ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Ինչ որ ցանես, այդ կը հնձես»
(Ասացուածք)
Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022-ին Կլենտէյլի Ֆինիսիա ճաշարանի մայր սրահին մէջ, Լոս Անճելըսի հայութիւնը փառաշուք ձեռնարկով մը եւ ընտրանի հրաւիրեալներու յորդահոս բազմութեան մը ներկայութեամբ, իր սէրը, յարգանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին, Լոս Անճելըսի մէջ առաջին Գլխաւոր Հիւպատոսը հանդիսացող, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ վսեմաշուք Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի Լոս Անճելըսի մէջ երկրորդ ծառայութեան շրջանը աւարտած ըլլալուն առիթով։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գաղութիս մէջ գործող Համահայկական Խորհուրդի (Pan Armenian Counsel)-ի կողմէ։
Ի պատիւ այդ մարմնին, միայն քանի մը օրուայ աշխատանքով կարելի եղաւ նման անմոռանալի ձեռնարկ մը կազմակերպել արժանի անձնաւորութեան մը համար, յանձինս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին։
Ձեռնարկը իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէին գաղութիս բոլոր հոգեւոր Առաջնորդները եւ Արցախի նախկին առաջնորդը, ինչպէս նաեւ հասարակական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութեան ղեկավարները։
Նմանապէս Գալիֆորնիոյ նահանգի երկու Ծերակուտական Kevin De Leon եւ Maria Elena Durazo-ի ներկայացուցիչը։ Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի Խորհուրդի ժողովի օր ըլլալուն համար, անոր կողմէ գնահատագիր մը ղրկուած էր մեծարեալին, նմանապէս այդ օր անձամբ ներկայ էր եւ հռչակագիր մը յանձնեց Պրն. Բայբուրդեանին, Կլենտէյլի Ոստիկանապետ Carl Povilaitis։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ազգային հասարակական բեղուն գործիչ, մեծանուն փաստաբան՝ Կարօ Ղազարեան, որ բարի գալուստի եւ ողջոյնի ջերմ ելոյթէն ետք, տուաւ մեծարեալին հարուստ եւ հիանալի կենսագրութիւնը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ մեր գլխաւոր հիւպատոսը ունի երկու դոկտորական կոչում։ ՄԱԿ-էն ներս երկար տարիներու ծառայութեան փորձ։ Դասախօս եղած է ամերիկեան եւ Հայաստանի համալսարաններէն ներս։
Ապա հանդիսավարը ջերմ խօսքով հրաւիրեց այդ օրուայ ձեռնարկը կազմակերպող մարմնի ատենապետուհի, ծանօթ ազգային գործիչ՝ Տիկ. Լենա Պօզոյեան իր եւ իր յանձնախումբի անունով յաւուր պատշաճի խօսքը ըսելու համար։
Հանդիսավարը յաջորդաբար հրաւիրեց Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը, Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը, Գերյարգելի Տ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանը եւ Գերշ. Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Կլենտէյլի ոստիկանապետը խօսք առնելու համար։
Բոլոր խօսողները իրենց սքանչելի ելոյթներով վեր առին Դոկտ. Բայբուրդեանի պետական գործիչի արժանիքները, մարդկային նկարագիրի գնահատելի գիծերը, աշխատասիրութիւնը Լոս Անճելըսի բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութեանց հետ սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւններու մշակումը։
Պրն. Բայբուրդեան ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլ Գալիֆորնիոյ եւ ԱՄՆ պետական բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունէր, մեծապէս նպաստելով հայ ամերիկեան կապերուն։
Արդարեւ Պրն. Բայբուրդեանի հայութեան երեք ու կէս տարիներու ծառայութեան ընթացքին, Հայաստանի Հիւպատոսարանի բաժնի խորագոյն իմաստով «տունն էր հայուն» հոն արուեստագէտները գործատէր մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն Հայաստանի մէջ ներդրում ընել, գրողներ եւ մտաւորականներ մեր գլխաւոր հիւպատոսարանի մէջ կը տեսնէին իրենց բարեկամը եւ խորհրդատուն։ Իսկ Պրն. Բայբուրդեան գաղութի ծանօթ հասարակական գործիչներու ուրախ կամ՝ տխուր առիթներուն միշտ ալ իրենց մօտ եղած է շնորհաւորական կամ մխիթարական իր խօսքերով խրախուսած է կամ ուժ տուած է անոնց։
Բոլոր խօսողները վկայեցին եւ հաստատեցին «թէ այո Բայբուրդեանի մօտ աննկարագրելիօրէն ամուր է եւ վարակիչ իր սէրը հայրենիքի եւ իր ազգին հանդէպ, իսկ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յայտարարեց, թէ մօտիկ օրերուն Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ խաչքար մը պիտի զետեղուի Պրն. Բայբուրդեանի անունով, ներկաները երկարատեւ եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով ընդունեցին այդ յայտարարութիւնը։
Վերջաւորութեան խօսք տրուեցաւ նոյն ինքն մեծարեալ Պրն. Բայբուրդեանին, որ շատ յուզուած էր, այդ պահուն որ իր ընտանիքին անունով իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր խօսք առնողներուն իրենց սիրոյ եւ գնահատանքի խօսքերուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց իր տիկնոջ եւ զաւակներուն, որոնք դիւանագէտ մշտատեւ տեղափոխութիւններու հաճոյքով տարին այդ բոլորը։ Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ամերիկահայ Խորհուրդի անդամներուն, որոնք այս ձեռնարկը այսպիսի տօնական շուքով կազմակերպեցին։
Ձեռնարկը աւարտելէ առաջ կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ յատուկ յուշանուէրներ յանձնեցին Տիկին եւ Հիւպատոս Բայբուրդեանին։
Բոլոր ներկաներուն միաբերան Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ այս ձեռնարկին պաշտօնական մասը, հակառակ անոր որ յաջորդ օր գործի օր էր, բայց ներկաները երկար ժամանակ մնացին զրուցելու, նկարուելու եւ վայելելու Պրն. Բայբուրդեանին եւ ընտանիքի ներկայութիւնը։
Պրն. Բայբուրդեան ամբողջ կեանքին մէջ միշտ ալ սէր ցանած է, յարգանք եւ մարդկութիւն ցանած է, իսկ այդ գիշէր ինչպէս որ կ՚ըսեն «Ինչ որ ցանես, այդ կը հնձես» Պրն. Բայբուրդեան քաղեց իր ցանած հունձքը տասնապատիկով, արժանանալով ներկաներուն անսահման սիրոյ եւ գնահատանքի խօսքերը արդարօրէն վայելելով։
Պատիւն արժանաւորաց, նորանոր յաջողութիւններ մեր սիրելի Գլխաւոր Հիւպատոսին, յօգուտ եւ ի փառս մեր յաւիտենական հայրենիքին եւ ազգին։