Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Վարդանանց Զօրավարաց Յիշատակի Հանդիսութիւն

Հայ Քոյրերու Վարժարան

Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ին, Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները նշեցին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց իրենց կեանքը զոհած՝ Վարդանանց զօրավարաց տօնը: 

Օրը սկիզբ առաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագով, որ մատուցեց գերապատիւ Հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ այսօր մենք Աստուածաշունչը կրնանք կարդալ քանի որ մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք Վարդանի նման քաջարի մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն քրիստոնէութեան եւ հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ այսօր կ’աղօթէ աշակերտներուն համար, որպէսզի չըլլայ թէ անոնք մոռնան հայութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը: «Եթէ մենք շնորհակալութիւն պիտի յայտնենք Վարդանին, ուրեմն մենք պէտք է փաստենք, որ մենք հայ քրիստոնեայ ենք, կը խօսինք հայերէն, հայ դպրոց ու եկեղեցի կը յաճախենք», ըսաւ գերապատիւ վարդապետը:

Գեղարուեստական յայտագրով, Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յայտագրի բացումը կատարեցին 8-րդ կարգի աշակերտները՝ powerpoint-ով ներկայացնելով Աւարայրի ճակատամարտի ժամանակագրական պատմականը: Ապա վեցերորդ կարգի աշակերտները ասմունքեցին «Հայրն ու Որդին»ը, իսկ եօթներորդ կարգի աշակերտները՝ «Տիկնայք Փափկասուն»ը:

Այնուհետեւ մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան» երգը, որուն յաջորդեց Առաջին դասարանի աշակերտներուն «Քաջն Վարդան» խորագրեալ ասմունքը: «Հպարտ Հայորդի» արտասանութիւնը ներկայացուցին երկրորդ կարգի աշակերտները, իսկ առաջին եւ երկրորդ դասարաններու աշակերտները միասնաբար կատարեցին «Կարմիր Վարդան»ի երգեցողութիւնը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան: Ան ըսաւ, որ ամէն տարի Փետրուար ամսուն, աշխարհի տարածքին գտնուող հայերը կը նշեն Վարդանանց զօրավարաց տօնը: «Կը նշենք տօնը այն ճակատամարտին, որուն ընթացքին պարտուած ենք, սակայն յաղթած կը համարուինք, որովհետեւ հակառակ անոր որ պարսիկները փորձեցին մեզ հեռացնել մեր ինքնութենէն, մենք առ այսօր կը մնանք հայ եւ քրիստոնեայ, ուրեմն Յազկերտ թագաւորին գործը ձախողութեան մատնուած է»: Տիկ. Պոյաճեան նշեց, որ այսօր հայ աշակերտը երբ հայկական վարժարան կը յաճախէ, այդ յաղթանակ մըն է, եւ օտար հողի վրայ ըլլալով մենք տակաւին ճակատամարտ կը մղենք, որպէսզի հայ մնանք, քրիստոնեայ մնանք: «Մեր շուրջը այսօր սուրերով ու փիղերով զինուած պարսիկներ չկան, բայց կան ժպտուն դէմքով մարդիկ եւ հրապուրիչ երեւոյթներ, որոնք կրնան մեզ հեռացնել հայութենէն, մեր լեզուէն ու մշակոյթէն: Այս է մերօրեայ ճակատամարտը, եւ եթէ դուք իսկապէս քաջն Վարդան Մամիկոնեանի թոռներն էք, ուրեմն դուք լաւ պէտք է ճանչնաք մեր հայոց պատմութիւնը ու խօսիք հայերէն», պատգամեց վարժարանի փոխտնօրէնուհին: Իր խօսքի աւարտին, Տիկ. Պոյաճեան յիշեցուց, որ Աւարայրի ճակատամարտով չյաջողուածը տարիներ ետք փորձեցին իրագործել ցեղասպանութեան ճամբով, յետոյ նաեւ Արցախի մէջ, բայց քանի մենք դեռ կառչած կը մնանք մեր ազգային արժէքներուն, անոնք միշտ ալ պիտի չյաջողին:

Դպրոցին պարախումբը հանդէս եկաւ «Տքել է» երգին պարով, որուն յաջորդեց Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ի ներկայացումը հինգերորդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ:  Չորրորդ եւ երրորդ կարգի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան» եւ «Հայաստան» ասմունքները: Ապա նաեւ Վարդանաշունչ երգեր, եւ գեղարուեստական յայտագիրը աւարտին հասաւ «Եարխուշտա» եւ «Քոչարի» պարի կատարումներով:

 Վարժարանիս նորանշանակ մեծաւորուհի Քոյր Լուիզա Գասարճեան իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ աշակերտները խանդավառութեամբ ներկայացուցին սոյն հանդիսութիւնը: «Վասն կրօնի եւ հայրենեաց բնաբանով ճակատամարտ մղած Վարդան Մամիկոնեանը եւ իր ընկերները նահատակուեցան մեզ՝ ապագայ սերունդները փրկելու համար, եւ իրենց նահատակութիւնը ի զուր չգնաց քանի որ հայը մինչեւ այսօր ներկայ է իր հաւատքով, իր եկեղեցիով եւ դպրոցով, եւ փաստը այսօր մեր ներկայութիւնն է այստեղ», ըսաւ մեծաւորուհի Քոյրը:

 Աւարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Հայր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան մէջբերեց բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը խօսքերը, որ Վարդան Մամիկոնեանի մասին գրելով՝ կ’ըսէ. «Դարերը կ’անցնին, բայց Վարդանը քաջ, բայց Վարդանը սուրբ, կ’երթայ միշտ յառաջ»: Ան ըսաւ, որ աշակերտները գեղեցիկ արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով արտայայտեցին Թէքէեանի այս խօսքերը, քանի որ Մամիկոնեանը չմնաց 451 թուականին մէջ, այլ դարեր շարունակ ամէն մէկ հայու սրտին մէջ կ’ապրի Մամիկոնեանը: Գերապայծառ հայրը շնորհաւորեց դպրոցին տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը պատրաստած յայտագրին համար, այնուհետեւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ