Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Երիտասարդ Տարիքին Ալքոլի Շատ Օգտագործումը Կ՛Աւելցնէ Քաղցկեղի Յառաջացման Վտանգը

Ալքոլի օգտագործումը կանուխ տարիքին կ՛աւելցնէ քաղցկեղի յառաջացման վտանգը ապագային: Նման եզրակացութեան յանգած են Մելպուռնի համալսարանի մասնագէտները նոր հետազօտութեան մը ընթացքին։

Մասնագէտները վերլուծած են քաղցկեղի հեռանկարային հետազօտութեան տուեալները, որուն մասնակցած են 22756 կին եւ15701 տղամարդ 1990-1994 թուականներուն, գրած է Medportal.ru-ն:

Կամաւորները բաժնած են քանի մը խումբերու՝ կախեալ տարբեր տարիքի ալքոլի օգտագործման մակարդակէն։ Ծանր գինովութիւն նկատուած է 6 «սթենտըրտ» կամ աւելի չափաբաժին օգտագործելը։ Հետազօտութեան ընթացքին չարորակ նորագոյացութիւններ ախտորոշուած են 2303 մասնակիցի մօտ: Աւելի յաճախ կիներու մօտ յայտնաբերուած է կրծքագեղձի քաղցկեղ (64 առ հարիւր), տղամարդոց մօտ՝ «քոլոռեկթըլ» քաղցկեղ (31 առ հարիւր)։

Յայտնուած է, որ ալքոլի օգտագործումը կապուած է, բոլոր խումբերուն մէջ, քաղցկեղի յառաջացման վտանգին հետ  բաղդատելով անոնց հետ, որոնք բնաւ ալքոլ չեն օգտագործած: Այնուամենայնիւ, ամէնէն զօրաւոր կապը յայտնաբերուած է տղամարդոց եւ կիներու մօտ, որոնք 20 տարեկանին շատ խմած են եւ աստիճանաբար նուազեցուցած են օգտագործուող ալքոլի քանակը։

 Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ