Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մատներու Թմրութեան Հիմնական Պատճառը

Մատներու թմրելու յաճախակի պատճառը, այսպէս կոչուած, «թիւնելային» ախտանշաններն են։ Այս մասին տեղեկացուցած են նեարդաբաններ Եուրի Անտրուսով եւ Փավել Խորոշեւ:

«Եթէ մենք կը խօսինք ձեռքերու մատներու մշտական կամ երբեմն թմրելու մասին, ապա պատճառը ձեռքերու նեարդերու որոշ ախտահարումներն են։ Հիմնական պատճառը, այսպէս կոչուած, «թիւնելային» ախտանշաններն են։ Նման պարագայի այս կամ այն նեարդը կը սկսի սեղմուիլ աւելի խոցելի տեղերու մէջ»,- ըսած է Անտրուսով։

Անոր խօսքով՝ յաճախ նեարդը կը սեղմուի դաստակի՝ ձեռնաթաթի ծալուելու բաժինին մէջ։ Այդ պատճառով կրնան թմրիլ միջնամատը, ցուցամատը եւ մատնեմատը։ Այս խնիդրին պատճառներէն մէկն է նաեւ արմուկի նեարդի սեղմումը արմկայօդի բաժինին մէջ։

Խորոշեւ, իր կարգին, նշած է, որ մատները կրնան թմրիլ ալքոլի օգտագործման կամ նոյնիսկ սխալ սնանելու պատճառով։ Մասնաւորապէս, նման բան կը պատահի, եթէ մարդու ուտելիքներու չաբաբաժինին մէջ քիչ են B խումբի վիթամիններ պարունակող ուտելիքները։

 Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ