Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Նորարարութեան Արուեստանոցներու Մեկնարկով ՀԲԸՄ-ը Հայկական Երանգ Կը Հաղորդէ STEAM Կրթութեան

Ներկայիս, STEAM կրթութիւնը (գիտելիքներ որոնելու եղանակ, որ կ՚առաջնորդէ ուսանողներու ճանաչողութիւնը, երկխօսութիւնը եւ քննադատական մտածողութիւնը՝ օգտագործելով Գիտութիւն, Արհեստագիտութիւն, Ճարտարագիտութիւն, Արուեստներ եւ Ուսողութիւն –  Science, Technology, Engineering, the Arts եւ Mathematics) կը փոխէ ուսուցանելու ամբողջ պատկերը: ՀԲԸՄ-ը վերջերս իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ միացաւ այս շարժումին, որ կը կոչուի Նորարարութեան Արուեստանոցներ (Innovation Studios)։ Այս քայլը կը կոտրէ կաղապարուած մտածողութիւնը, հնարաւորութիւն տալով Միջնակարգ եւ Երկրորդական դպրոցական տարիքի հայ աշակերտութեան ո՛չ միայն ձեռք ձգելու վաղուան յաջողութեան խրթին թէ պարզ հմտութիւնները, այլեւ՝ միաժամանակ կապ հաստատելով իրենց հայկական ինքնութեան հետ, որպէս գործընթացի բաղկացուցիչ մաս։

Ձմեռ-Գարուն առաջին դասընթացքները պիտի սկսին Փետրուար 26-ին՝ տասշաբաթեայ աշխատանիստերով, շաբաթը մէկ՝ Շաբաթ օրերուն, ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կեդրոնին» մէջ, Փասատինա, Քալիֆորնիա։ Առաւօտեան եւ յետմիջօրէի դասընթացքները բաց են երիտասարդներուն դիմաց, ուսումնասիրելու համար բազմատեսակ նիւթերը։

ՀԲԸՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Կրթական ծրագիրներու ղեկավար Նարէ Աւագեանը Նորարարութեան Արուեստանոցի (Innovation Studios) տեսլականը նկարագրեց որպէս մշակութային իւրայատուկ փորձառութիւն, նորօրինակ միջոցներով ներգրաւելով հայ համայնքը։ «Մեր նպատակն է տրամադրել ստեղծագործական տարածք, ուր աշակերտները կարենան ազատօրէն ուսումնասիրել իրական աշխարհի թեմաներ եւ լուծել բարդ մարտահրաւէրներ՝ օգտագործելով ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութիւնը։ Կը յուսանք, որ զիրենք կը զինենք այնպիսի գործիքներով եւ կարողութիւններով, որոնք անհրաժեշտ պիտի դառնան իրենց կրթական եւ մասնագիտական ճանապարհին վրայ՝ միաժամանակ խորացնելով անոնց հայկական ինքնութիւնը»։

ՀԲԸՄ-ի Նորարարութեան Արուեստանոցներ ծրագիրը գործնական բաց աշխատանիստերով միջավայր է, որ կը գործէ կառուցուածքային, աւանդական դասարանի դասական ծրագիրին հակասող փոքր խումբերով, ուր իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ փայլիլ իր ինքնադրսեւորման ճամբուն վրայ։ Հնարաւորութիւնը ունենալով եռաչափ տպիչներու (3-D printers) եւ լազերային (laser) կտրիչներու, ամենավերջին ծրագիրները գծանկարչութեան (graphics), արուեստի, երաժշտութեան, լուսանկարչութեան, տեսանկարահանման, animation-ի, ռոպոթաշինութեան (robotics) եւ խաղեր պատրաստելու, ինչպէս նաեւ աւանդական արուեստներու եւ արհեստներու համար զանազան նիւթերու հարուստ ծրագրակազմի՝ մեր միտքն ու երեւակայութիւնը կը դարձնեն աւելի հնարամիտ եւ իւրօրինակ:

Մեսեչուսէց նահանգի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ գործող NuVu ստեղծագործական կրթութեան մասնագէտներու հետ խորհրդակցելով, Innovation Studios-ը համագործակցութիւն, քննադատական մտածողութիւն եւ կապեր կը յառաջացնէ տարբեր ծագում ունեցող հասակակիցներու միջեւ։ Իւրաքանչիւր աշխատանիստ կը ղեկավարուի մասնագէտի մը կողմէ, որ մասնագիտացած է STEAM-ի յատուկ ոլորտին մէջ եւ յատկապէս պատրաստուած որպէս վարիչ՝ ծառայելու փորձառական ուսուցման համար։ Իւրաքանչիւր STEAM-ի համար կան առանձնայատուկ հմտութիւններ։ Օրինակ, այս գալիք ձմեռնային դասընթացքներուն կ՚առաջարկուի երկու աշխատանիստ. առաջինը՝ Կենդանի Ճարտարապետութիւն (Living Architecture), որ մասնակիցներուն պիտի ներկայացնէ յղացական ձեւաւորում (conceptual design), կայուն համակարգեր (sustainable systems), ճարտարապետական ձեւաւորում (architectural design), նախագծում (sketching), scale model building եւ պարզ մեքենականութիւններ (simple mechanisms), եւ երկրորդը՝ Ինքնադրսեւորում (Self-Illumination), որ կը ներկայացնէ արտադրանքի ձեւաւորում, գաղափարներու գրաւոր շարադրում, նախագծում (sketching), լազերային կտրում, 3-D տպագրութիւն, քոտաւորում եւ ելեկտրոնային սարքեր՝ որոնք հարուստ գործիքակազմ են լուսաւոր միջավայրի մէջ ինքնարտայայտուելու համար։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լենա Սարգիսեան, որ կը վերահսկէ կազմակերպութեան Կրթական Բաժանմունքը, կը յայտնէ, թէ մեծ հետաքրքրութիւն եւ ոգեւորութիւն ցոյց տրուած է ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան շրջանի ծնողներու եւ պատանիներու հետ հանդիպումներու ընթացքին։

«Որպէս ծնող, այս օրերուն դուք անընդհատ կը բախուիք հետեւեալ բառերուն հետ. ստեղծարարութիւն, քննադատական մտածողութիւն եւ համագործակցութիւն։ Նաեւ, արտադպրոցական շուկան յագեցած է բազմապիսի ընտրանքներով, ինչպէս օրինակ համակարգչային դասարաններ, ռոպոթաշինութիւն, STEM եւ շատ աւելին։ ՀԲԸՄ-ի  Innovation Studios-ը կ՚ընդելուզէ վերը նշուածները, ոչ միայն հմտութիւնները զարգացնելու, այլ նաեւ՝ նոր մտածելակերպ զարգացնելու համար։ Խօսքը մեր երիտասարդներուն ուժ տալու, իրաւասութիւն տալու մասին է, որպէսզի պատրաստ գտնուին ընդունելու ցանկացած մարտահրաւէր։ ՀԲԸՄ-ի Innovation Studios-ը կը կարեւորէ արհեստագիտական հմտութիւններու զարգացումը եւ համատեղելով ստեղծագործական եւ ձեռնարկատիրական կարողութիւններու հետ, այս բոլորը կը դրոշմէ հայկականութեամբ»։

Աւագեանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Նորարարարութեան տիպային աշխատանոցներու գործունէութեան ներկայ միտումները: Նախ, արուեստանոցի վարիչին ղեկավարութեամբ իւրաքանչիւր դասընթացքի մասնակից խումբ կը ծանօթանայ իր տրամադրութեան տակ գտնուող թուային ծրագիրին եւ նիւթերուն։ Ծանօթանալով այս տարբերակներու պաշտօնին եւ կիրառութիւններուն, անոնք պիտի համաձայնին, թէ հայկական ինչպիսի՞ նախագիծ կամ արտադրանք մշակեն՝ որպէս խումբ։ Թեման կրնայ գալ հայկական ճարտարապետութենէն,  հայոց լեզուէն, հին արուեստներէ, պատմական դէմքերէ կամ դէպքերէ, պատգամէ կամ պատմուածքէ, որոնք կը փափաքին կիսել աշխարհի հետ տարբեր միտիայի պատմութիւններու միջոցներով, ինչպէս օրինակ՝ պար, արուեստներ, շարժանկար եւ գրաւոր խօսք։ Վերջնական արդիւնքը պիտի ներկայացուի հանրութեան, որմէ ետք մասնակիցները կրնան արձանագրուիլ յաջորդ աշխատանիստին։ Ամառնային դասընթացքին համար Innovation Studios-ը բաց է Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրական մինչեւ 6 ժամ, ամէն երկու շաբաթը մէկ նոր աշխատանիստով։

Աւագեանի համաձայն, ամենատարբեր մասնակիցներու ներկայութիւնը ցոյց պիտի տայ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին լայն ժողովրդագրութիւնը. Հայաստանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն նոր ժամանածներ պիտի աշխատին հինգերորդ սերունդի ամերիկահայ ուսանողներու կողքին։ Ան նաեւ նշեց, թէ Innovation Studios մոտելը կարելի է կիրառել հայկական բոլոր համայնքներէն ներս։

«Որպէս հեռանկարային քայլ, կ՚ակնկալենք, որ մեր մասնակիցները հետագային կապ հաստատեն Հայաստանի եւ աշխարհի այլ կողմերը ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ, կատարելով ստեղծագործական, համագործակցային աշխատանք։ Մենք կ՚ուզենք, որ անոնք խոր մտածեն։ Կը ցանկանք, որ դառնան հայ երիտասարդ նորարարներու, ստեղծագործներու յաջորդ սերունդը, ո՛չ միայն մեր հայ համայնքին մէջ, այլեւ՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ»։

ՀԲԸՄ-ի Innovation Studios-ի Ձմեռ-Գարուն դասընթացքներուն արձանագրութիւնը կ՚աւարտի 20 Փետրուար 2022-ին։ Աւելին իմանալու եւ արձանագրուելու համար այցելեցէք՝ agbuinnovationstudios.org

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ