Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեան Բարձր Ճնշումէ Տառապող Մարդիկ Պէտք Չէ Ձիթապտուղ Ուտեն

Ձիթապտուղը կրնայ բարձրացնել զարկերակային ճնշումը, ինչ որ կրնայ յատկապէս վտանգաւոր ըլլալ արեան բարձր ճնշում (հայփըրթէնշն) ունեցող մարդոց համար։

Մայօ «քլինիք»ի մասնագէտները յայտնած են, որ բարձր զարկերակային ճնշումը շատ ընդհանրացած խնդիր է, որով կը տառապի բրիտանացիներու մօտաւորապէս մէկ երրորդը: Այնուամենայնիւ, շատերը կրնան նոյնիսկ չգիտնալ ատոր մասին, որովհետեւ «հայփըրթէնշն»ը յաճախ կը բնորոշուի ախտանշաններու բացակայութեամբ:

Ձիթապտուղը կը պարունակէ վիթամին E եւ «հակաօքսիտանթ»ներ, որոնք օգտակար են առողջութեան համար: Սակայն ատոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ մեծ քանակութեամբ աղ, որ կը նպաստէ օրկանիզմին մէջ ջուրի պահպանման եւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը։ Խանութէն գնուած ձիթապտուղները կը պարունակեն մօտաւորապէս 4 կրամ աղ 100 կրամի մէջ։

Մեծ քանակութեամբ աղ ուտելը բնականաբար կը յանգեցնէ անոր, որ աւելորդ ջուրը կը պահուի օրկանիզմին մէջ եւ յաւելեալ ճնշում կը գործադրէ արիւնատար անօթներու վրայ բարձրացնելով արեան ճնշումը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ