Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոտառութեան Կորուստի Պատճառը Քորոնա Ժահրի Ժամանակ

«Ճին»երու յատուկ համակցութիւնը կրնայ COVID-19-ի ժամանակ հոտառութեան կորուստի բարձր վտանգի պատճառ ըլլալ։

Nature Genetics գիտական ​​ամսագրին մէջ, ամերիկացի գիտնականները կապ մը գտած են UGT2A1 եւ UGT2A2 «Ճին»երու «լոքըս»ներու փոփոխութիւններու եւ քիթի հոտառութեան «էփիթիլիում»ի բջիջներու աշխուժութեան միջեւ, հաղորդած է «Իզվեսթիա»ն:

«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ բնակչութեան, Genotek-ի իւրաքանչիւր եօթներորդ յաճախորդը ունի UGT2A1 / UGT2A2 «Ճին»ի  տարբերակներ, որոնք կ՛աւելցնեն հոտառութիւնը կորսնցնելու հաւանականութիւնը»,- ըսած է Genotek բժշկական «ճենեթիք»ական կեդրոնի արտադրութեան գծով տնօրէն Ալեքսանտր Ռաքիթքոն:

Անոր խօսքով՝ «Ճին»երու այսպիսի համակցութիւն ունեցող մարդոց մօտ հոտերը ճանչնալու սովորութիւնը կորսնցնելու վտանգը կ՛աւելնայ 11 առ հարիւրով։

Մասնագէտներու կարծիքով՝ «անոսմիա»ն քորոնա ժահրի հաւանական ախտանշաններէն միայն մէկն է, որ ոչ բոլոր մարդոց մօտ կը դրսեւորուի։ COVID-19-էն բուժուած մարդոց մեծ մասի ընկալիչները կը վերականգնուին 2-4 շաբթուան ընթացքին։ Շատեր կը նկատեն այնպիսի ախտանշան, ինչպէս՝ «Փարոսմիա»ն, որ համերու եւ հոտերու խեղաթիւրուած ընկալումն է:

Afhil.com
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ