստանալ, կամ՝ դրացիէն խնդրել: Անկախ պետութիւն ունենալու համար արեան գինով դարաւոր ճանապարհէ  անցած ենք։ Այդ անկախութիւնը անխելքութեամբ վատնելը երեւոյթ մըն է, որուն համարժէք բառը ոչ մէկ բառարանի մէջ կրնանք գտնել:  

Անկախ հայրենիքը մեր սրբութիւն սրբոցն ու մեր միակ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ