Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Covid-19-Ը Կրնայ Ուղեղի Փոքրացում Յառաջացնել

COVID-19-ը կրնայ յանգեցնել ուղեղի գորշ նիւթի ծաւալներու փոքրացման։ Այս մասին գրուած է Nature ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մը մէջ։

Քորոնաժահրային վարակը յաճախ կը յառաջացնէ համի եւ հոտի խախտումներ։ Բրիտանացի մասնագէտները ապացուցած են, որ այդ կրնայ յանգեցնել ուղեղի գորշ նիւթի ծաւալներու փոփոխութեան՝ հոտառութեան հետ կապուած մասերուն մէջ, նշած է Medportal.ru-ն:

Ուղեղի նախորդ հետազօտութիւնները՝ «մագնիսառեզոնանսային թոմոկրաֆի»ի magnetic resonance imaging), համակարգչային թոմոկրաֆիի (computed tomography) եւ «փոզիթրոնա-էմիսիոն թոմոկրաֆի»ի (positron emission tomography) օգնութեամբ, նոյնպէս վկայած են COVID-19-ով հիւանդներու ուղեղային անբնականոնութեան մասին։ Բայց ներկայ հետազօտութիւնը առաջին երկարատարած հետազօտութիւնն է երկակի «վիժուալացում»ով (dual visualization), ուր բաղդատուած են ուղեղի պատկերները COVID-19-էն առաջ եւ ետք։

Հետազօտողները գնահատած են Մեծն Բրիտանիոյ 51-81 տարեկան 587 բնակիչի ուղեղները, որոնք երեք տարուան մէջ երկու անգամ «թոմոկրաֆի» կատարած են UK Biobank ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ։ Երկու «սքէնինկ»ներու միջեւ 401 մասնակիցի մօտ ախտորոշուած է COVID-19։ Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդներու ուղեղի «սքէնինկ»ը բաղդատած են հսկիչ խումբի արդիւնքներուն հետ։

Այդ բոլոր պատկերներու համեմատութիւնը ցոյց տուած է COVID-19-ի բացասական ազդեցութիւնը ուղեղին վրայ. հետեւողականօրէն փոփուած են ուղեղի կեղեւի հաստութիւնը եւ միջին «տիֆիւժըն» (diffusion) կարողութիւնը։

Գիտնականներու խօսքով՝ փոփոխութիւնները առաջին կարգին նկատուած են «լիմպիք» եւ հոտառական համակարգերուն մէջ։ Ատոնք կրնան կապուած ըլլալ ուղեղի հոտառական բջիջներուն մէջ վարակի տարածման հետ։

Գիտնականներու խօսքով՝ առայժմ դժուար է ըսել՝ արդեօք ուղեղի փոփոխութիւնները կը վերականգնուի՞ն, թէ՝ մնայուն կը դառնան։ Այս պարզելու համար նոր հետազօտութիւններ կը պահանջուին։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ