Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գինեձօն

«Վահան Թէքէեանի Հատընտիր Քերթուածներ»

 Գիրքին

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներէն երկրորդը՝ «Վահան Թէքէեանի Հատընտիր Քերթուածներ» գիրքին գինեձօնը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի Սրահին մէջ։

Սոյն ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպուած էր ՝ ԹՄ Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին եւ Ֆրէզնոյի Նահանգային Համալսարանի Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։

Վերոյիշեալ գիրքին անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած են Ժիրայր Փափազեան եւ Ժան Փափազեան, իսկ խմբագրութիւնը՝ Երուանդ Ազատեան եւ Ժիրայր Փափազեան։

Հանդիսավար Միհրան Թոիմաճան

ԹՄ Միութեան հիմնադիր մարմնի անդամներէն երկուքին զաւակները՝ Անի Ուզունեան (Հայկաշէնի աղջիկը) եւ Պարէտ Կոստանեան (Զաւէնի տղան), նաեւ Սարգիս Մենակի քրոջ տղաները՝ Տօքթ. Զաւէն Եւ Հայկ Արսլանեաններ կը մասնակցէին այս հանդիսութեան եւ ներկայացուեցան հանդիսավարին կողմէ։ Ներկայ էր  նաեւ Հայաստանի պասքէթպոլի խումբի մարզիչ Զորիկ Իսաճէյն։

Հանդիսավար Միհրան Թումաճան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ յետոյ ներկայացուց պատուոյ հիւրերը։ Ապա ան ընթացք տուաւ օրուան պատշաճ յայտագրին։

Օրուան բանախօսն էր Ֆրէզնոյի Նահանգային Համալսարանի Հայկական Ամպիոնի Վարիչ Փրոֆեսոր Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը։ Ան իր ազգանուէր բազմավաստակ ծառայութեանց համար ստացած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի մետալը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի կողմէ։

Փրօֆէսօր Պարլօ Տէր Մկրտիչեան

Փրոֆեսորը Թէքէեանը ներկայացուց որպէս դպրոցի Տնօրէն, խմբագիր, քաղաքական գործիչ եւ անշուշտ հեղինակ։ Ան ապա սահիկներու օժանդակութեամբ ներկայացուց Վահան Թէքէեանի՝ անգլերէնի թարգմանուած քերթուածներու հատընտիրը։ 23 քերթուածներէն ակներեւ էին Հոգերը (1901), Հրաշալի Յարութիւնն (1914) ու Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյսը (1919)։

Հոգերը՝ դիտել տուաւ Յարգելի բանախօսը, ինքնափնտռտուք ( in Search of Himself) մըն է, իսկ Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյսը՝ շարունակեց ան, ներքին արտայայտութիւն ( Inner Expression) մըն է։ Ի միջի այլոց յիշեմ որ այս հատորը 14-րդ հրատարակութիւնն է Ֆրէզնոյի Նահանգային Համալսարանի Հայագիտական Բաժանմունքին։

Սրտի խօսքերով Հանդէս եկան Տաճատ Ծայրագոյն Վարդապետ Եարտըմեան, Երուանդ Ազատեան եւ Արտաշէս Քացախեան։

Հայր Տաճատ մէջբերում մը կատարեց Թէքէեանէն,

          «Կեանքի նաւակը յետ չթողուց իր ետին,

          Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան։»

Ան ապա ըսաւ որ Թէքէեանի այս ինքնաքննադատութիւնը շատ սխալ է՝ որովհետեւ տակաւին բոլորս ալ կը յիշենք զինք։ Յետոյ Հայր Սուրբը Թէքէեան բանաստեղծը նկարագրեց որպէս շարունակութիւնը՝ Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի։

ԹՄ Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Երուանդ Ազատեան դիտել տուաւ որ Թէքէեանը իր կեանքի ընթացքին չվայելեց այն յարգանքը որ այսօր իր մահէն ետք կը վայելէ ան։

Ազատեան Թէքէեանը բնութագրեց որպէս համազգային բանաստեղծ եւ նշեց որ այսօր Թէքէեան նոյնիսկ թափանցած է հայրենի գրականութեան մէջ եւ մեր հայրենի արիւնակիցները խոր յուզումով կ՛արտասանեն Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները։

Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտաշէս Քացախեան` որուն մեծ հայրը Երուսաղեմի մէջ եղած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան անդամ եւ մօտիկ բարեկամը Վահան Թէքէեանի, Շնորհաւորեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակը։

Քացախեան նշեց թէ ինք անգլերէնով կարդացած է Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները եւ անոնցմէ միայն կը յիշէ «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ը։ Ան դիտել տուաւ նաեւ որ իր ծնողքը Պոսթոնի մէջ եղած է ԹՄ Միութեան գործունեայ անդամներէն։

Խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փասատինայի Յովսէփեան դպրոցէն Ալին Պարտագեան որ արտասանեց Թէքէեանի «Փափաք»ը, Մեսրոպեան Դպրոցէն Ալիք Արթինեան որ արտասանեց Թէքէեանի «Փոշի Ազգ»ը եւ Խաչիկ Նահապետեան որ ապրումով ասմունքեց Թէքէեանի «Եկեցեղին Հայկական»ը։

Հետաքրքրական էր Ալեքսիս Հալըճեանի անգլերէնով ընթերցումը հանգուցեալ Նորա Ազատեանի «Վահան Թէքէեանը, Ինչպէս որ կը Յիշեմ Զինք» գրութիւնը։ Նորա Ազատեան մօտէն ճանչցած է Վահան Թէքէեանը, երբ ան յաճախ այցելութեան կ՛երթար իր մօրենական մեծ հօր՝ Միհրան Տամատեանի մօտ։

Հանդիսութեան պաշտօնական մասի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնը եւ ապա հանդիսատեսները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան։ Վարձքը կատար թէ կազմակերպողներուն եւ թէ ալ հանդիսութեան յայտագրի բոլոր մասնակցողներուն։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ