Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Քոյր Լուիզա Գասարճեան Նշանակուեցաւ Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանին Մեծաւորուհին

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ,  որ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան անդամ քոյր Լուիզա Գասարճեանը նշանակուած է մեծաւորուհի` Յունուար 17-էն ստանձնելով վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատուութիւնը: 

Քոյր Լուիզան պիտի վերահսկէ վարժարանին կրթական եւ ֆինանսական գործառնութիւնները, ինչպէս նաեւ դպրոցին Խորհրդատուական խորհուրդին, Ակադեմական վարչակազմին, ինչպէս նաեւ Ծնողներու օժանդակ յանձնախումբին գործունէութիւնը: 

Քոյր Լուիզան ունի դպրոցի կառավարման ոլորտին մէջ հարուստ փորձառութիւն: Ան քառասուն տարի ծառայած է Ֆիլատելֆիոյ մեր դպրոցին` որպէս խորհուրդի գանձապահ, տնօրէնի օգնական եւ տնօրէն՝ 24 տարի: Ոպէս տնօրէն պաշտօնավարման ընթացքին, քոյր Լուիզան դպրոցին շէնքը հարստացուցած է գեղեցիկ գրադարանով, մեծ բազմագործօն սենեակ/թատրոնով, գիտական փորձարկումներու յատուկ դասարանով, համակարգիչի դասրանով, երաժշտութեան համար նախատեսուած սենեակով եւ մարզասրահով: Ան նաեւ աշխատած է Սուրիոյ մէջ, Հալէպի «Զուարթնոց» երկրորդական վարժարանին մէջ մեծ նուիրումով եւ գերազանցութեամբ: 

Քոյր Լուիզա Գասարճեանը պսակաւոր արուեստից (BS) վկայական ունի կրթութեան (Education) բնագաւառին մէջ եւ ուսումնական կառավարման (Educational Administration) բնագաւառին մէջ՝ մագիստրոսի վկայական, ինչպէս նաեւ մասնագիտացած է Montessori րթական մեթոտաբանութեան մէջ: Ան նաեւ ունի զանազան վկայականներ կրթական ոլորտին հետ առնչուած: Քոյր Լուիզան ծառայած է Միաբանութեան խորհուրդին մէջ երկու շրջան` իւրաքանչիւրը 6 տարի: 

Վստահ ենք, որ 175-ամեայ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հովանիին տակ գործող՝ 37-ամեայ Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանը, քոյր Լուիզա Գասարճեանի մեծաւորութեամբ, տնօրէն Դոկտ. Խուլիօ Թէյէզին եւ փոխտնօրնէուհի տիկին Ռիթա Պոյաճեանին ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ վարժարանիս ուսուցչական կազմին եւ զանազան խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն համագործակցութեամբ,  նոր թափով պիտի շարունակէ իր երթը դէպի ապագայ եւ յաջողութեամբ պսակուող ուսումնական նոր տարեշրջաններ:  

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ